Նախագահական նստավայրը մօտ շաբաթէ մը ի վեր դատարկ է, ու նախագահական ընտրութիւն կատարելու ճիգերը կը շարունակուին քուլիսներու ետին զանազան մակարդակներով: Գաղտնիք չէ, թէ Լիբանանի քաղաքական կեանքի նոր փուլ նախատեսող նախագահական ընտրութեան «թնճուկին» լուծումը կախեալ է լիբանանեանի կողքին նաեւ` արտաքին պայմաններէ եւ ազդակներէ: Այս իմաստով շրջանային թէ միջազգային «առնչակից» կողմեր կը վերահաստատեն իրենց պատրաստակամութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան զօրակցութեան եւ ամրապնդման առնչութեամբ: Սակայն կը թուի, թէ շրջանային (իսրայէլեան…) ընտրութիւններու կողքին տեղական թէ արտաքին կողմեր կը սպասեն նաեւ ամերիկեան ծերակուտական ընտրութեանց արդիւնքներուն, որոնք կրնան նախապատկեր մը պարզել Լիբանանի նկատմամբ ամերիկեան յառաջիկայ քաղաքականութեան վարքագիծին գծով: Արդ, կը նախատեսուի, որ գէթ մինչեւ տարեվերջ կարելի չէ նոր նախագահի մը ընտրութիւնը «շնորհաւորել»: Մինչ այդ, սակայն, լիբանանեան զանազան կողմեր, յատկապէս` խորհրդարանական պլոքներ կը փորձեն «ներքին համախոհութիւն» գոյացնել բոլորին կողմէ «ընդունելի» նախագահական թեկնածուի մը անուան շուրջ: Խորքին մէջ իւրաքանչիւր կողմ տուեալ թեկնածուն «կ՛արժեւորէ» զայն իր ոսպնեակէն դիտելով: Այս գծով ուշագրաւ էր նախանցեալ երեկոյ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի այցելութիւնը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Այս առիթով Պըրրի վերահաստատեց իր ամբողջական յանձնառութիւնը` կիրարկելու սահմանադրական տրամադրութիւնները, ընդգծելով, որ ինք ամէն շաբաթ խորհրդարանի նիստի պիտի հրաւիրէ նախագահական ընտրութեան համար: Ժոմպլաթ իր կարգին վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը երեսփոխան Միշել Մուաուատի թեկնածութեան: Նմանապէս երկրի հոգեւոր պետեր շեշտեցին նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնը: Այս իմաստով մարոնիներու Ռայի պատրիարքը նորընտիր երեսփոխաններուն դիմեց թախանձագին ոճով` հարց տալով, թէ «ի՞նչ իմաստ ունի ժողովուրդի ներկայացուցիչ ըլլալու ձեր հանգամանքը, եթէ չէք կրնար ընդառաջել անոր կարիքներուն»: Նոյն ծիրին մէջ, Հըզպալլայի հոգեւոր մէկ ղեկավարը եւս անհրաժեշտ նկատեց նախագահական ընտրութեան կայացումը, վերահաստատելով Հըզպալլայի յանձնառութեան կեցուածքը` Լիբանանի գերիշխանութեան ամրապնդման նկատմամբ: Արտաքին առումով եւս օտար երկիրներու դեսպաններ քուլիսային յաճախակի խորհրդակցութիւններ կ՛ունենան առնչակից տեղական կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ փորձելով քննել անոնց «բազկերակը» եւ զանոնք համոզել «միջին լուծման» յանգելու:
Այս խորհրդակցութիւնները յաճախ կը կայանան ոչ քաղաքական առիթներով եւս: Օրինակ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ Եգիպտոսի կենսոլորտի վեհաժողովի ընթացքին զանազան ղեկավարներու հետ իր ունեցած հանդիպումներուն արծարծեց նաեւ Լիբանանի այժմու իրավիճակն ու զայն յուզող հրատապ հարցերը, ուր առանցքային կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նախագահական ընտրութիւնը: Միքաթի անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցած է Ալճերիոյ, Եգիպտոսի, Իրաքի եւ Հայաստանի նախագահներուն հետ արծարծելով իւրաքանչիւր երկրի հետ Լիբանանի գործակցութեան ամրապնդման կարելիութիւնները: Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատրեանի հետ վարչապետ Միքաթի արծարծած է նաեւ Հայաստան գտնուող լիբանանցիներու վիճակը: Միւս կողմէ, իմացուեցաւ, թէ ֆրանսացի պատուիրակ մը մօտերս պիտի հասնի Լիբանան` մօտէն հետեւելու տիրող մթնոլորտին:
Մինչ Այդ
Այս մթնոլորտին մէջ, երկրի հրաժարած, բայց «աշխուժօրէն գործող» պատասխանատուներ կը շարունակեն լուծել քաղաքացիներու հրատապ հարցերը: Այս ծիրին մէջ, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իրեն ընկերացող պատուիրակութեան հետ սերտ քայլերու դիմած է ելեկտրականութեան, ուժանիւթի եւ վառելանիւթի հարցերու լուծման գծով Ալճերիոյ եւ Եգիպտոսի պատկան վարիչներուն հետ, հոգ չէ թէ առժամեայ դասաւորումով: Իսկ առողջապահութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ երէկ շարունակեց իր ճիգերը` քոլերա ժահրի պատուաստի ապահովման գծով, եւ մօտէն հետեւեցաւ այս առնչութեամբ տարուող քայլերուն: Նշենք, որ խորհրդարանական առողջապահական յանձնախումբը երէկ «թելադրեց» արտակարգ իրավիճակ յայտարարել` նկատի ունենալով քոլերայի ժահրի տարածման վտանգը:
Այս բոլորի լոյսին տակ լիբանանցիք կ՛աղօթեն, որ ամանորեան տօներու նախօրեակին բարւոք լուծում գտնեն զիրենք մտահոգող առօրեայ կենցաղային դժուարութիւնները: