Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախաձեռնութեամբ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանատան. ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Պալատին Մէջ Նշուեցաւ Թաէֆի Համաձայնագիրին 33-Ամեակը

November 7, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 5 նոյեմբերին, «Թաէֆի համաձայնագիր»-ը դարձաւ 33 տարեկան: Յիշեցնենք, որ Լիբանանի երկարամեայ պատերազմի աւարտին (1975-1989), լիբանանեան տարբեր կողմերու ներկայացուցիչներ սեպտեմբեր 1989-ին հրաւիրուեցան Սէուտական Արաբիոյ Թաէֆ քաղաքը, ուր երկար խորհրդակցութիւններէ ետք, 22 հոկտեմբեր 1989-ին անոնք որոշեցին վերջ տալ բախումներուն եւ կնքեցին խաղաղութեան համաձայնագիր մը, որ պաշտօնապէս ծանօթ է իբրեւ «Ազգային համաձայնութեան փաստաթուղթ»: 5 նոյեմբեր 1989-ն Լիբանանի խորհրդարանը վաւերացուց փաստաթուղթը, որ այնուհետեւ նշուեցաւ «Թաէֆի համաձայնագիր» անպաշտօն անունով:

Այս առիթով, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի նախաձեռնութեամբ, շաբաթավերջին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ նշուեցաւ այս համաձայնագիրին 33-ամեակը` ներկայութեամբ լիբանանեան զանազան խմբաւորումներու եւ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի: Ներկայ էին նաեւ ոչ լիբանանեան, շրջանային թէ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Հետաքրքրական է սէուտցի դեսպանին այս քայլը, որ դուռ բացաւ որոշ մեկնաբանութիւններու: Խորքին մէջ, վերջին շրջանին, յատկապէս` հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունի պաշտօնավարութեան աւարտէն ետք կարգ մը կողմեր, յատկապէս` նորընտիր երեսփոխաններու «բարեկարգչական» տարրերը արծարծեցին Թաէֆի համաձայնագիրի փոփոխութեան առաջարկի կարելիութիւնը: Նմանապէս, հոկտեմբեր 2019-ին «փողոց իջած» ցուցարարներու կարեւոր մէկ հատուածը կը պահանջէր Թաէֆի համաձայնագիրին վերանայումն ու «բարեփոխումը»: Ցուցարարներու մէկ մասը կը պահանջէր Լիբանանի վարչաձեւին փոփոխութիւնը եւ սահմանադրութեան կարգ մը յօդուածներու վերանայումը, որ կրնայ այնքան ալ հեզասահ չըլլալ եւ խոչընդոտներու դուռ կրնայ բանալ: Այս եւ անոր յաջորդած լիբանանեան հրապարակի քաղաքական թէ ապահովական իրադարձութիւնները առիթ եղան, որ Սէուտական Արաբիա յիշեցնէ Թաէֆի իր «նախաձեռնութիւնն» ու անոր խաղաղարար դերը Լիբանանի կայունութեան ամրագրման ուղղութեամբ: Սէուտական այս քայլին մէկ այլ կարեւոր շարժառիթ խթան էին նաեւ արտաքին կողմերու, յատկապէս` Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու քուլիսային ճիգերը` միջլիբանանեան համագումար մը կազմակերպելու արտասահմանի մէջ: Զուիցերիոյ դեսպանատան «ձախող փորձը» այս ծիրին մէջ կարելի է ընկալել: Այլ խօսքով, Սէուտական Արաբիոյ հովանաւորութիւնը վայելող Թաէֆի համաձայնագիրի 33-ամեակի նշումը յատուկ պատգամ ունէր տեղական թէ արտաքին մակարդակի պատկան կողմերուն: Այս համագումարը կու գար հաստատելու, որ «Լիբանանի փրկութիւնը Թաէֆի համաձայնագիրի գործադրութեան մէջ է, եւ նոր համագումարներու հարկ չկայ»:  Փաստօրէն, շաբաթավերջին դարձեալ տեղեկութիւններ շրջեցան միջլիբանանեան համագումարի մը կայացման կարելիութեան գծով, ուր հիմնական «թամատան» կը նկատուի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի: Սակայն Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ հերքեցին նման նախաձեռնութեան մը գոյութիւնը: Սէուտական երկրորդ պատգամը` անոր Լիբանանի զօրակցութեան եւ օժանդակութեան պատրաստակամութեան վերահաստատումն է: Աւելի՛ն, եթէ ցարդ կը տիրէր այն տպաւորութիւնը, որ Սէուտական Արաբիա Լիբանանի սիւննի համայնքի ու յատկապէս Հարիրի գերդաստանին զօրակից բարեկամն է, շաբաթավերջի այս համագումարը, իր շուրջ համախմբած լիբանանեան այլազան կողմերով եկաւ իբրեւ համալիբանանեան զօրակցութեան ցուցանիշ ներկայանալու: Այս պարունակին մէջ կարելի է ըմբռնել դեսպան Ուալիտ Պուխարիի յայտարարութիւնը, թէ «Թաէֆի համաձայնագիրը կը ցոլացնէ Սէուտական Արաբիոյ եւ անոր ղեկավարութեան հոգատարութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը` Լիբանանի ապահովութեան, միասնականութեան, կայունութեան ու Ազգային ուխտի պահպանման գծով»: «Ներկայիս մենք խիստ կարիքը ունինք միջլիբանանեան համակեցութեան տարազի մարմնաւորման ու անոր ինքնութեան ու արաբական դիմագիծի պահպանման», ընդգծեց դեսպան Պուխարի` մէջբերելով Թաէֆի համաձայնագիրի փոփոխութեան որեւէ մտադրութիւն չունենալու Ֆրանսայի կեցուածքը: Այսուհանդերձ, յառաջիկայ շաբաթներուն, եթէ ոչ օրերուն, կողմերը կը փութան բացայայտելու իրենց իսկական կեցուածքը:

Անդրադարձներ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց Թաէֆի համաձայնագիրին էական կարեւորութիւնը` նշելով, որ այս համագումարը ցոյց կու տայ, թէ «Սէուտական Արաբիա մեր կողքին է եւ չէ լքած Լիբանանը»:  Ան վերահաստատեց, որ իր գլխաւորած կառավարութիւնը պիտի շարունակէ գործել եւ կատարել խիստ անհրաժեշտ կարիքի աշխատանքները` լիբանանեան սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն ծիրին մէջ:

Շաբաթավերջի համագումարը առիթ մը եղաւ, որ զանազան կողմերու ներկայացուցիչներ իրենց տեսակէտը պարզեն: Այս ծիրին մէջ Թաէֆի համաձայնագիրի գլխաւոր «խմբագիրներէն» նկատուող` Ալճերիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար Լախտար Իպրահիմի շնորհակալութիւն յայտնեց սէուտցի դեսպանին` այս հանդիպումին համար` ընդգծելով, որ «Թաէֆը կրնայ լիբանանեան տագնապի լուծման գոհարը հանդիսանալ»: Ալճերիացի դիւանագէտը մի առ մի յիշեց բացակայ, բայց միշտ ներկայ դերակատարները, յատկապէս` նահատակ նախագահ Ռընէ Մուաուատը, խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնին, նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին եւ այլ լիբանանցի թէ արաբ գլխաւոր դերակատարները: Նշենք, որ Լախտար Իպրահիմի երէկ` կիրակի, 6 նոյեմբերի առաւօտեան, այցելեց խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնիի` անոր բնակարանին մէջ:

Մարատա հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Սլէյման Ֆրենժիէ ըսաւ. «Մենք Թաէֆի մէկ մասնիկն ենք, եւ հոս ներկայ ենք ընդառաջելով մեզի ուղղուած հրաւէրին»:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յիշեցուց Թաէֆի համաձայնագիրի ցարդ չիրականացած յօդուածներու գործադրութիւնը, ինչպէս` քաղաքական համայնքայնութեան վերացումը, առաջարկելով այս առնչութեամբ յանձնախումբ մը յառաջացնել եւ իրականացնել զայն: Այս առիթով, ուշագրաւ էր Ժոմպլաթի համարձակութիւնը, երբ ան կէս լուրջ-կէս կատակ վերյիշեց ու «խոստովանեցաւ» եւ ներողութիւն խնդրեց, թէ ինչպէ՛ս պատերազմի ընթացքին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան զինեալներ թիրախաւորած են Լախտար Իպրահիմիի նստավայրը` ռմբակոծելով զայն:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցիչ, նախկին նախարար Սեզար Ապի Խալիլ վերահաստատեց հոսանքին զօրակցութիւնը Թաէֆին` դրուատելով այս գծով սէուտական ճիգերը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«ՕԹԱՆ-ը Կ՛աջակցի Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Եւ Կ՛ողջունէ Այդ Ուղղութեամբ Եւրոպական Միութեան Ջանքերը» Կ՛ըսէ Քոլոմինա

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.