Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քասթալտօ. «Այս Առաքելութիւնը Պէտք Է Ըլլայ Ոչ Թէ Ժամանակաւոր, Այլ Մշտական»

November 5, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաստահաւաք առաքելութեամբ Հայաստան հասած Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները դիտորդական առաքելութեան ժամկէտը երկարացնելու եւ դիտորդներու թիւը մեծցնելու անհրաժեշտութիւն կը տեսնեն: Այս առաջարկը կը խոստանան ներկայացնել Եւրոպական խորհրդարանին մէջ: Մտադիր են բարձրացնել նաեւ Ազրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրարկելու հարցը:

Ճիշդ է, Եւրոպան նախաճգնաժամային իրավիճակի մէջ է, սակայն պէտք չէ թոյլ տալ, որ ուժանիւթի հարցերը առաւել կարեւոր նկատուին. 3 նոյեմբերին Երեւանի մէջ հրաւիրուած մամուլի ասուլիսի ժամանակ կարծիք յայտնած է իտալացի երեսփոխան Ֆապիօ Մասիմօ Քասթալտօ:

«Մեծապէս մտահոգուած ենք եւ կը դատապարտենք ազրպէյճանական նախայարձակումը, որ տեղի ունեցաւ սեպտեմբերին Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ, այն դաժանութիւնները, որոնք թոյլ տրուած են ռազմագերիներուն նկատմամբ: Ասոնք մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ են», ըսած է ան:

Ան յոյս յայտնեց, որ պատասխանատուները կը պատժուին: Ֆապիօ Մասիմօ Քասթալտոյի համաձայն, դատապարտելի է, որ տակաւին 2020 թուականէն Պաքուի մէջ գտնուող հայ ռազմագերիները չեն վերադարձուիր հայրենիք: Ան դատապարտեց նաեւ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը Ազրպէյճանի կողմէ:

Իտալացի երեսփոխանը վստահեցուց, որ իրենք պիտի շարունակեն պայքարիլ հասնելու Եւրոպական Միութեան աւելի հասցէական վերաբերմունքի. «Այս առաքելութիւնը պէտք է ըլլայ ոչ թէ ժամանակաւոր, այլ մշտական: Դիտորդներու թիւը պէտք է աւելցուի»:

Նշենք, որ պատուիրակութեան անդամները այցելած են Սիւնիք, հանդիպած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներու հետ, այցելած են ազրպէյճանական վերջին նախայարձակումէն տուժած բնակավայրեր եւ հանդիպած քաղաքացիական բնակչութեան հետ:

Նախորդը

Իրանի Խորհրդարանի Նախագահը Պիտի Այցելէ Հայաստան

Յաջորդը

Ռուբէն Վարդանեան Նշանակուած Է Արցախի Պետական Նախարար

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.