Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երեւանի Եւ Պաքուի Կողմէ Կը Տեսնենք Անցեալը Ետին Ձգելու Եւ Կայուն Խաղաղութեան Ուղղութեամբ Աշխատելու Իրական Եւ Խիզախ Քայլեր» Կ՛ըսէ Պլինքըն

November 9, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն երկուշաբթի, 7 նոյեմբերին Ուաշինկթընի մէջ ողջունելով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Ճէյհուն Պայրամովը, յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ հաւատարիմ են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններուն:

«Ուղիղ երկխօսութիւնը իսկապէս կայուն խաղաղութեան լաւագոյն միջոցն է, եւ մենք շատ ուրախ ենք ատոր աջակցելու համար», ըսած է Պլինքըն:

Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգներ վճռականօրէն կ՛աջակցին թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ ալ Ազրպէյճանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, եւ 1991 թուականի անկախութեան վերականգնումը կենսականօրէն կարեւոր պահ էր երկու երկիրներու իրաւունքներու երաշխաւորման համար, իրաւունքներ, որոնց, ըստ Պլինքընի, Միացեալ Նահանգներ մեծապէս կ՛աջակցին:

«Կը կարծեմ, որ արդարացի է նաեւ ըսել, որ Լեռնային Ղարաբաղի աւելի քան երեսուն տարուան տագնապը պատճառած է հսկայական մարդկային, նիւթական կորուստներ` կորսուած կեանքեր, խոր սպիներ: Սակայն այն, ինչ որ մենք հիմա կը տեսնենք, երկու երկիրներուն կողմէ անցեալը ետին ձգելու եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ աշխատելու իրական եւ խիզախ քայլեր են:

«Ես պարզապէս պիտի ըսեմ, որ Միացեալ Նահանգները, իբրեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի բարեկամ, յանձնառու են ընել ամէն ինչ` աջակցելու ձեզի այս ջանքերուն մէջ, քալելու ձեզի հետ տեւական խաղաղութեան ճամբով, օգնելու ամէն ձեւով, ինչով որ կրնանք: Ասիկա, կը կարծեմ, աւելի լաւ, պայծառ ապագային խոստումն է:

«Եւ ես կ՛ողջունեմ թէ՛ ձեզ, թէ՛ ձեր կառավարութիւնները այն խիզախութեան եւ վճռականութեան համար, որ դուք կը ցուցաբերէք այդ նպատակակէտին հասնելու համար», ըսած է Պլինքըն:

Նշենք, որ արտաքին գործոց նախարարները միտքեր փոխանակած են հաւանական խաղաղութեան համաձայնագիրի տարրերուն վերաբերեալ եւ արձանագրած, որ գոյութիւն ունին շարք մը խնդիրներ, որոնք տակաւին հասցէագրման կարիք ունին: Երկու կողմերը վերահաստատած են 6 հոկտեմբերին Փրակայի եւ 31 հոկտեմբերին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու ստանձնած յանձնառութիւնները:

Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները համաձայնած են թափ հաղորդել իրենց բանակցութիւններուն եւ անգամ մը եւս հանդիպիլ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին:

Երկու նախարարները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են ամերիկեան կողմին` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւնները հիւրընկալելու համար:

Պայրամով. «Վերահաստատած Եմ
Ազրպէյճանի Յանձնառութիւնն ու Պատրաստակամութիւնը`
Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Ստորագրման»

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Պաքուն պատրաստ է կարելի եղածին չափ արագ ստորագրելու հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագիրը:

«Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի նախաձեռնութեամբ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցած եմ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ: Վերահաստատած եմ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուտափոյթ ստորագրման եւ կոչ ուղղած եմ զերծ մնալու այն գործողութիւններէն, որոնք պիտի խաթարեն հոլովոյթը», գրած է Պայրամով:

Քլաար. «Միրզոյեանի Եւ Պայրամովի Հանդիպումը
Կարեւոր Է Եւ Յուսադրող»

Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի գնահատմամբ` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումը կարեւոր էր:

«Երէկ Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները կարեւոր հանդիպում ունեցած են: Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի երկկողմանի խաղաղութեան համաձայնագիրի առարկայական բանակցային հոլովոյթին մասնակցութիւնը յուսադրող է», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Եւրոպական Միութեան պաշտօնատարը:

 

 

Նախորդը

Ալիեւ. «Ռազմավարական Բարձունքներէն Կը Տեսնենք Կապանը, Գորիսը, Ջերմուկը, Մեր Տեսադաշտին Մէջ Է Նաեւ Սեւանայ Լիճը»

Յաջորդը

Խմբագրական. «Միջանցք»-ի Յանկերգն ու Իրանին Ուղղուած Սուր Սլաքը

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.