Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կլիմայի Փոփոխութեան Մասին Շարմ Շէյխի Խորհրդաժողովին. Կութիերես Յայտարարած Է, Որ Երկիր Մոլորակը Դէպի «Կլիմայական Դժոխք» Կ՛ուղղուի

November 8, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես կարծիք յայտնեց, որ Երկիր մոլորակը կը շարժի դէպի «կլիմայական դժոխք», եւ կլիմայի փոփոխութիւնները կրնան անդառնալի դառնալ: Այս կարծիքը ան յայտնած Է` 7 նոյեմբերին Շարմ Շէյխի մէջ հանդէս գալով Կլիմայի փոփոխութեան մասին ՄԱԿ-ի պարփակ ուխտի կողմերու 27-րդ խորհրդաժողովին:

«Ջերմոցային կազերու արտանետումները կը շարունակեն աճիլ, ընդհանուր ջերմաստիճանը կ՛աճի», ըսած Է ան` աւելցնելով. «Մեր մոլորակը արագօրէն կը մօտենայ բեկումնային գործօններուն, որոնք կլիմայական քաոսը կը դարձնեն անդառնալի: Մենք կլիմայական դժոխքի ճամբուն վրայ ենք, ընդ որում` մեր ոտքերը կը պահենք կազի ոտնակին վրայ»: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը կլիմայի փոփոխութիւնը նկատած Է կանխորոշիչ խնդիր եւ ամբողջ դարու գլխաւոր մարտահրաւէրը: «Անհանդուրժելի, աղաղակող եւ ինքնակործանարար է ատիկա մղել երկրորդ գիծ: Իրօք, այսօրուան բազմաթիւ տագնապներ կապուած են աճող կլիմայական քաոսի հետ», նշած է ան:

«Ներկայիս ճգնաժամերը, որոնք շտապ լուծում կը պահանջեն, չեն կրնար ուրացողութեան արդարացում ծառայել», ըսած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:

Միքաթի – Խաչատուրեան Հանդիպում`
Շարմ Շէյխի Մէջ

Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային ուխտի կողմերու 27-րդ խորհրդաժողովի շրջանակին մէջ հանդիպում ունեցած է Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Վարչապետը ողջունելով նախագահ Խաչատուրեանը շեշտած է, որ հայ-լիբանանեան յարաբերութիւնները լաւագոյն աւանդութիւններ ունին թէ՛ քաղաքական, թէ՛ առեւտրատնտեսական տեսանկիւններէն:

Զրոյցի ընթացքին Վահագն Խաչատուրեան լիբանանցի գործընկերոջ ուշադրութիւնը հրաւիրած է վերջերս կայացած Արաբական լիկայի 31-րդ վեհաժողովին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ելոյթի վրայ, որուն մէջ վերջինս կը փորձէ ղարաբաղեան տագնապը ներկայացնել իբրեւ կրօնական անհանդուրժողականութեան դրսեւորում` յիշատակելով քանդուած մզկիթները:

Նախագահ Խաչատուրեան ընդգծած է, որ Ազրպէյճանի նախագահի յայտարարութիւնները աղերս չունին իրականութեան հետ, Հայաստանը բազմաթիւ բարեկամներ ունի իսլամական աշխարհին մէջ, իսկ յիշատակուած քանդուած մզկիթները կը վերաբերին Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանին, երբ հաւասարապէս մերժողական պետական քաղաքականութիւն կը վարուէր բոլոր կրօններուն նկատմամբ:

Միքաթի ընդգծած է, որ անձամբ ներկայ եղած է Արաբական լիկայի վեհաժողովին եւ կարծիք յայտնած է, որ նմանօրինակ թիւրըմբռնումներէ խուսափելու համար Հայաստանը պէտք է առաւել աշխուժացնէ իր ջանքերը արաբական աշխարհի պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու սերտացման ուղղութեամբ:

Նախորդը

Գեղարքունիքի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դիտորդները Արձանագրել Են` Ազրպէյճանի Կողմէ Նախայարձակում Եղած Է Հայաստանի Սահմաններուն Ուղղութեամբ

Յաջորդը

Ակնարկ. Թաէֆով Վճռուած Պարտադիր Համաձայնութեան Վարքագիծը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան  Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ

October 6, 2026
Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ  Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին»  Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի
Գլխաւոր լուրեր

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին» Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.