Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միասնութեան Բազմամարդ Հանրահաւաք Ֆրանսայի Հրապարակին Վրայ` Յաջակցութիւն Արցախին

November 7, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 5 նոյեմբերին, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Միասնութեան հանրահաւաք` ի աջակցութիւն Արցախի:

Հանրահաւաքին կը մասնակցէին բազմաթիւ քաղաքական ուժեր, ազգային-հասարակական գործիչներ:

Միասնութեան հանրահաւաքը սկսաւ 1988-ի համազգային շարժումին նման` շեփորի հնչիւններու ներքեւ:

Տէրունական աղօթք կատարեց եւ օրհնութեան խօսք ուղղեց Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստանեան:

«Թող հնչեն յաղթանակի զանգերը, որպէսզի հայ մարդը երբեք չլքէ իր տունը, հայ ծնողը արցունք չտեսնէ, որպէսզի Եռաբլուրը անտէր ու անիմաստ չմնայ, որպէսզի Եռաբլուրը Ծիծեռնակաբերդ չդառնայ: Ես կը հաւատամ, որ հոգեւոր Հայաստանը պիտի յաղթէ նոր Հայաստանին, իրական Հայաստանը պիտի յաղթէ կեղծ եւ ֆէյսպուքեան Հայաստանին, տաճարը պիտի յաղթէ փողոցին, ոգին պիտի յաղթէ դուխին, հաշտութիւնն ու սէրը պիտի յաղթեն ատելութեան եւ թշնամանքին, եւ եռագոյնը պիտի յաղթէ սեւ ու սպիտակին», ըսաւ սրբազանը:

Արցախէն եկած Սուսաննա Աւշարեան, արցախահայութեան ձայնը հնչեցնելով Միասնութեան հանրահաւաքին, ըսաւ. «Մենք բոլորս ուս-ուսի տուած կրնանք աշխարհին ապացուցել, որ Արցախը հզօր է իր որդիներով, իր Մայր հայրենիքով ու սփիւռքով»:

Ելոյթ ունեցաւ քանատահայ Սանան Մկրտիչեանը. «2015-ին ամուսինիս եւ չորս տղայ զաւակներուս հետ Քանատայէն տեղափոխուեցանք Հայաստան, որպէսզի տղաներս հայ մեծնան իրենց ապահով ու համերաշխ հայրենիքին մէջ: Դժբախտաբար, այսօր Հայաստանը ո՛չ ապահով է, ո՛չ ալ համերաշխ: Հայաստանն ու Արցախը յարձակման տակ են, սահմանները դարձած են խոցելի թշնամիին առջեւ, ունինք հողային ու մարդկային ահռելի կորուստներ, հազարաւոր այրիներ, որբեր, հաշմանդամներ: Եւ մենք ունինք իշխանութիւններ, որոնք ո՛չ միայն մեզ չեն պաշտպաներ, այլ նաեւ կը քանդեն մեր ազգային համերաշխութիւնը: Մեզ կը փորձեն համոզել, որ այդ ցեղասպան ժողովուրդէն խաղաղութիւն մուրանք եւ իրենց յանձնենք Արցախը: Այդ տեղի պիտի չունենայ, Արցախը պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ», ըսաւ ան:

Հանրահաւաքին ելոյթներով հանդէս եկան լրագրող Նայիրի Հոխիկեան, 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին նահատակուած Հայկ Մելիքեանի մայր Նայիրա Մելիքեանը, ՀՅԴ-ի անդամ, արցախեան պատերազմի մասնակից Գոռ Սարգսեանը, Ազգային ժողովի ընդդիմադիր պատգամաւորներ Անդրանիկ Թեւանեանը եւ Հայկ Մամիջանեանը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան իր ելոյթին մէջ յայտարարեց. «Յանձնուողականութիւնը կրնանք կանխել միայն ազգային համերաշխութեան դրօշով, համահայկական զարթօնքի ալիք բարձրացնելով, իբրեւ ատոր կարեւոր փուլ` ազգային իշխանութիւն ձեւաւորելով:

Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուց նաեւ ազգային իշխանութեան ընելիքները:

«Առաջինը` Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան վերականգնում, համահայկական զօրաշարժի իրականացում: Երկրորդը` պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հրատապ խնդիրներու լուծում: Երրորդը` կենսական զիջումները բացառելուն ուղղուած արտաքին զօրակցութեան ապահովում», թուարկեց Իշխան Սաղաթէլեան:

Անոր համաձայն, նշուած երեք ուղղութիւններով հետեւողական, ամէնօրեայ քրտնաջան աշխատանք պիտի իրականացուի նոր իշխանութեան կողմէ` կազմուած կարող, բանիմաց, նուիրուած ազգային գործիչներէ:

«Ուժեղ Հայաստան ունենալու համար մենք պէտք է ունենանք ազգային իշխանութիւն, նոր բանակցող, նոր որակի իշխանութիւն»,  յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան:

«Միութիւն, պայքար, յաղթանակ» վանկարկեցին հանրահաւաքի մասնակիցները:

Այնուհետեւ սկսաւ միասնութեան քայլերթը:

Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, կառավարութեան շէնքին դիմաց երթի մասնակիցները իրականացուցին խորհրդանշական բողոք. անոնք վեր պարզեցին փոքրիկ սպիտակ թուղթեր, որոնց վրայ գրուած էր «Խաղաղութեան պայմանագիր»:

«Այս խորհրդանշական խաղաղութեան պայմանագիրի անուան տակ յանձնուողական փաստաթուղթը մենք այսօր կ՛այրենք` ամբողջ աշխարհին ցոյց տալու համար, որ հայ ժողովուրդը պիտի չընդունի որեւէ յանձնուողականութիւն, չի կրնար ստորագրուիլ որեւէ փաստաթուղթ, որ կասկածի տակ կը դնէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Ֆրանսայի հրապարակին վրայ ընթացող հանրահաւաքի ժամանակ ներկայացուեցաւ յայտարարութիւն` ուղղուած Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին ու միջազգային հանրութեան:

Յայտարարութեան բնագիրը  կարդաց մտաւորական Գուրգէն Մելիքեան:

Նախորդը

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Խաղաղութիւն Կրնայ Ըլլալ Միայն Հաւասարութեան Հիմքի Վրայ Եւ Արդարութեան Հաստատումով»

Յաջորդը

Ըստ «Տը Թայմզ»-ի. Փաթրուշեւն Ու Պորթնիքովը Փութինը Համոզած Են Ուքրանիա Ներխուժել

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.