Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն. «Ապահովական Կայունութիւնը Ամրապնդուած Է, Եւ Լիբանանի Պաշտպանութիւնը Մեր Պատասխանատուութիւնն Է»

November 5, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ նախագահեց լիբանանեան բանակի սպայակոյտի հանդիպումին` ներկայութեամբ Զինուորական խորհուրդի անդամներուն:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած զինուորական մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարելու ցուցմունքները:

Զօր. Աուն նկատել տուաւ, որ հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը Լիբանանի վրայ իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ` տնտեսական եւ ապահովական իմաստներով, ինչպէս նաեւ առիթ պիտի տայ իր բնական հարստութիւններէն մէկ մասը ներդրելու:

«Այս շրջագիծին մէջ, լիբանանեան բանակը կատարեց այն, ինչ որ իրեն վստահուած էր յատկապէս թեքնիք առումով: Ան ողջունեց քաղաքական իշխանութեան համախոհութիւնը` գործադրելու համար այս թղթածրարը», հաստատեց ան:

Անդրադառնալով Լիբանանի սահմանադրական դատարկութեան փուլ մուտք գործելուն եւ երկրին մէջ առկայ քաղաքական քաշքշուքներուն ու ատելութեան հռետորաբանութեան` զօր. Աուն հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը բնաւ առնչուած չէ այս լարուածութեան եւ անաչառ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, որովհետեւ իրեն համար երկրին ապահովական կայունութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանումը առաջնահերթութիւն է: «Պիտի չարտօնենք, որ տիրող կացութիւնը շահագործուի, եւ մեր հայրենիքը ապահովական միջադէպերու կամ կասկածելի շարժումներու բաց հրապարակի մը վերածուի: Ապահովական կայունութեան խախտումը արգիլուած է, որովհետեւ անիկա լիբանանեան բանակի հիմնական սկզբունքներէն է: Ապահովական կայունութիւնը ամրապնդուած է, եւ Լիբանանի պաշտպանութիւնը մեր պատասխանատուութիւնն է», շեշտեց ան:

Զօր. Աուն կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն մնալու զգաստ` պահպանելու համար հանրութեան շահերը: Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն նաեւ մնալու արթուն եւ առիթ չտալու, որ զիրենք կարգախօսներով չարաշահեն, որովհետեւ Լիբանան կարիքը ունի իր բոլոր զաւակներուն անխտիր:

Բանակին Եւ Հայկազեան Համալսարանին Միջեւ
Գործակցութեան Հեռանկարներ

Միւս կողմէ, զօր. Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Էտկար Թրապուլսին` ընկերակցութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահի տեղապահ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հայկազեան համալսարանին եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները:

 

Նախորդը

Միքաթի Նախագահեց Քոլերայի Համաճարակին Դէմ Պայքարելու Նիստի Մը

Յաջորդը

«Շուէտն Ու Ֆինլանտան ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Շուրջ Համաձայնութեան Հիմամբ Իրենց Բոլոր Յանձնառութիւնները Չկատարեցին» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.