Խմբագրական. Ազատ Սիւնիք 2-ի Հրամայականը (Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնը բաւական բարդ պայմաններու մէջ կը նշուի: Մեր երկրորդ պետութիւնը կորսնցուցած է տարածքներ եւ ըստ էութեան իր անկախութիւնը կամ հանրապետութեան միջազգային ճանաչումի ապահովման երթը 44-օրեայ պատերազմէն ետք ծանր հարուած ստացած: Խախտած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները: Թշնամին ներխուժած է մեր ինքնիշխան տարածքներ եւ կը սպառնայ մեր անվտանգութեան ու գերիշխանութեան, պարտադրելով նոր պայմաններ: Բերձորի միջանցքի փակումէն ետք, այժմ...




















