Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Թաէֆով Վճռուած Պարտադիր Համաձայնութեան Վարքագիծը

November 8, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ դեսպանութեան կողմէ Թաէֆի համաձայնագիրի 33-ամեակի նշումը քաղաքական դիտարկումներու դուռ կը բանայ բնականաբար: Նախ ընդունինք, որ հերթական տարեթիւի նշումով զուտ արարողակարգային իրադարձութիւն չէ արձանագրուածը: Ընդունելութեան տեսքով ներկայ պահուն համալիբանանեան համախմբուածութիւն յառաջացնելու եւ մանաւանդ Սէուտական Արաբիոյ հիմնական դերակատարութիւնը վերյիշելու ուղերձները ուշագրաւօրէն առկայ են:

Թաէֆը պատերազմի աւարտ խորհրդանշող վայր ու թուական է: Երկխօսութեան գերադասումն է եւ համաձայնութիւնը` վերջ տալու քանդիչ պառակտումներուն:

Ազգային ուխտ մըն է, որ մէկ կողմէ կ՛արձանագրէ քաղաքական համայնքայնացումի երեւոյթներուն վերջ տալը, միւս կողմէ` կ՛ընդգծէ միջհամայնքային համախոհութիւնը:

Եւ որքան ալ  ալճերիացի բանագնաց Լախտար Իպրահիմիի վերագրուի համաձայնագիրի գլխաւոր խմբագրութիւնը, այնուամենայնիւ պարզ է, որ Թաէֆի գլխաւոր ճարտարապետը Սէուտական Արաբիան է:

Ճիշդ է, որ Թաէֆը որոշակի առումով նախագահական լիազօրութիւնները սահմանափակեց. սակայն թիւր է այն ըմբռնումը, որ Թաէֆով երկրի կառավարման համակարգը դարձաւ գերվարչապետական: Թաէֆը փոխլրացնող, լիազօրութիւններու տեղաբաշխում կատարող համաձայնագիր է, համալիբանանեան պարտադիր համաձայնութիւն պահանջող ուխտ: Հիմնական գործադիր որոշումներու կայացումով նախագահ-վարչապետ համաձայնութեան հարկադրանքով միայն: Պարտադիր համաձայնութիւնները նուիրականացնող համալիբանանեան ուխտ, որ փրկեց երկիրը հաւանական նոր քաղաքացիական պատերազմներէ եւ պետական համակարգը վերատեղադրեց միջհամայնքային համակեցութեան սկզբունքին վրայ:

Լիբանանեան քաղաքացիական վերջին շարժումները եւ անոնց կարգախօսներով ընտրարշաւ տարած ու խորհրդարան մուտք գործած խմբաւորումը Թաէֆի հիմնադրոյթներու փոփոխութեան առաջարկներով կը ներկայանայ: Ներլիբանանեան այս ձայներուն եւ արտաքին կեդրոններու պահանջած պայմաններուն միջեւ նկատելի է համահնչեղութիւն:

Ըստ էութեան ուրեմն, հաւաքական Արեւմուտքի եւ Ռիատի առաջադրանքները միեւնոյն ջուրերով չեն հոսիր քաղաքական ներկայ պահու դրութեամբ: Երանգային տարբերութիւնները երկու հատուածներուն միջեւ կ՛երեւին նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւններու ընթացքին: Այդ չի նշանակեր անշուշտ, որ առճակատումներու շեմին կը գտնուինք. աւելի քան հաւանական է, որ երկար ճանապարհի ընթացքին  սուր կողմերը հարթուին:

Թաէֆի 33-ամեակի նշումի այս տարողութիւնն ու ներգրաւուածութիւնը կը յուշեն տակաւին, որ սիւննի զանգուածներու կեդրոն նկատուող Սէուտական Արաբիան այս նախաձեռնութեամբ կը շարժի համաարաբական գաղափարախօսութեամբ եւ միջհամայնքային համակեցութեան գերադասումի մղումներով:

Ուղերձը պարզ է ուրեմն. չշեղիլ թաէֆեան ուխտի հիմնադրոյթներէն, շարունակել գերադասել համակեցութեան սկզբունքները, չխախտել երանգային բոլոր իւրայատկութիւնները նկատի առած եւ ճշդուած չափաբաժիններու ընդհանուր հաւասարակշռութիւնը եւ վերահամախմբուիլ թաէֆեան սկզբունքներուն շուրջ:

Միա՛յն այս վարքագիծն է, որ անել վիճակէն կրնայ փուլ առ փուլ դուրս բերել երկիրը: Թաէֆով վճռուած պարտադիր համաձայնութեան վարքագիծը:

«Ա.»

Նախորդը

Կլիմայի Փոփոխութեան Մասին Շարմ Շէյխի Խորհրդաժողովին. Կութիերես Յայտարարած Է, Որ Երկիր Մոլորակը Դէպի «Կլիմայական Դժոխք» Կ՛ուղղուի

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 8 Նոյեմբեր 2022)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան  Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ

October 6, 2026
Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ  Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին»  Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի
Գլխաւոր լուրեր

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին» Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.