Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարենպաստ Պայմաններու Սպասողական Մթնոլորտի Լոյսին Տակ. Լիբանանի Սահմանադրական Ժամկէտներու Գործադրութեան Գծով Ճիգերը Կը Շարունակուին

November 9, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ քաղաքական շրջանակներ անհաւանական կը նկատեն երկրի սահմանադրական կարեւորագոյն ժամկէտը նկատուող` նախագահական ընտրութեան մօտալուտ իրականացումը: Առնուազն պէտք է սպասել մինչեւ տարեվերջ, սակայն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կարծիքով, Լիբանան հազիւ քանի մը շաբաթ կրնայ տոկալ տիրող քաղաքական եւ յատկապէս տնտեսական ծանր պայմաններու ճնշումներուն: Առ այդ, ճիգերը կը շարունակուին տեղական թէ արտաքին մակարդակներու վրայ: Այս ծիրին մէջ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի կենսոլորտի խորհրդաժողովին արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի կացութեան ու յատկապէս կենսոլորտային փոփոխութեանց Լիբանանի վրայ ունենալիք հետեւանքներուն: Միաժամանակ, վարչապետ Միքաթի քուլիսներու ետին անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ շրջանային թէ միջազգային ղեկավարներու հետ, ինչպէս` Ֆրանսայի, Յորդանանի, Եգիպտոսի եւ այլ երկիրներու նախագահներուն եւ ՄԱԿ-ի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ` փորձելով  Լիբանանի օժանդակութեան խոստումներու գործնական քայլեր դասաւորել: Այս առիթով նշենք, որ վարչապետ Միքաթիի գրասենեակը հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ կենսոլորտի խորհրդաժողովի ծիրին մէջ Միքաթի մասնակցած է կողմնակի ժողովի մը` իսրայէլացի պատասխանատուի մը կողքին: Այս մասին լրատուութիւն հրապարակուած էր երէկ իսրայէլեան տեղեկատուական աղբիւրներու մէջ:

Միւս կողմէ, նմանօրինակ ճիգեր կը շարունակուին լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ եւս: Այս իմաստով ամերիկեան դեսպանատունը հաղորդագրութեամբ մը երէկ յայտարարեց, որ ամերիկացի բարձրաստիճան պատասխանատուներէն Սամանթա Փաուըր կարճատեւ այցելութեամբ հասած է Լիբանան: Ամերիկացի դիւանագէտը տեսակցութիւններ պիտի ունենայ լիբանանեան տարբեր կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ: Փաուըր այս առիթով մտահոգութիւն յայտնած է Լիբանանի մէջ տիրող ընկերային տնտեսական կացութեան գծով` պատրաստակամութիւն յայտնելով ամերիկեան անմիջական օժանդակութիւն կատարելու:

Նախքան այդ, Լիբանանի մէջ պապական նոր նշանակուած նուիրակը իր կարգին իր նստավայրին մէջ խորհրդակցութիւններ կ՛ունենայ լիբանանեան խմբաւորումներու պատուիրակութեանց հետ: Այս ծիրին մէջ պապական նուիրակը երէկ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախկին նախարար Ռիշար Գույումճեանի:

Նշենք, որ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան  Մոժթապա Ամանի եւս նմանօրինակ նախաձեռնութեան դիմած էր եւ  անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցած լիբանանցի պատասխանատուներու հետ, որոնց կարգին` անցնող շաբաթավերջին, կիրակի երեկոյեան, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ անոր տեսակցութիւնը, ինչպէս որ նշած է «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը լիբանանեան ֆրանսատառ «Լ՛օրիան լը ժուր» թերթին վերագրելով իր տեղեկութիւնը: Այս հանդիպումներուն խորհրդակցութեանց առանցքային մասը կը կեդրոնանայ Լիբանանի սահմանադրական ժամկէտի` նախագահական ընտրութեան իրականացման անհրաժեշտութեան վրայ:

Իր կարգին, խրթին թնճուկներու «հարթումի մասնագէտ», Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ Ապպաս Իպրահիմ կը շարունակէ իր քուլիսային մագոգային ճիգերը` երկրի հրատապ հարցերու լուծման ջանքերով: Այս ծիրին մէջ երէկ կէսօրին ան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացի յատուկ համակարգող  Թոր  Ուինսլենտը:

Նմանապէս, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոյի հետ: Այս առիթով Պասիլ շեշտեց սահմանադրական յօդուածներու տրամադրութեանց յարգումը` ընդգծելով, որ ընթացիկ հրաժարեալ կառավարութեան` հրատապ հարցերու լուծումէն անդին իր լիազօրութիւններու ընդարձակման որեւէ փորձ կը նկատուի սահմանադրական խախտում եւ դուռ կը բանայ նախագահական ընտրութեան ժամկէտի ձգձգման:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ալիեւ. «Ռազմավարական Բարձունքներէն Կը Տեսնենք Կապանը, Գորիսը, Ջերմուկը, Մեր Տեսադաշտին Մէջ Է Նաեւ Սեւանայ Լիճը»

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.