Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Հանրահաւաքի Զանգուածայնացման Անհրաժեշտութիւնը

November 5, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային գաղափարախօսական պատճառներուն առընթեր կան քաղաքական հրատապ շարժառիթներ այսօր զանգուածային ներկայութիւն ապահովելու միասնութեան հանրահաւաքին: Արցախի հայութիւնը, Սոչիի եռակողմ հանդիպումի նախօրէին, աշխարհը համոզեց, որ վճռական տրամադրուած է Ազրպէյճանի կազմին չմիանալու իր սկզբունքը իրագործելու պայքարին մէջ:

Այստեղ կար կարեւոր զուգահեռ. Ազգային ժողով -հասարակութիւն զուգընթաց եւ փոխլրացնող կշռոյթներով կ՛ընթանային այդ վճռականութեան դրսեւորումներու գործողութիւնները. կամ` ինքնորոշման իրաւունքի կիրարկելիութեան անշեղ վարքագիծի հանդէպ անտեղիտալիութիւնը:

Պատահական չէր ուրեմն, որ Սոչիի նախօրեակին սկսաւ արծարծուիլ ռուս խաղաղապահներու առաքելութեան երկարաձգումի առաջադրանքը. որքան ալ որ պաշտօնապէս Սոչիի եռակողմ յայտարարութեան մէջ չէ ներառուած Արցախի խնդիրը, այդուհանդերձ պարզ դարձաւ, որ արծարծուած է խաղաղապահ առաքելութիւնը երկարաձգելու առաջարկը: Իսկ նման առաջադրանքի մը արծարծումը արդէն հարուած է թուրքեւազրպէյճանական դաշինքին: Խաղաղապահ առաքելութեան երկարաձգումը կ՛ենթադրէ հակամարտութեան կարգաւորուած չըլլալը: Ինչ որ տրամագծօրէն կը հակադրուի Պաքուի յայտարարութիւններուն, թէ Արցախի հարցը անցեալ է: Փաստօրէն Պաքուի մերժումով է, որ կարելի չէ եղած յանգիլ երկարաձգման որոշումին. այդուհանդերձ, միտումը կ՛արձանագրուի` ժամանակ շահելու:

Շարունակելով տրամաբանութիւնը, ժամանակ շահիլը կը հակադրուի Ազրպէյճանի շտապողականութեան: Ազրպէյճանը պատերազմ յաղթած կողմ է եւ կ՛ուզէ աշխարհաքաղաքական գործընթացներու փոփոխութենէն առաջ վճռահատել իր խնդիրները: Միայն Անգարան եւ Պաքուն են, որոնք կը յայտարարեն, թէ Արցախի հարցը լուծուած է: Եւ կ՛աճապարեն նուիրականացնելու համար այդ ձեւակերպումը յատուկ պայմանագիրներով:

Ժամանակ շահելու, խաղաղապահ առաքելութիւնը երկարաձգելու եւ կարգավիճակի հարցը առկախելու մօտեցումներուն համար առնչուած ուժերը անպայման յղում կ՛ընեն Արցախի ժողովուրդի ցուցաբերած զանգուածային հանրահաւաքի երեւոյթին: Կը շեշտեն այդ ժողովուրդի իրաւունքներու յարգման սկզբունքը, անոր անվտանգութիւնը եւ նոյնիսկ ցեղասպանութեան ենթարկուելու վտանգը` Ազրպէյճանի կազմին մէջ վերադառնալու պարագային:

Պարտերազմ պարտուած, տարածքներ կորսնցուցած եւ գաղթականական նոր ալիք գրանցած Արցախի ժողովուրդին միահամուռ դիրքորոշումը ներկայ պայմաններուն մէջ ինքնորոշման իրաւունքի կամ անկախ ապրելու հանրաքուէի համազօր արարք էր: Ստեփանակերտը հերթական անգամ փաստեց, որ չի զիջիր իր մարդկային եւ ազգային տարրական իրաւունքներէն:

Հիմա պէտք է ըմբռնել ուրեմն այն կարեւորութիւնը, որ պիտի ստանայ Հայաստանի մէջ այսօր տեղի ունենալիք հանրահաւաքը` իբրեւ հետեւութիւն Արցախի հանրահաւաքին: Արցախեան ազատամարտը յաջողեցաւ, որովհետեւ Ստեփանակերտի շարժումը համակեց Երեւանը եւ այնուհետեւ սփիւռքը ամբողջ: Հայութիւնը ներկայացաւ ամբողջ աշխարհին մէկ պահանջով եւ միասնական պայքարեցաւ այդ պահանջի իրականացման համար:

Միասնական հանրահաւաքը եւս ունի քաղաքական հզօր ուղերձ փոխանցելու կարողականութիւն: Պաքուն, իր հասկացողութեամբ լուծելէ ետք Արցախի  խնդիրը, ներխուժած է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներ եւ այժմ կ՛ուզէ ի՛ր պատկերացումով իրականացնել սահմանազատում- սահմանագծում, ընտրովի քարտէսներու հիման վրայ:

Քաղաքական կացութիւնը այնպէս է, որ տարբեր շարժառիթներէ մեկնած միջազգային տարբեր կեդրոններ, տարբեր պետութիւններ կը պահանջեն ազրպէյճանական զօրքերու ելման դիրքեր վերադարձը. աւելի՛ն, կ՛արծարծեն Ազրպէյճանի գործադրած ռազմական յանցագործութիւններու խնդիրները: Կ՛որոշեն դիտորդներ, փաստահաւաքներ եւ սահմանագիծի վերահսկման նպատակով կարիքներու ուսումնասիրութեան գործիչներ ուղարկել շրջան: Այդ որոշումները կայծակնային արագութեամբ տեղի կ՛ունենան:

Հայաստանի ժողովուրդին զանգուածային բողոքը Ազրպէյճանի կողմէ միջազգային բազմաթիւ օրէնքներու խախտումներուն դէմ, կրնայ սաստկացնել Պաքուի դէմ արդէն իսկ սկսած ճնշումները:

Այսօրուան հանրահաւաքին մասնակցելով ժողովուրդը նպաստած կ՛ըլլայ`

  • Միջազգային ճնշումի սաստկացման` Հայաստան ներխուժած ազրպէյճանական զօրքերու հեռացման պահանջով:
  • Պաքուի գործադրած ռազմական յանցագործութիւններու միջազգային քրէականացման գործընթացին:
  • Ազրպէյճանի տրուող օժանդակութիւններու կասեցման եւ պատժամիջոցներու որդեգրման:
  • Սահմանազատման եւ սահմանագծման պարտադրուող բանակցութիւններու դադրեցման:
  • Թուրանական կամուրջի նախագիծի տապալման:
  • Եւ անշուշտ` Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի յարգման:

Հետեւաբար առնուազն կարճատեսութիւն են`  պատուիրուած հանրահաւաք, այս կամ այն կողմի վարկանիշին նպաստող կամ պարտադրուած բնութագիրներով ազգային կեցուածքը ներկայացնող հանրահաւաքներու նսեմացումը նպատակադրող յայտարարութիւններն ու գրառումները: Հանրահաւաքը ամբողջ միտուած է ապահովելու Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն ազգային պետական շահերը. եւ ներկայ քաղաքական պայմաններու նկատառումով առաւելներ ձեռք ձգելու` կարելիութիւններու լիարժէք օգտագործումով:

Ահա թէ ինչո՛ւ կարեւոր է այսօրուան հանրահաւաքին զանգուածայնացում:

Նախորդը

Փոիթին Պատուոյ Շքանշանով Պարգեւատրեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 86-ի Լուծում

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.