Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արծուիկ Մինասեան. «Հայ Ժողովուրդը Կրնայ Չեղեալ Յայտարարել Այն Գործարքը, Որ Կրնայ Տեղի Ունենալ»

Նոյեմբեր 10, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մեր քննարկումներուն նպատակը յստակ բացայայտելն է իշխանութեան կողմէ սահմանադրական հաստատութիւններու  ձախողութեան, սահմանադրական մարմիններու զաւթման յստակ ծրագրաւորուած մօտեցումները` ի խնդիր իրենց ազգակործան ծրագիրներու իրականացման, որ տուեալ պարագային պայմանաւորուած է նոյնինքն հայոց պետականութեան սպառնացող վտանգներով», այս մասին «Հայաստանի իրական օրակարգը» խորագիրով քննարկման ժամանակ, ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան:

«Պիտի ըլլան առանձին քննարկումներ, փաստերով պիտի ներկայացնենք ամբողջը, որպէսզի ժողովուրդն ալ տեսնէ, թէ ինչպիսի՛ իրաւական, հակաքաղաքական մեթոտներով կ՛իրականացուի այս զաւթման գործընթացը: Պիտի իրականացուին առանձին ներկայացումներ իրաւապահ մարմիններու գործողութիւններուն ուղղութեամբ` դատախազութիւն, ոստիկանութիւն եւ այլն: Պիտի ներկայացուին զինուած ուժերու կազմալուծման ուղղուած գործողութիւնները` իբրեւ յատուկ նպատակային գործողութիւններ: Այդ մեքանիզմներու խեղաթիւրումները, որոնք այսօր առկայ են Ազգային ժողովին մէջ, երբ իշխող քաղաքական մեծամասնութիւնը ակնյայտօրէն կը զաւթէ միջազգային խորհրդարանական սկզբունքով, պետական օրէնսդրութեամբ ամրագրուած հասանելի որոշակի լծակներ, ինչպէս կը ձեւախեղուի խորհրդարանական համակարգը, մարդու իրաւունքներու պաշտպան համակարգը, պատկերասփիւռի եւ ռատիոյի յանձնախումբը», ըսաւ ան:

Պատգամաւորը շեշտեց, որ իրենց նպատակն է ներկայացնել այս ուղղութիւնները, որպէսզի ժողովուրդը տեսնէ, թէ ինչպիսի՛ դաւադիր ծրագիր կ՛իրականացուի հայ ժողովուրդին նկատմամբ:

«Հայ ժողովուրդը` իր միասնականութեամբ, կրնայ չեղեալ յայտարարել այն գործարքը, որ կրնայ տեղի ունենալ: Ատոր համար շատ կարեւոր է հանրութեան ճիշդ ներկայացնել այս ամէնը: Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին վերաբերեալ իշխանութեան նենգափոխումներուն` սկսած իրենց օգտագործած բառապաշարէն, աւարտած` բանակցային գործընթացը խեղաթիւրելով, ձեռնածութիւններով», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Զախարովա. «Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անհրաժեշտ Աջակցութիւնը Տրամադրել Երեւանին Եւ Պաքուին»

Յաջորդը

Արմէն Ռուստամեան. «Իշխանափոխութիւնը Պէտք Է Դառնայ Փրկութեան Առաջին Քայլը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?