Գլխաւոր լուրեր

Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան  Սեւծովեան Շրջանի Անդամ Կազմակերպութիւններու  Երեւանեան Համաժողով

Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Սեւծովեան Շրջանի Անդամ Կազմակերպութիւններու Երեւանեան Համաժողով

Ծիծեռնակաբերդի բարձունք այցելութեամբ սկսաւ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան Սեւծովեան շրջանի անդամ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն երեւանեան համաժողովը: Համաժողովը հիւրընկալած է աշխարհի մեծագոյն երիտասարդական-քաղաքական այս կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ ՀՅԴ Երիտասարդականը: Երեւան եկած հիւրերը ողջունելով` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան նշեց, որ համաժողովը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի համար ծանր ու լարուած պայմաններու մէջ. ընդամէնը քանի մը օր առաջ Ազրպէյճան յարձակած է Հայաստանի ինքնիշխան...

Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Այսօր Կ՛այցելէ Հայաստան

Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այսօր Կ՛այցելէ Հայաստան

Այսօր աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան պիտի հասնի Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս: Ան հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարին պիտի ընդունի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:  

«2022-ի Պետական Ամավարկը Թիւերու  Բախման Եւ Սղաճի Ամավարկ Է»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«2022-ի Պետական Ամավարկը Թիւերու Բախման Եւ Սղաճի Ամավարկ Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հաստատեց, որ երէկ խորհրդարանի գիշերային նիստին իր մասնակցութիւնը չէ բերած, որովհետեւ համոզուած չէ եղած պատրաստուած պետական ամավարկով: «2022-ի պետական ամավարկը բարեկարգումի յստակ ծրագիր, ինչպէս նաեւ երկիրը վերականգնելու տնտեսական եւ ընկերային ամբողջական տեսլական չ՛ընդգրկեր: Այս ամավարկը թիւերու բախման եւ սղաճի ամավարկ է, իսկ քաղաքացին մեծագոյն տուժողն է», շեշտեց Յ....

Սփիւռքի Վերակազմակերպման Օրակարգով Առցանց Երրորդ Քննարկում

Սփիւռքի Վերակազմակերպման Օրակարգով Առցանց Երրորդ Քննարկում

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` 2022-ը «Սփիւռքի տարի» հռչակելուն առիթով, ուրբաթ, 23 սեպտեմբեր 2022-ին տեղի ունեցաւ երրորդ առցանց խորհրդակցութիւն-քննարկումը: Նիստին նախագահեց Արամ Ա., մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն` Խաչիկ Թէօլէօլեան, Երուանդ Զօրեան, Հայկ Օշական, Հայաստանէն` Ռուբէն Ճանպազեան, Ֆրանսայէն` Յովել Շնորհոքեան, Անգլիայէն` Հրաչ Գույումճեան, Հրաչ Չիլինկիրեան, Զուիցերիայէն` Թենի Սիմոնեան-Փիրի, Արժանթինէն` Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Լիբանանէն` Սեդա Խտըշեան, Շահան Գանտահարեան եւ Խաչիկ Տէտէեան: Նիստի բացումը կատարելով`...

Ակնարկ.   Սպասելով Ձեռնտու Պայմաններուն  Կամ Պետական Նաւի Աւազախրումին

Ակնարկ. Սպասելով Ձեռնտու Պայմաններուն Կամ Պետական Նաւի Աւազախրումին

Հիւսիսային Լիբանանէն դէպի Իտալիա մեկնող ապօրինի գաղթականութեան շղթայական առաքումներու վերջին խմբաքանակը սուրիական ջուրերուն մէջ ծովամոյն եղաւ: Աշխարհը ականատես եղաւ մարդկային ողբերգութեան հերթական արարին, երբ անտեսելով ամէն վտանգ եւ տրամադրելով մեծաթիւ գումարներ, ընտանիքներ կը հերթագրուին Լիբանանէն ապօրինի եղանակներով դուրս գալու: Ողբերգութիւններու շղթային հերթական արարը անշուշտ ունի ընկերաքաղաքական պատճառներ: Լիբանանի տնտեսական ահագնացող տագնապը, ապահովական անորոշութիւնը եւ շնչահեղձ եղած ընտանիքը փրկելու մղումը հզօր...

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու  Ընտրութիւններուն Քուէարկած Է  Ընտրողներու 50,47 Տոկոսը

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններուն Քուէարկած Է Ընտրողներու 50,47 Տոկոսը

Երէկ Հայաստանի 18 համայնքներու մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն մասնակցած է 119 հազար 469 ընտրող` քուէարկութեան իրաւունք ունեցող (236 հազար 724) քաղաքացիներու 50,47 տոկոսը, կը տեղեկացնէ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը: Առաւել աշխուժը Քաջարանը եղած է` 77,77 տոկոս, ընտրութիւններուն ամէնէն քիչը մասնակցած են Ջրվէժի մէջ` 27,20 տոկոս: Համամասնական ընտրակարգով հերթական ընտրութիւններ կատարուած են Արագածոտնի, Գեղարքունիքի, Լոռիի, Կոտայքի, Շիրակի, Սիւնիքի, Վայոց...

Նիւ Եորքի Մէջ.  Միրզոյեան-Ապտոլլահեան Հանդիպում

Նիւ Եորքի Մէջ. Միրզոյեան-Ապտոլլահեան Հանդիպում

Իրանը անթոյլատրելի կը նկատէ շրջանին մէջ սահմաններու եւ աշխարհաքաղաքականութեան որեւէ փոփոխութիւն: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման ընթացքին իրանական կողմի դիրքորոշումը ներկայացուցած է այդ երկրի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը: Նախարարները հանդիպած են Նիւ Եորքի մէջ, ուր կը մասնակցէին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 77-րդ նստաշրջանին: Նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած է Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ...

Մոսկուայի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Հայաստանի  Եւ Ազրպէյճանի Փոխվարչապետներու  Ոչ Պաշտօնական Հանդիպումը

Մոսկուայի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Փոխվարչապետներու Ոչ Պաշտօնական Հանդիպումը

Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Եագուպ Էյուպով Մոսկուայի մէջ ոչ պաշտօնական մթնոլորտի մէջ հանդիպում ունեցած են: «Սփութնիք Արմենիա»-ի հետ զրոյցի ընթացքին տեղեկութիւնը հաստատած են փոխվարչապետի գրասենեակէն: Գրիգորեանն ու Էյուպովը Մոսկուայի մէջ կը մասնակցին Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի եւ Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան (ԱՊՀ) տնտեսական խորհուրդի հերթական նիստերուն: Փոխվարչապետներու հանդիպումն ու զրոյցը տեղի ունեցած են խորհուրդի նեղ կազմով նիստէն ետք` ընդմիջումի...

Մինչ Մահուան Նաւուն Պատճառած Զոհերուն  Դիակները Փնտռելու Աշխատանքը Կը Շարունակուի,  Խորհրդարանը Այսօր Կը Շարունակէ Իր Լիագումար Նիստը

Մինչ Մահուան Նաւուն Պատճառած Զոհերուն Դիակները Փնտռելու Աշխատանքը Կը Շարունակուի, Խորհրդարանը Այսօր Կը Շարունակէ Իր Լիագումար Նիստը

Մինչ մահուան նաւուն պատճառած զոհերուն դիակները փնտռելու աշխատանքը կը շարունակուի Թարթուսի մէջ, Լիբանանի խորհրդարանը այսօր կը շարունակէ 2022-ի պետական ամավարկի քննարկման եւ վաւերացման իր լիագումար նիստը, որ աւարտած էր օրինաթիւի խախտումին պատճառով: Անկախ այն իրականութենէն, թէ ի՛նչ փոխուած պիտի ըլլայ պատրաստուած պետական ամավարկին մէջ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հրաւիրած է ցերեկային եւ գիշերային նիստերու` ամբողջացնելու համար քննարկումները: Միւս կողմէ, Դրամատուներու...

Անդրադառնալով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի  Եւ Նախկին Նախագահներու Հանդիպումին.  «Ժամանակ Չունինք, Լուծումները Պէտք Է Արագ Ըլլան»  Կ՛ըսէ Իշխան Սաղաթէլեան

Անդրադառնալով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Եւ Նախկին Նախագահներու Հանդիպումին. «Ժամանակ Չունինք, Լուծումները Պէտք Է Արագ Ըլլան» Կ՛ըսէ Իշխան Սաղաթէլեան

«Հանդիպման մանրամասնութիւններուն տեղեակ եմ: Այս պահուն կրնամ ըսել հետեւեալը, որ կայ հանրային մեծ, արդարացուած սպասում` այդ ձեւաչափէն շատ յստակ գործնական քայլեր եւ առաջարկներ լսելու», «Երկիր Մետիա»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ, անդրադառնալով Ամենայն հայոց կաթողիկոսի հրաւէրով` Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, Ռոպերթ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի, Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի հանդիպումին, ըսած է Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր,...

«ՀՅ Դաշնակցութիւնը Իր Կեցուածքներուն Մէջ  Առանձնայատուկ Է, Եւ Կարելի Չէ  «Մարտահրաւէրի Նախագահ» Ունենալ»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«ՀՅ Դաշնակցութիւնը Իր Կեցուածքներուն Մէջ Առանձնայատուկ Է, Եւ Կարելի Չէ «Մարտահրաւէրի Նախագահ» Ունենալ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին երէկ անդրադարձաւ նախագահական ընտրութեան մասին ՀՅ Դաշնակցութեան կեցուածքին: Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հզօր Լիբանան համախմբումին մէջ միաձուլուած չէ, այլ` անոր դաշնակից է` աւելցնելով, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ցարդ որոշում չէ տուած նախագահական ընտրութեան հարցով: «Չեմ կարծեր, որ որեւէ կուսակցութիւն...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հարաւային  Ֆրանսայի Նահանգի Նախագահ Ռընօ Միւսելիէն

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հարաւային Ֆրանսայի Նահանգի Նախագահ Ռընօ Միւսելիէն

Ուրբաթ, 23 սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, հարաւային Ֆրանսայի նահանգի նախագահ Ռընօ Միւսելիէ այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Անոր կ՛ընկերակցէին տասը հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը եւ թղթակիցներ: Հանդիպումը տեւեց աւելի քան ժամ մը: Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան, Լիբանանի հայութեան, Հայաստանի ու Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Ֆրանսա եւ Հայաստան-Ֆրանսա իւրայատուկ յարաբերութեան: Այս ծիրին մէջ...

«Պուրճ Համուտ 2021-2031, Ծրագիրի  Արձանագրութեան» Ստորագրութիւն` Պուրճ Համուտի  Քաղաքապետութեան Եւ Ֆրանսական   Պատուիրակութեանց Միջեւ

«Պուրճ Համուտ 2021-2031, Ծրագիրի Արձանագրութեան» Ստորագրութիւն` Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Եւ Ֆրանսական Պատուիրակութեանց Միջեւ

«Պուրճ Համուտ 2021-2031. միասին` վասն աւելի լաւ ներկայի ու ապագայի» նշանախօսքով ծրագիրի երկրորդ փուլի մեկնարկման արձանագրութիւնը ստորագրուեցաւ երէկ` ուրբաթ, 23 սեպտեմբեր 2022-ի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ Ֆրանսական պատկան պատուիրակութեանց ներկայացուցիչներուն միջեւ: Ձեռնարկին ներկայ էին Պուրճ Համուտի եւ Զալքայի քաղաքապետները, Պուրճ Համուտի թաղապետներ, ներկայ եւ նախկին նախարարներ, հարաւային Ֆրանսայի շրջանի նախագահ...

«Ազդակ»-ի 52-րդ Լսարան.  «Հայ Շարականագիտութիւնը Շատ Բան Կը Պարտի Պետրոս Պիանքինիին». Դոկտ. Հայկ Իւթիւճեան

«Ազդակ»-ի 52-րդ Լսարան. «Հայ Շարականագիտութիւնը Շատ Բան Կը Պարտի Պետրոս Պիանքինիին». Դոկտ. Հայկ Իւթիւճեան

«Ազդակ»-ի առցանց 52-րդ լսարանին նիւթն էր «Պետրոս Պիանքինի եւ Ս. Ղազար. իտալացի «կտրիճ երաժիշտը» եւ իր սիրած «վսեմ ու երկնային եղանակները»: Դասախօսեց Փրակայի  Կարոլեան  համալսարանի երաժշտական  համոյթներու երաժշտապետ փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Փրոֆ. Իւթիւճեան նախ հաստատեց Պիանքինիի եզակի դէմք ըլլալու իրողութիւնը: Իտալացի հանճարեղ երգահան մը, որ 1850-ական թուականներուն գրի առած է  Վենետիկի...

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Հայաստանի Եւ Արցախի Նախկին Նախագահները Քննարկած Են Հայաստանի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Հայաստանի Եւ Արցախի Նախկին Նախագահները Քննարկած Են Հայաստանի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգը մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, Հայաստանի եւ Արցախի նախկին նախագահներու հանդիպման վերաբերեալ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգը հանդիպման մասին հետեւեալ հաղորդագրութիւնը տարածած է. «22 սեպտեմբերին, հրաւէրով Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում` մասնակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահներ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, Ռոպերթ Քոչարեանի, Սերժ...

Նիւ Եորքի Մէջ.   Վարչապետ Միքաթի Կը Պահանջէ Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձը

Նիւ Եորքի Մէջ. Վարչապետ Միքաթի Կը Պահանջէ Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ Լիբանանը կը ներկայացնէ ՄԱԿ-ի 77-րդ Ընդհանուր ժողովին, երէկ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ հաստատեց, որ աշխարհը այսօր կը դիմագրաւէ լուրջ հարցեր, ինչպէս նաեւ զինեալ տագնապներ, որոնք կը մտահոգեն բոլորս: Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին եւ Լիբանանի մէջ գործող ՄԱԿ-ի բոլոր կառոյցներուն, որոնք կը փորձեն մեղմացնել լիբանանցիներուն տնտեսական եւ ելեւմտական բեռը:...

Արամ Մանուկեանի Պատգամներով Պէտք Է Շարունակենք Պայքարը

Արամ Մանուկեանի Պատգամներով Պէտք Է Շարունակենք Պայքարը

«Այսօր մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք մեր նորագոյն պատմութեան հերոսներէն Արամ Մանուկեանի յիշատակին, մարդ, որ մարմնացումն է հայոց պետականութեան գաղափարի, հայ բազուկի ամրութեան, հայի գաղափարի պաշտանմունքին, հայրենիքի հանդէպ սիրոյ»։Այս մասին այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի շիրիմին մօտ յայտարարեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան: «Արամ Մանուկեանի պատգամով, անոր էութեամբ սերունդներ սնած են և մեզի համար ուրախութիւն է, որ իր շուրջը  հաւաքուած իր...

Վեհափառ Հայրապետին Նախագահութեամբ Կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք Սուրբ Աստուածածին Վանքին Մէջ

Վեհափառ Հայրապետին Նախագահութեամբ Կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք Սուրբ Աստուածածին Վանքին Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով, Չորեքշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ խորանին առջեւ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու ու Դպրեվանքի աշակերտութեան, կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք։ Արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, ընկերակցութեամբ դեսպանատան անձնակազմին, ինչպէս նաեւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի։ Արարողութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ տեղի...

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ռուսիա Պէտք Է Աւելի Վճռական Ըլլայ»

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ռուսիա Պէտք Է Աւելի Վճռական Ըլլայ»

Բոլորս ալ գիտենք, որ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման գլխաւոր դերակատարը Ռուսիան է` հակառակ տարբեր խաղերու եւ յայտարարութիւններու: Բայց նաեւ պէտք չէ թերագնահատել Ֆրանսայի թափած ճիգը` հարցը ՄԱԿ-ի խորհուրդ տանելով: Այդ եւս ողջունելի է: Մենք միշտ ալ ըսած ենք, որ գնահատելով մէկտեղ Ռուսիոյ ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը, կը ցանկանք Ռուսիայէն տեսնել աւելի վճռական կեցուածք եւ քիչ մը աւելի իրապաշտ մօտեցում Ատրպէյճանի ոտնձգութիւններուն նկատմամբ,...

Page 279 of 796 1 … 278 279 280 … 796

Արխիւներ