ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, երէկ` հինգշաբթի, 10 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Զալքայի «Ուորուիք Սթոն 55» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 10-րդ խորհրդաժողովի պաշտօնական բացումը` ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, հոգեւոր առաջնորդներու, պաշտօնական հիւրերու, ՀՄԸՄ-ի ներկայ եւ նախկին Կեդրոնական վարչութիւններու անդամներու եւ խորհրդաժողովին մասնակից` 22 շրջաններու ներկայացուցիչներու:
Հանդիսութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ծովակ Թազեան-Թիւթէլեան: Հիւրընկալ շրջանի` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց ատենապետ Հայկ Թապագեան: ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պատգամը ուղղեց ատենապետ Վաչէ Նաճարեան, իսկ փակման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:
Կիրարկուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր եւ ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի 104 տարիներու երթը ներկայացնող յատուկ տեսանիւթ:
Յայտնենք, որ խորհրդաժողովը իր աշխատանքներուն կը սկսի այսօր առաւօտեան եւ նիստերը կը շարունակէ մինչեւ վաղը երեկոյ: Այսօր, խորհրդաժողովի մասնակիցները «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ ընթրիքի հիւրը կ’ըլլան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքին, վաղը երեկոյեան կը մասնակցին ՀՄԸՄ-ի 104-ամեակի ճաշկերոյթին, իսկ կիրակի օր ներկայ կը գտնուին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ նահատակ եւ ննջեցեալ ՀՄԸՄ-ականներու յիշատակին կատարուելիք հոգեհանգստեան արարողութեան, որմէ ետք անոնք իրենց յարգանքի տուրքը կը մատուցեն Եղեռնի նահատակաց Անթիլիասի յուշարձան-մատրան առջեւ: Ապա անոնք կը ստանան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութիւնները:
Այնուհետեւ, խորհրդաժողովին մասնակիցները ներկայ կը գտնուին Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան նահատակներու եւ ննջեցեալներու յիշատակին կատարուած հոգեհանգիստին: