Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ի՞նչ Հաղորդեց Ուաշինկթընը

November 11, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Նետ Փրայս տասը օր առաջ մեկնաբանելով Սոչիի եռակողմ հանդիպումը կը վերաշեշտէր, թէ իր պետութիւնը պիտի շարունակէ ներգրաւուիլ յաջորդ ամիսներուն` դիւրացնելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկկողմանի հոլովոյթներու հետ, ինչպէս նաեւ բազմակողմանի կազմակերպութիւններու միջոցով քննարկումները:

Այստեղ որեւէ սլաք չկայ ռուսական միջնորդութեան. կայ սակայն յստակ փոխանցում, որ Ուաշինկթընը պիտի շարունակէ աշխուժօրէն ներգրաւուած մնալ այս գործընթացին: «Յաջորդող ամիսներ» բառակապակցութիւնը մտածել կու տայ, որ մինչեւ տարեվերջ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու ժամկէտը կը հեռանայ այս ձեւով: Ըստ Նետ Փրայսի, յաջորդող ամիսներուն քննարկումները պիտի շարունակուին: Երկրորդ յատկանշական նշումը` «բազմակողմանի կազմակերպութիւններն են», որոնք եւս պիտի  ներգրաւուին այս բանակցութիւններուն եւ քննարկումներուն: Կը թուի, որ խօսքը առաւելաբար եւրոպական կառոյցներուն կը վերաբերի, գուցէ նաեւ յատկապէս` ԵԱՀԿ-ին:

7 նոյեմբերին Ուաշինկթընի մէջ փակագիծերը աւելի կը բացուէին, երբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը Երեւան-Պաքուի միջնախարարական ձեւաչափով տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին կը յայտարարէր, որ Միացեալ Նահանգներ վճռականօրէն կ՛աջակցին թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ազրպէյճանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան. եւ թէ` 1991 թուականի անկախութեան վերականգնումը կենսականօրէն կարեւոր պահ էր երկու երկիրներու իրաւունքներու երաշխաւորման համար. իրաւունքներ, որոնց Միացեալ Նահանգներ մեծապէս կ՛աջակցին:

Պլինքըն կը յայտնէր, որ արդարացի է նաեւ ըսել, որ Լեռնային Ղարաբաղի աւելի քան երեսուն տարուան տագնապը պատճառած է հսկայական մարդկային, նիւթական կորուստներ` կորսուած կեանքեր, խոր սպիներ: «Սակայն այն, ինչ որ մենք հիմա կը տեսնենք, երկու երկիրներուն կողմէ անցեալը ետին ձգելու եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ աշխատելու իրական եւ խիզախ քայլեր են»:

Այստեղ, հայկական կողմին համար կրնայ որոշ դրական տրամադրութիւն յառաջացնել Լեռնային Ղարաբաղի յուշումը. ուշադիր ընթերցում մը պիտի բաւէ յստակօրէն իմանալու, որ հարցը անցեալին ձգելու յորդոր կայ. եւ պարզապէս մարդասիրական պարունակի մէջ պատերազմի սպիները վերացնելու ցանկութիւն: Քաղաքականօրէն անբովանդակ է ամերիկացի դիւանագէտին Արցախի մասին նշումը: Կը մօտենայ հաւանաբար «Արցախի հարցը անցեալ է» Պաքուի յայտարարութիւններուն:

Յետքայլը սակայն այլ ուղղութեան վրայ է. պաշտօնական Ուաշինկթընը քանի մը անգամ պահանջեց Պաքուէն հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներ ներխուժած իր զօրքերը վերադարձնելու ելման կէտեր: Այստեղ նահանջ կայ այդ պահանջէն: Աւելի ճիշդ, այդ պահանջը կը բացակայի յայտարարութենէն:

Պլինքըն պարզ դարձուցած է նաեւ այն, որ  արտաքին գործոց նախարարները միտքեր փոխանակած են հաւանական խաղաղութեան համաձայնագիրի տարրերուն վերաբերեալ եւ արձանագրած, որ գոյութիւն ունին շարք մը խնդիրներ, որոնք տակաւին հասցէագրման կարիք ունին: Երկու կողմերը վերահաստատած են 6 հոկտեմբերին Փրակայի եւ 31 հոկտեմբերին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն ստանձնած յանձնառութիւնները, կ՛արձանագրէ ամերիկացի գլխաւոր դիւանագէտը:

Սոչիի յիշատակումը Փրակայի կողքին Ուաշինկթընի մէջ կ՛ընդգծէ ամերիկեան մօտեցումը ռուսական եւ արեւմտեան միջնորդները փոխլրացուցիչ նկատելու: Կարեւոր կէտը այստեղ այն է, որ Պլինքըն եւս իր մամլոյ քարտուղարին նման կը խօսի գործընթացին երկարատեւութեան մասին, երբ կը շեշտէ, թէ գոյութիւն ունեցող խնդիրները տակաւին հասցէագրման կարիք ունին: Գործընթացին երկարատեւ ըլլալը կը հարուածէ Ազրպէյճանի շտապողականութիւնը` համաձայնութիւնը մինչեւ տարեվերջ կնքելու, միւս կողմէ արդէն իսկ յայտարարուած հասցէագրումը վերստին ճշդելի կը դարձնէ: Ուաշինկթընը հասցէագրած էր իր մեղադրանքը Ազրպէյճանին` պահանջելով ելման դիրքեր վերադարձ: Հիմա ընդհանրացուցած է խնդիրը նման ձեւակերպումով:

Գործընթացը երկարատեւ նկատելու ամերիկեան այս կեցուածքը բնականաբար չվրիպեցաւ Պաքուի արտաքին գործոց նախարարի ուշադրութենէն, որ անմիջապէս հակազդեց` յայտարարելով, որ Պաքուն պատրաստ է կարելի եղածին չափ արագ ստորագրելու հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագիրը:

Հերթը դարձեալ ամերիկացի պաշտօնեային էր հակազդելու: Այսպէս. Նետ Փրայս կը շեշտէր, որ «Միացեալ Նահանգներ չեն փորձեր, չեն ուզեր եւ նոյնիսկ չեն ալ կրնար համաձայնագիր պարտադրել երկու կողմերուն: Մենք պարզապէս կը տրամադրենք վայր եւ կը ստեղծենք կարելիութիւն, որպէսզի երկու կողմերը հանդիպին, հասկնան իրենց տարակարծութիւնները, որոնք բաւական շատ են, եւ փորձեն հարթել զանոնք»:

Ուրեմն. «բաւական շատ» որակուած տարակարծութիւնները չեն կրնար հարթուիլ «կարելի եղածին չափ արագ» կշռոյթով, ինչպէս կը փափաքի Պաքուն:

Այստեղ կար նաեւ պատասխան` ուղղուած Մոսկուային, որ խօսած էր համաձայնութեան ամերիկեան նախագիծի առկայութեան մասին, ուր Արցախը կը նկատուէր Ազրպէյճանի մաս: Ամերիկացի դիւանագէտը կ՛ուզէր յայտնել, որ համաձայնութեան նախագիծ նոյնիսկ չեն փորձեր պարտադրել:

Վերջապէս ամերիկեան միջնորդութեամբ  համաձայնութեան հասնելու համար Փրայս կու տար Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի օրինակը: Այս գործընթացին մօտէն հետեւողները կրնան պատկերացնել, որ նման օրինակ տալով ժամանակի առումով ի՛նչ ոդիսականի մասին ակնարկութիւն կ՛ընէ Ոաշինկթընի ներկայացուցիչը: Մագոգային հանդիպումներ, անաւարտ այցելութիւններ, դիւանագիտական եռուզեռ, սրբագրութիւններ, վերախմբագրումներ, տեղաշարժի եւ յետքայլի երկարատեւ ելեւէջներ…

Անշուշտ այս բոլորին մէջ պէտք է ընկալել այն, որ Ուաշինկթընը Հարաւային Կովկաս թափանցելու համար պէտք ունի երկարատեւ գործընթացներու` փուլ առ  փուլ իր ներկայութիւնը այնտեղ հաստատելու համար: Արագ կարգաւորումը, այս անգամ Արցախի ուղղութեամբ, պարզուեցաւ, որ ձեռնտու չէ նաեւ Մոսկուայի համար, որ բնականաբար պիտի ուզէ իր զօրքերու տեղակայման համաձայնութիւնը երկարաձգել:

Ազդեցութեան գօտիներու հակամարտութեան մէջ եղող ամերիկեան եւ ռուսական կողմերը այս պահու դրութեամբ կը խօսին երկարատեւութեան եւ երկարաձգման մասին: Հայկական դիւանագիտութիւնը ժամանակ շահելու առումով առիթաւորուելու կարելիութիւն ունի:

«Ա.»

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Պրիւքսելի Մէջ Հանդիպած Է Եւրոպայի Ընկերվարական Կուսակցութեան Ղեկավարութեան Հետ

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Բուռն Կերպով Դատապարտեց Քուաշրա Գիւղին Մէջ «Ազրպէյճանի Նահատակներու» Յիշատակին Յուշարձանի Կանգնեցումը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.