Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեան. «Իշխանափոխութիւնը Պէտք Է Դառնայ Փրկութեան Առաջին Քայլը»

Նոյեմբեր 10, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Այս քննարկումները կը կրեն ակադեմական բնոյթ: Մենք պէտք է մտածենք, թէ ինչպէ՛ս հասնինք ատոր կիրարկման: Այդ առումով կանգնած ենք շատ լուրջ խնդիրի առջեւ, իսկ ժամանակը չ՛աշխատիր մեր օգտին», այս մասին «Հայաստանի իրական օրակարգը» խորագիրով քննարկման ժամանակ ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան:

«Սթաթիւս քոն, որ ստեղծուած էր թէ՛ երկրի ներսը, թէ՛ երկրէն դուրս գոյութիւն ունի, ուղղակի կը բացառէ, որ մենք երթանք պայմանագիրի մը, որ մեզի համար նպաստաւոր ըլլայ, այդ պայմանագիրը կործանարար պիտի ըլլայ եւ ատիկա ակնյայտ է: Մեր ժողովուրդը չի գիտակցիր ատիկա: Եթէ կ՛երթաս գործընթացով մը այն պայմաններուն մէջ, որ ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը խախտուած է` յօգուտ քու թշնամիիդ, բնականաբար լաւ բան ակնկալելը անիմաստ է: Պատմութեան մէջ նման բան չէ եղած, որ ըլլայ անհաւասարութիւն` ի վնաս քեզ, ու դուն ստանաս քու օգտիդ բխող որոշում: Ռազմաքաղաքական հաւասարութիւնը խախտուած է Ռուսիոյ կողմով, քանի որ ան զբաղուած է Ուքրանիայով: Մեր ամէնէն կարեւոր դաշնակիցը ունի իր խնդիրը` ամրապնդելու իր դիրքերը քարտէսին վար: Այս ամէնէն օգտուած են Թուրքիան ու Ազրպէյճանը եւ մտած են մեր տարածք», ըսաւ ան:

Պատգամաւորին համաձայն, պայմանները կործանարար են մեզի համար: Երբ կը շեշտուի մինչեւ տարեվերջ` ատիկա ոչինչ պիտի փոխէ:

«Պէտք է աշխատիլ միջոցներուն վրայ: Մենք պէտք է գտնենք այնպիսի երկիրներ, որոնց համար մեր կենսական զիջումները իրենց համար ալ կենսական զիջումներ են: Ամէնէն ակնյայտ դրսեւորումը Իրանն է, որ կ՛ըսէ, որ պիտի պաշտպանէ իր կարմիր գիծը բոլոր միջոցներով: Մենք այսօր ունինք բազմաթիւ կարեւոր հարցեր` խեղաթիւրուած է հանրային ընկալումը: Մարդոց կը թուի, թէ իրենք ժողովրդավարական երկրի մէջ են, բայց ատիկա այդպէս չէ: Երկրին մէջ տեղի կ՛ունենայ պետական զաւթման գործընթաց», նշեց ան:

Դաշնակցական գործիչը կը նշէ, որ մարդոց զգալի մասը այդպէս ընկալած է, որ տալ Արցախը` պահելու համար Հայաստանը, իսկապէս փրկութիւն է:

«Եթէ կրնանք, պէտք է զօրաշարժի ենթարկուինք եւ կանխենք այս վիճակը: Եթէ չկարենանք լուծել այս հարցը, ապա պիտի երթանք այն ճանապարհով, որ մեզի անընդհատ պէտք է թելադրեն, թէ՛ ներսէն, թէ՛ դուրսէն: Իշխանափոխութիւնը պէտք է դառնայ փրկութեան առաջին քայլը: Ազգը չեն համախմբեր յանձնուելու համար, ազգը պէտք է համախմբել համազգային նպատակի շուրջ: Այդ նպատակը այս կենսական զիջումները բացառելու հետ կապուած է: Ժողովուրդը պէտք է հասկնայ, որ Արցախը տալը փրկութիւն չէ, որովհետեւ իրենց ախորժակը բոլորովին այլ ուղղութեամբ է: Թուրք-ազրպէյճանական դաշինքը իր ցանկութիւններուն պիտի հասնի ամէն ձեւով, ատիկա Հայաստանի ոչնչացումն է: Ատիկա կ՛իրականացուի 3 գործօնով` Արցախը, Սիւնիքը եւ մեր աթոմակայանը: Բոլոր քննարկումները անոնց շուրջ են: Աշխարհին միայն անոնք հետաքրքրական են: Եթէ հրաժարինք այդ 3 գործօններէն` Հայաստանը կը վերանայ: Այս ահազանգը պէտք է հնչեցուի երկիրը ճիշդ ընթացքի բերելու պայմանով»:

Նախորդը

Արծուիկ Մինասեան. «Հայ Ժողովուրդը Կրնայ Չեղեալ Յայտարարել Այն Գործարքը, Որ Կրնայ Տեղի Ունենալ»

Յաջորդը

«Սիսի Կաթողիկոսութեան Պատմականը, Եւ Թէ Ինչպէ՛ս Փոխադրուած Է Լիբանան, Անթիլիաս» Նիւթով Դասախօսութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?