Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Թեհլիրեան» Ակումբի Վերանորոգուած Սրահի Բացում

Նոյեմբեր 14, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ «Թեհլիրեան» ակումբի վերանորոգ սրահի բացումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 12 նոյեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին` ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ընկերներուն, Պուրճ Համուտի, Ժտէյտէի եւ Հատասի քաղաքապետներուն, նախկին եւ ներկայ երեսփոխաններու եւ նախարարներու, ՀՅԴ Լիբանանի կոմիտէներու ներկայացուցիչներու եւ ուղեկից միութիւններու եւ շրջանի ժողովուրդին:

«Թեհլիրեան» կոմիտէին անունով խօսք առաւ Քրիսթին Սրապոնեան, որ յայտնեց, թէ հաւաքուած ենք «Սողոմոն Թեհլիրեան»-ի վերանորոգուած սրահի բացման արարողութեան մասնակցելու, բարերարութեամբ` նախկին  երեսփոխան Ալեքսան Մաթոսեանի: Սրապոնեան հաստատեց, որ այս սրահը պիտի յատկացուի ժողովուրդին հետ առնչուած տարբեր ծրագիրներու գործադրութեան:

Ապա խօսք առաւ «Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Ռոպեր Էշքիեան, որ նշեց, թէ  այս օրերը կը զուգադիպին ՀՅԴ 132-ամեակի տօնակատարութիւններուն եւ առիթ կը հանդիսանան, որ Դաշնակցութիւնը ներկայանայ ժողովուրդին իր կատարած եւ կատարելիք ծառայութիւններուն մասին խօսելու համար:

Այս առաջադրանքներու պարունակին մէջ է, որ ՀՅԴ «Թեհլիրեան» կոմիտէն ձեռնարկած է իր սրահի վերանորոգման աշխատանքներուն: Այս աշխատանքները բնականաբար ինքնանպատակ չեն եւ կը միտին աւելի սերտացնել ժողովուրդ- կուսակցութիւն կապը:

Այս աշխատանքի իրականացման համար,  նշեց Էշքիեան, կոմիտէն վայելեց նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետին, ինչպէս նաեւ կոմիտէի նուիրատուներուն: Ռոպեր Էշքիեան յատուկ կերպով նշեց բարերարութիւնը նախկին երեսփոխան Ալեքսան Մաթոսեանին, որ նաեւ մօտէն հետեւեցաւ սրահի վերանորոգման աշխատանքներուն:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը ուղղեց Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ հատատեց, որ շատ մը կազմակերպութիւններ, կուսակցութիւններ ընտրական շարժառիթներով նախընտրական-յետընտրական շրջաններուն կը բանան եւ ապա կը փակեն կեդրոններ: Մեր կեդրոնները մնայուն են եւ կը նպատակադրեն ժողովրդային տունի հանգամանքով մնայուն ծառայել ժողովուրդին: Մեր ակումբները ժողովրդային տուներ են եւ միայն ընտրական նպատակ չեն հետապնդեր: Մեր ժողովրդային տուները բաց են բոլորին առջեւ, բոլոր անոնք, որոնք մուտք կը գործեն այս տուներէն ներս, կ՛արժանանան գուրգուրանքի եւ ընկերական վերաբերումի:

Այս վերանորոգ սրահը պիտի ըլլայ նաեւ երիտասարդական կեդրոն, հաճելին եւ օգտակարն ու դաստիարակչականը իրար միաձուլելով միջավայր պիտի դառնայ`  երիտասարդական առողջ միջավայր ձեւաւորելով: Բագրատունի գնահատեց բարերար Ալեքսան Մաթոսեանին այս նախաձեռնութիւնը` շեշտելով, որ նման աջակցութիւններով է, որ կարելի կ՛ըլլայ իրականութիւն դարձնել մեր առաջադրանքներուն համապատասխան ծրագիրներ եւ շարունակել միշտ ծառայել մեր ժողովուրդին:

«Այս կեդրոնը մեր ժողովուրդին է, ապրեցուցէ՛ք զայն, ու միասնաբար կը պահենք մեր ազգային ու հայեցի դիմադրականութիւնը», եզրակացուց Յակոբ Բագրատունի:

Նախորդը

Ընթրիք-Հանդիպում` Համազգայինի Լիբանանի Կառոյցի

Յաջորդը

Անթիլիասի Մայրավանք Եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք Այցելութեամբ` ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 10-րդ Խորհրդաժողովը Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?