Ռուսիան պիտի շարունակէ Երեւանին եւ Պաքուին տրամադրել անհրաժեշտ աջակցութիւնը` յանուն Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:
«Այսօր` 9 նոյեմբերին, կ՛ամբողջանայ Ռուսիոյ նախագահին, Ազրպէյճանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ լիակատար զինադադարի եւ բոլոր զինուորական գործողութիւններու դադրեցման մասին որդեգրուած յայտարարութեան երկու տարին: Տուեալ քայլը արտօնեց վերջ տալ արիւնահեղութեան եւ շրջանին մէջ խաղաղ կեանքի հաստատման հոլովոյթ սկսիլ», ըսած է Զախարովա:
Ան նաեւ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու գործունէութեան:
«9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան համաձայն տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը արդիւնաւէտ կերպով կը կատարէ իր առջեւ դրուած խնդիրները, զգալի ներդրում ունեցած է շրջանին մէջ կացութեան կայունացման եւ անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ: Ատիկա կը գնահատեն մեր ազրպէյճանցի եւ հայ բարեկամները: Ղեկավարներու երկկողմանի յայտարարութիւնները, որոնք ամրագրուած են 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի, 31 հոկտեմբեր 2022-ի յայտարարութիւններուն մէջ, հիմք հանդիսացած են Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու համալիր կարգաւորման հոլովոյթի մեկնարկին համար», նշած է ան:
Զախարովա նաեւ շեշտած է, որ երեք երկիրներու փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ աշխատանքային խումբի ծիրին մէջ մեծ աշխատանք կատարուած է Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ուղղութեամբ:
«Համաձայն երկիրներու ղեկավարներու 26 նոյեմբեր 2021-ի որոշման, իր աշխատանքին սկսած է հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ հետագայ սահմանագծման երկկողմանի յանձնախումբը` Ռուսիոյ խորհրդատուական աջակցութեամբ: Տուեալ մեքանիզմի աշխատանքը կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանի կացութեան կայունացման համար», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Զախարովա աւելցուցած է, որ սերտ համակարգում տեղի կ՛ունենայ հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախապատրաստման հարցով:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը շեշտած է, որ Ռուսիան պիտի շարունակէ Երեւանին եւ Պաքուին տրամադրել անհրաժեշտ աջակցութիւնը` յանուն Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման:


