Երեւանն ու Պաքուն լրջօրէն կը ձգտին խաղաղութեան: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս` մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը:
«Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն 7 նոյեմբերին Պլեր Հաուսի մէջ հիւրընկալած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը, որպէսզի նպաստէ կայուն խաղաղութեան համաձայնագիրի յառաջ մղման», կը նշուի Փրայսի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Ամերիկացի պաշտօնատարը նաեւ կ՛աւելցնէ. «Երէկուան հանդիպումը կը վկայէ, որ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը երկխօսութեան աշխուժացման ճամբով լրջօրէն կը ձգտին խաղաղութեան: Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան աջակցութեան»:
Փրայս նաեւ երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին խօսելով ուաշինկթընեան եռակողմ հանդիպումին մասին ըսաւ. «Կարեւոր է նշել, որ երկու գործընկերներու` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պաշտօնակիցներու հետ արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի հանդիպումէն ետք երկու երկիրները միացեալ յայտարարութիւն կատարեցին»:
«Միացեալ յայտարարութիւնը այս երկու երկիրներու ծիրին մէջ (…) շատ դրական նշան է, որ երկիրները կրնան համաձայնութեան գալ ո՛չ միայն միացեալ յայտարարութեան, այլ նաեւ բուն հարցի շուրջ»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նշած է, որ արտաքին գործոց նախարարները համաձայնած են աշխուժացնել բանակցութիւնները եւ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին նոր հանդիպում կազմակերպել:
«Հանդիպումի ժամանակ արտաքին գործոց նախարարները համաձայնած են արագացնել բանակցութիւնները եւ յառաջիկայ շաբաթներուն կազմակերպել յաւելեալ հանդիպում մը: Անոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի, ամերիկեան կողմին` երէկուան քննարկումները կազմակերպելու համար: Պէտք է նշեմ, որ արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն երէկ ներգրաւուած էր քննարկումներուն, սակայն երկու կողմերը օրուան ընթացքին կարելիութիւն ունէին հանդիպելու եւ փորձելու հարթել իրենց տարակարծութիւնները, որոշ պարագաներու` առանց Միացեալ Նահանգներու գործօն մասնակցութեան», նշած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
«Մենք կը շարունակենք յանձնառու մնալ Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ խաղաղ ապագայի խթանման: Կը կարծենք, որ շարունակական ուղիղ երկխօսութիւնը առանցքային է խնդիրներու լուծման եւ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու համար», նշած է Փրայս:
Դիւանագէտը նաեւ շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգներ այս գործին մէջ միջնորդի դեր ունին, երկու երկիրներուն հանդիպելու կարելիութիւն ընձեռած են, սակայն չեն կրնար կողմերուն որեւէ բան պարտադրել:
«Միացեալ Նահանգներ չեն փորձեր, չեն ուզեր եւ նոյնիսկ չեն ալ կրնար համաձայնագիր պարտադրել երկու կողմերուն: Մենք պարզապէս կը տրամադրենք վայր եւ կը ստեղծենք կարելիութիւն, որպէսզի երկու կողմերը հանդիպին, հասկնան իրենց տարակարծութիւնները, որոնք բաւական շատ են, եւ փորձեն հարթել զանոնք», աւելցուցած է Փրայս:
Ան նաեւ նշած է, որ Ուաշինկթըն չի կրնար պարտադրել, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկարատեւ կայուն խաղաղութիւնը ինչպէ՛ս պէտք է ըլլայ:
«Մենք անոնց չենք ներկայացներ փաստաթուղթ մը, որ պատրաստ է ստորագրութեան: Մենք ամէն բան կ՛ընենք, որպէսզի կարելիութիւն ընձեռենք դիւանագիտութեան համար, որուն համար քայլեր իրենք պէտք է ձեռնարկեն, եւ ատիկա նման է մեր մօտեցումին ամբողջ աշխարհի վրայ շարք մը մարտահրաւէրներու առումով, ուր մենք ցոյց տուած ենք այս բնորդի կենսունակութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը, եւ իբրեւ օրինակ նշած Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական ջանքերը Իսրայէլի, Լիբանանի, Եթովպիոյ եւ Եմէնի մէջ թէ այլուր:
Եզրափակելով իր խօսքը` Փրայս բաւական դրական գնահատած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպումը:


