Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մայրավանք Եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք Այցելութեամբ` ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 10-րդ Խորհրդաժողովը Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

Նոյեմբեր 14, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկօրեայ աշխատանքային նիստերէ ետք, ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 10-րդ խորհրդաժողովը աշխատանքները աւարտեց շաբաթ, 12 նոյեմբերի երեկոյեան: Ժողովը ութ նիստերով քննեց միութեան անցնող երեք տարիներու գործունէութեան զանազան բնագաւառները եւ հունաւորեց մինչեւ Պատգամաւորական յաջորդ Ընդհանուր ժողով (հոկտեմբեր 2023) նախատեսուած ծրագիրները. երիտասարդական համագումար, սկաուտական «Արարատեան» կարգի դասընթացքի ամբողջացում, Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի շրջաններու համար «Վկայեալ» կարգի սեմինար-բանակումներ, առցանց մարզախաղեր, համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակում եւ այլն:

Երէկ, կէսօրէ առաջ, խորհրդաժողովի մասնակիցները այցելեցին Անթիլիասի մայրավանք, ներկայ գտնուեցան ննջեցեալ եւ մահացած ՀՄԸՄ-ականներու յիշատակին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած հոգեհանգստեան պաշտօնին, որուն հանդիսապետեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Ապա, աշխարհի 22 երկիրներէն ժամանած ՀՄԸՄ-ականներու պատուիրակութիւնը յարգանքի իր տուրքը մատուցեց մայրավանքի շրջափակին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան-մատրան:

Այնուհետեւ, պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ ստացան անոր հայրապետական օրհնութիւնները եւ խրախուսական խօսքերը: Այս առիթով, ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին անունով յուշանուէր մը յանձնուեցաւ վեհափառ հօր:

Ապա, խորհրդաժողովի մասնակիցները ներկայ գտնուեցան Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան նահատակ եւ ննջեցեալ անդամներու յիշատակին մատուցուած հոգեհանգստեան պաշտօնին եւ յարգանքի ծաղկեպսակ մը զետեղեցին ՀՅԴ Պանթէոնին:

Խորհրդաժողովի մասնակիցներուն վերջին կանգառը եղաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը, ուր ՀՄԸՄ-ական պատասխանատուներ ծանօթացան վանքին զանազան բաժիններուն, Ս. Աստուածածին մատրան եւ Եղեռնի նահատակաց յուշարձանին, որուն առջեւ տեղի ունեցաւ հաւաքական աղօթք եւ ծաղկեպսակի զետեղում: Դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան դպրեվանքին ու անոր սաներուն անունով յուշանուէր մը յանձնեց ՀՄԸՄ-ին:

Յայտնենք, որ ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 10-րդ խորհրդաժողովի աշխատանքները կանխեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան 2019-2023 քառամեակի լիագումար նիստերը, որոնք տեղի ունեցան չորեքշաբթի, 9 եւ հինգշաբթի, 10 նոյեմբեր 2022-ին:

 

Նախորդը

ՀՅԴ «Թեհլիրեան» Ակումբի Վերանորոգուած Սրահի Բացում

Յաջորդը

Հոգեհանգստեան Պաշտօն` ՀՅԴ-ի Նահատակուած Եւ Մահացած Ընկերներու Յիշատակին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?