Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոգեհանգստեան Պաշտօն` ՀՅԴ-ի Նահատակուած Եւ Մահացած Ընկերներու Յիշատակին

Նոյեմբեր 14, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅ Դաշնակցութեան նահատակուած եւ մահացած ընկերներու յիշատակին եւ ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 132-ամեակին առիթով երէկ` կիրակի, 13 նոյեմբեր 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ Պանթէոնին դիմաց տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, ՀՅԴ-ի Լիբանանի կառոյցի կոմիտէներ եւ շարքայիններ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը եւ ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 10-րդ խորհրդաժողովի մասնակիցները, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը, Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամները եւ մեծ թիւով համակիրներ: Գերեզմանատան մուտքին դաշնակցական պատանիները ժողովուրդին ծաղիկներ բաժնեցին` զանոնք առ ի յարգանք զետեղելու համար ՀՅԴ Պանթէոնին վրայ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով Յակոբ Հաւաթեանի բացման հակիրճ խօսքէն ետք առաջնորդ սրբազան հայրը Լիբանանի հայոց թեմէն քահանաներու ընկերակցութեամբ նախագահեց հոգեհանգստեան արարողութեան, ապա ՀՅԴ-ի եւ անոր ուղեկից միութիւններուն` ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի եւ ՀՕՄ-ի անունով ՀՅԴ Պանթէոնին առջեւ զետեղուեցան ծաղկեպսակներ:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին նուագակցութեամբ «Մեր հայրենիք» քայլերգի ունկնդրութենէն ետք օրուան պատգամը ուղղեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ նշեց, թէ այսօր եկած ենք ՀՅԴ Պանթէոն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անցեալի նուիրեալներու եւ իրենց այլուր յաւիտենապէս ննջող նմաններու հոգիներու հանգստեան համար խոկալու եւ աղօթելու, սակայն այդ ննջեցեալներու հոգիներու հանգիստը մեր օրերուն ապահովելը չափազանց դժուար իրագործելի փափաք է, որովհետեւ հայութեան եւ Հայաստան աշխարհի ներկայ վիճակը նկատի ունենալով, ի՛նչ ալ ընենք, ի՛նչ ալ խօսինք, չենք կրնար զանոնք հանգստացնել:

«Իրենք ալ փոխադարձաբար մեզ հանգիստ չեն ձգեր, ո՛չ ալ պիտի ձգեն, այնքան ատեն որ առկայ են հայութեան եւ Հայաստանի ապագայ գոյութեան սպառնացող վտանգները, որոնք մեր դիմաց ծառացան Հայաստանի ներկայ ապաշնորհ իշխանութիւններու ազգային բանականութիւնը դրժող որոշումներուն եւ գործունէութեան հետեւանքով», նշեց Մ. Մկրտիչեան:

Այնուհետեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը անդրադարձաւ նախորդ չորս տարիներուն ընթացքին` իշխանափոխութենէն ի վեր իշխանութիւններուն վարած ազգավնաս քաղաքականութիւններուն` հասարակութեան պառակտումին, իշխանութիւններուն կողմէ Սահմանադրական դատարանի` ամբողջական հակակշիռի տակ առնուելուն, արդարադատութեան համակարգը իբրեւ իշխանութիւնները լռեցնելու գործիք օգտագործուելուն, բանակի վարկին դէմ հրապարակային պայքարի շղթայազերծման եւ այլ հարցերուն:

Մկրտիչ Մկրտիչեան մանաւանդ նշեց, որ լուրջ հարուած հասցուեցաւ Արցախի հիմնահարցին նիւթով աւելի քան երկու տասնամեակ տեւած բանակցութիւններու թղթածրարին: Բանակցութիւնները յանգած էին կէտի մը, ուր Հայաստան եւ Ազրպէյճան պէտք է ստորագրէին միջնորդ եռեակին կողմէ ներկայացուած փաստաթուղթը, որ կ՛ապահովէր Արցախի կարգավիճակի վճռումը` հիմնուելով ինքնորոշման սկզբունքին վրայ: Ազրպէյճանի նախագահը կը մերժէր ստորագրել: Հաւանականութիւնը մեծ էր, որ խնդիրը ուղղուէր դէպի բախում, բայց ատակ կառավարումով, դիւանագիտական աշխատանքով եւ մարտունակ բանակով միշտ կարելի կ՛ըլլար բախումի այդ վտանգը հեռացնել: Իշխանափոխութեամբ պատերազմը եկաւ անխուսափելիօրէն որովհետեւ առաջին օրէն իսկ Փաշինեան յայտարարեց, որ Արցախի խնդիրի քննարկումը պիտի սկսի զերօ կէտէն:

«Արցախը ի՛նքն է, որ անցնող 30 հոկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան եւ միջազգային հասարակութեան հակադրուելով` փորձ ըրաւ օրակարգը վերադարձնելով իր բուն հունին մէջ. Արցախը գոռաց իր ո՛չը ժողովուրդով ու ղեկավարութեամբ` խանգարելով բոլոր այն գրասենեակները, որոնց համար խաղին ելքը արդէն վճռուած կը թուէր: Այդ ո՛չը անմիջականօրէն կ՛իմաստաւորէ նաեւ այսօրուան հոգեհանգիստը: Ննջեցեալներու հոգին հանգստանալու յոյս ունի գոնէ: Աւելի քան 130 տարիներու անցեալով կազմակերպութեան մը պարագային, անցեալի գործիչները ընդօրինակելի բնորդ են նորերուն համար. անոնք մաս կը կազմեն դաշնակցութեան ոգեկան ղեկավարութեան մեծ փաղանգին: Իսկ անոնց հոգեկան հանգիստը կը լիանայ, եթէ ժառանգորդները կարենան գերազանցել բնորդները: Ատիկա՛ պէտք է դարձնել մե՛ր նշաձողի նուազագոյն բարձրութիւնը», ընդգծեց Մկրտիչ Մկրտիչեան (Խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային):

Հաւաքը վերջ գտաւ «Վէրքերով լի» երգով:

Նախորդը

Անթիլիասի Մայրավանք Եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք Այցելութեամբ` ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 10-րդ Խորհրդաժողովը Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Բանակի Սպայակոյտի Պետը Հանդիպած Է Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատան Զինուորական Կցորդին Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?