Գլխաւոր լուրեր

Ընկերվար Յառաջդիմականներու Մամլոյ Գրասենեակ.  «Քաուաշրայի Մէջ Յուշակոթողի Մը Կանգնեցումը  Կը Գրգռէ Լիբանանցիներու Հիմնական  Մէկ Հատուածին` Հայերու Զայրոյթը»

Ընկերվար Յառաջդիմականներու Մամլոյ Գրասենեակ. «Քաուաշրայի Մէջ Յուշակոթողի Մը Կանգնեցումը Կը Գրգռէ Լիբանանցիներու Հիմնական Մէկ Հատուածին` Հայերու Զայրոյթը»

«Լիբանանի մէջ առկայ ներկայի ճգնաժամերը, որոնք կու գան աւելնալու  պատմականօրէն լիբանանցիներու կրած ու անոնց դիմանալու կարողութիւնը գերազանցած դէպքերուն, մեզ կը մղեն յորդորել քաղաքական կողմերը` խուսափելու Լիբանանը մխրճելէ արտաքին տագնապներու մէջ, որոնք Լիբանանի հետ առնչութիւն չունին եւ այս երեւոյթներուն նորագոյնը Քաուաշրայի մէջ յուշակոթողի մը բարձրացումն է, ինչ որ կրնայ զայրոյթը գրգռել  լիբանանցիներու հիմնական մէկ հատուածին` հայերուն, որոնք ենթարկուած են ջարդերու եւ...

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 10-րդ Խորհրդաժողովի Բացման Պաշտօնական Հանդիսութիւնը

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 10-րդ Խորհրդաժողովի Բացման Պաշտօնական Հանդիսութիւնը

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, երէկ` հինգշաբթի, 10 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Զալքայի «Ուորուիք Սթոն 55» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 10-րդ խորհրդաժողովի պաշտօնական բացումը` ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, հոգեւոր առաջնորդներու,  պաշտօնական հիւրերու, ՀՄԸՄ-ի ներկայ եւ նախկին Կեդրոնական վարչութիւններու անդամներու եւ խորհրդաժողովին մասնակից` 22 շրջաններու ներկայացուցիչներու: Հանդիսութեան բացման...

Արմէն Ռուստամեան. «Իշխանափոխութիւնը  Պէտք Է Դառնայ Փրկութեան Առաջին Քայլը»

Արմէն Ռուստամեան. «Իշխանափոխութիւնը Պէտք Է Դառնայ Փրկութեան Առաջին Քայլը»

«Այս քննարկումները կը կրեն ակադեմական բնոյթ: Մենք պէտք է մտածենք, թէ ինչպէ՛ս հասնինք ատոր կիրարկման: Այդ առումով կանգնած ենք շատ լուրջ խնդիրի առջեւ, իսկ ժամանակը չ՛աշխատիր մեր օգտին», այս մասին «Հայաստանի իրական օրակարգը» խորագիրով քննարկման ժամանակ ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան: «Սթաթիւս քոն, որ ստեղծուած էր թէ՛ երկրի ներսը, թէ՛ երկրէն դուրս գոյութիւն ունի, ուղղակի կը բացառէ, որ...

Արծուիկ Մինասեան. «Հայ Ժողովուրդը Կրնայ  Չեղեալ Յայտարարել Այն Գործարքը,  Որ Կրնայ Տեղի Ունենալ»

Արծուիկ Մինասեան. «Հայ Ժողովուրդը Կրնայ Չեղեալ Յայտարարել Այն Գործարքը, Որ Կրնայ Տեղի Ունենալ»

«Մեր քննարկումներուն նպատակը յստակ բացայայտելն է իշխանութեան կողմէ սահմանադրական հաստատութիւններու  ձախողութեան, սահմանադրական մարմիններու զաւթման յստակ ծրագրաւորուած մօտեցումները` ի խնդիր իրենց ազգակործան ծրագիրներու իրականացման, որ տուեալ պարագային պայմանաւորուած է նոյնինքն հայոց պետականութեան սպառնացող վտանգներով», այս մասին «Հայաստանի իրական օրակարգը» խորագիրով քննարկման ժամանակ, ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան: «Պիտի ըլլան առանձին քննարկումներ, փաստերով...

Զախարովա. «Ռուսիան Պիտի Շարունակէ  Անհրաժեշտ Աջակցութիւնը Տրամադրել  Երեւանին Եւ Պաքուին»

Զախարովա. «Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անհրաժեշտ Աջակցութիւնը Տրամադրել Երեւանին Եւ Պաքուին»

Ռուսիան պիտի շարունակէ Երեւանին եւ Պաքուին տրամադրել անհրաժեշտ աջակցութիւնը` յանուն Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան: «Այսօր` 9 նոյեմբերին, կ՛ամբողջանայ Ռուսիոյ նախագահին, Ազրպէյճանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ լիակատար զինադադարի եւ բոլոր զինուորական գործողութիւններու դադրեցման մասին որդեգրուած յայտարարութեան...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնը Կը Վերահաստատէ  Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանէն Զօրքերը  Ետ Քաշելու Անհրաժեշտութիւնը

«Երեւանն Ու Պաքուն Լրջօրէն Կը Ձգտին Խաղաղութեան» Կ՛ըսէ Փրայս

Երեւանն ու Պաքուն լրջօրէն կը ձգտին խաղաղութեան: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս` մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը: «Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն 7 նոյեմբերին Պլեր Հաուսի մէջ հիւրընկալած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ Ազրպէյճանի...

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Գլխաւորած Դաշինքը Յաջողեցաւ Խափանել  Մեհմետ Օզի Ծերակոյտի Անդամ Ընտրութիւնը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Գլխաւորած Դաշինքը Յաջողեցաւ Խափանել Մեհմետ Օզի Ծերակոյտի Անդամ Ընտրութիւնը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գլխաւորած եւ Ամերիկայի յունական, հրէական, քրտական եւ այլ համայնքային կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ կազմուած դաշինքին թափած տեւական ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղած է խափանել Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մտերիմ քաղաքական գործիչ, ազգութեամբ թուրք եւ Թուրքիոյ քաղաքացի Մեհմետ Օզի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ ընտրութիւնը: Օզ, բացի թրքական իշխող վերնախաւին հետ իր անթաքոյց կապերէն, յայտնի է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումով:...

Խմբագրական.  «Միջանցք»-ի Յանկերգն ու Իրանին  Ուղղուած Սուր Սլաքը

Խմբագրական. «Միջանցք»-ի Յանկերգն ու Իրանին Ուղղուած Սուր Սլաքը

Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան երկրորդ տարելիցին նախօրեակին պատահական չէ, որ Ազրպէյճանի նախագահը կը մեկնի բռնագրաւուած Շուշի եւ այնտեղէն յոխորտանքներ կը հնչեցնէ: Եթէ շրջանցենք ներքին լսարանին ուղղուած բաժինը, կը կեդրոնանանք հայկական կողմին եւ միջազգային հանրութեան վերաբերող ուղերձներուն վրայ: Ազրպէյճանի նախագահին համաձայն, Հայաստանի մէջ վրէժխնդրական ուժեր չեն հաշտուած պատերազմի արդիւնքներուն հետ: Չարտասանուած մասը այն է, որ այդ ուժերն են, որոնք խանգարիչ դեր կ՛ունենան...

«Երեւանի Եւ Պաքուի Կողմէ Կը Տեսնենք  Անցեալը Ետին Ձգելու Եւ Կայուն Խաղաղութեան  Ուղղութեամբ Աշխատելու Իրական Եւ Խիզախ Քայլեր»  Կ՛ըսէ Պլինքըն

«Երեւանի Եւ Պաքուի Կողմէ Կը Տեսնենք Անցեալը Ետին Ձգելու Եւ Կայուն Խաղաղութեան Ուղղութեամբ Աշխատելու Իրական Եւ Խիզախ Քայլեր» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն երկուշաբթի, 7 նոյեմբերին Ուաշինկթընի մէջ ողջունելով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Ճէյհուն Պայրամովը, յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ հաւատարիմ են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններուն: «Ուղիղ երկխօսութիւնը իսկապէս կայուն խաղաղութեան լաւագոյն միջոցն է, եւ մենք շատ ուրախ ենք ատոր աջակցելու համար», ըսած է Պլինքըն: Անոր համաձայն, Միացեալ...

Ալիեւ. «Ռազմավարական Բարձունքներէն  Կը Տեսնենք Կապանը, Գորիսը, Ջերմուկը,  Մեր Տեսադաշտին Մէջ Է Նաեւ Սեւանայ Լիճը»

Ալիեւ. «Ռազմավարական Բարձունքներէն Կը Տեսնենք Կապանը, Գորիսը, Ջերմուկը, Մեր Տեսադաշտին Մէջ Է Նաեւ Սեւանայ Լիճը»

Հայ-ազրպէյճանական սահմանի ուղղութեամբ 13-14 սեպտեմբերին տեղի ունեցած գործողութենէն ետք, Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը տեղակայուած են հիմնական ռազմավարական բարձունքներուն վրայ: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որ իր ընտանիքին ընկերակցութեամբ երէկ այցելած է բռնագրաւեալ Շուշի` մասնակցելու համար «Յաղթանակի օր»-ուան ձեռնարկին: Ալիեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է. «Հայաստանը պէտք է լաւ հասկնայ, թէ ատիկա ի՛նչ կը նշանակէ: Այսօր այդ ռազմավարական...

Բարենպաստ Պայմաններու Սպասողական  Մթնոլորտի Լոյսին Տակ.  Լիբանանի Սահմանադրական Ժամկէտներու  Գործադրութեան Գծով Ճիգերը Կը Շարունակուին

Բարենպաստ Պայմաններու Սպասողական Մթնոլորտի Լոյսին Տակ. Լիբանանի Սահմանադրական Ժամկէտներու Գործադրութեան Գծով Ճիգերը Կը Շարունակուին

Լիբանանի մէջ քաղաքական շրջանակներ անհաւանական կը նկատեն երկրի սահմանադրական կարեւորագոյն ժամկէտը նկատուող` նախագահական ընտրութեան մօտալուտ իրականացումը: Առնուազն պէտք է սպասել մինչեւ տարեվերջ, սակայն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կարծիքով, Լիբանան հազիւ քանի մը շաբաթ կրնայ տոկալ տիրող քաղաքական եւ յատկապէս տնտեսական ծանր պայմաններու ճնշումներուն: Առ այդ, ճիգերը կը շարունակուին տեղական թէ արտաքին մակարդակներու վրայ: Այս ծիրին մէջ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի...

Նախաձեռնութեամբ  Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանատան.  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Պալատին Մէջ Նշուեցաւ  Թաէֆի Համաձայնագիրին 33-Ամեակը

Ակնարկ. Թաէֆով Վճռուած Պարտադիր Համաձայնութեան Վարքագիծը

Սէուտական Արաբիոյ դեսպանութեան կողմէ Թաէֆի համաձայնագիրի 33-ամեակի նշումը քաղաքական դիտարկումներու դուռ կը բանայ բնականաբար: Նախ ընդունինք, որ հերթական տարեթիւի նշումով զուտ արարողակարգային իրադարձութիւն չէ արձանագրուածը: Ընդունելութեան տեսքով ներկայ պահուն համալիբանանեան համախմբուածութիւն յառաջացնելու եւ մանաւանդ Սէուտական Արաբիոյ հիմնական դերակատարութիւնը վերյիշելու ուղերձները ուշագրաւօրէն առկայ են: Թաէֆը պատերազմի աւարտ խորհրդանշող վայր ու թուական է: Երկխօսութեան գերադասումն է եւ համաձայնութիւնը` վերջ տալու քանդիչ պառակտումներուն:...

Կլիմայի Փոփոխութեան Մասին  Շարմ Շէյխի Խորհրդաժողովին.  Կութիերես Յայտարարած Է, Որ Երկիր  Մոլորակը Դէպի «Կլիմայական Դժոխք» Կ՛ուղղուի

Կլիմայի Փոփոխութեան Մասին Շարմ Շէյխի Խորհրդաժողովին. Կութիերես Յայտարարած Է, Որ Երկիր Մոլորակը Դէպի «Կլիմայական Դժոխք» Կ՛ուղղուի

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես կարծիք յայտնեց, որ Երկիր մոլորակը կը շարժի դէպի «կլիմայական դժոխք», եւ կլիմայի փոփոխութիւնները կրնան անդառնալի դառնալ: Այս կարծիքը ան յայտնած Է` 7 նոյեմբերին Շարմ Շէյխի մէջ հանդէս գալով Կլիմայի փոփոխութեան մասին ՄԱԿ-ի պարփակ ուխտի կողմերու 27-րդ խորհրդաժողովին: «Ջերմոցային կազերու արտանետումները կը շարունակեն աճիլ, ընդհանուր ջերմաստիճանը կ՛աճի», ըսած Է ան` աւելցնելով. «Մեր մոլորակը արագօրէն կը մօտենայ...

Գեղարքունիքի Մէջ Եւրոպական Միութեան  Դիտորդները Արձանագրել Են` Ազրպէյճանի Կողմէ  Նախայարձակում Եղած Է Հայաստանի  Սահմաններուն Ուղղութեամբ

Գեղարքունիքի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դիտորդները Արձանագրել Են` Ազրպէյճանի Կողմէ Նախայարձակում Եղած Է Հայաստանի Սահմաններուն Ուղղութեամբ

Գեղարքունիքի մարզին մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդները արդէն արձանագրած են եւ վստահ են, որ Ազրպէյճանի կողմէ նախայարձակում եղած է Հայաստանի սահմաններուն ուղղութեամբ եւ կան բռնագրաւեալ տարածքներ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին ըսաւ Գեղարքունիքի մարզպետ Կարէն Սարգսեան Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին: «Խախտումներ արձանագրուած են, բայց վերջին օրերուն ակնյայտ կ՛երեւի, որ  նուազած են անոնք: Ամէն պարագայի, դիտորդները իրենց պարեկային գործունէութիւնը կ՛իրականացնեն,...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակներ  Յղեց Զուիցերիոյ Խորհրդարանի  Երկու Պալատներու Նախագահներուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակներ Յղեց Զուիցերիոյ Խորհրդարանի Երկու Պալատներու Նախագահներուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը 19 հոկտեմբերին Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատան յղեց նամակ մը` խնդրելով հանդիպման ժամադրութիւն` քննարկելու համար Զուիցերիոյ Ժընեւ նահանգի նահանգային խորհուրդին կողմէ 14 հոկտեմբերին քննարկուած ու որդեգրուած «Հայաստանի գոյատեւման համար» բանաձեւը, որ Զուիցերիոյ դաշնակցային խորհրդարանին կոչ կ՛ուղղէր` դատապարտելու Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ գործուած յարձակումը, ձեռնարկելու քայլերու, որպէսզի Ազրպէյճանի գործողութիւնները չֆինանսաւորուին Զուիցերիոյ մէջ ազրպէյճանական ուժանիւթի վաճառքէն ստացուող...

Նախագահական Պալատին Մէջ Լիբանանեան  Դրօշը Վար Առնուեցաւ, Իսկ Դահլիճները  Փակուեցան. Նախագահական  Ընտրութեան Նախանշան Անգամ Չկայ

Նախագահական Թափուր Մնացած Աթոռին Առընթեր. Հրատապ Հարցերու Լուծման Ճիգերը Կը Շարունակուին Քուլիսային Զանազան Մակարդակներով

Նախագահական նստավայրը մօտ շաբաթէ մը ի վեր դատարկ է, ու նախագահական ընտրութիւն կատարելու ճիգերը կը շարունակուին քուլիսներու ետին զանազան մակարդակներով: Գաղտնիք չէ, թէ Լիբանանի քաղաքական կեանքի նոր փուլ նախատեսող նախագահական ընտրութեան «թնճուկին» լուծումը կախեալ է լիբանանեանի կողքին նաեւ` արտաքին պայմաններէ եւ ազդակներէ: Այս իմաստով շրջանային թէ միջազգային «առնչակից» կողմեր կը վերահաստատեն իրենց պատրաստակամութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան զօրակցութեան եւ ամրապնդման առնչութեամբ: Սակայն...

Միասնութեան Բազմամարդ Հանրահաւաք  Ֆրանսայի Հրապարակին Վրայ`  Յաջակցութիւն Արցախին

Միասնութեան Բազմամարդ Հանրահաւաք Ֆրանսայի Հրապարակին Վրայ` Յաջակցութիւն Արցախին

Շաբաթ, 5 նոյեմբերին, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Միասնութեան հանրահաւաք` ի աջակցութիւն Արցախի: Հանրահաւաքին կը մասնակցէին բազմաթիւ քաղաքական ուժեր, ազգային-հասարակական գործիչներ: Միասնութեան հանրահաւաքը սկսաւ 1988-ի համազգային շարժումին նման` շեփորի հնչիւններու ներքեւ: Տէրունական աղօթք կատարեց եւ օրհնութեան խօսք ուղղեց Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստանեան: «Թող հնչեն յաղթանակի զանգերը, որպէսզի հայ մարդը երբեք չլքէ իր տունը, հայ ծնողը արցունք չտեսնէ, որպէսզի...

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Խաղաղութիւն  Կրնայ Ըլլալ Միայն Հաւասարութեան  Հիմքի Վրայ Եւ Արդարութեան Հաստատումով»

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Խաղաղութիւն Կրնայ Ըլլալ Միայն Հաւասարութեան Հիմքի Վրայ Եւ Արդարութեան Հաստատումով»

5 նոյեմբերին Փարիզի «Այբ. Էֆ.Էմ.» հայկական ռատիոկայանի հիւրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Հաղորդումին ժամանակ անդրադարձ կատարուած է ՀՅԴ-ի վերջին Ընդհանուր ժողովին ժամանակ Դաշնակցութեան որդեգրած ռազմավարական որոշումներուն, Հայաստան-սփիւռք գագաթնաժողովին, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, 30 հոկտեմբերին  Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքին եւ իբրեւ այդ համաարցախեան հանրահաւաքի արձագանգ` 5 նոյեմբերին Երեւանի մէջ կայացած Միասնութեան հանրահաւաքի նշանակութեան մասին: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որն...

Փայլան Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն  Կոչ Կ՛ուղղէ` Հաշտեցնելու  Ազրպէյճանցիներն Ու Հայերը

Փայլան Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Հաշտեցնելու Ազրպէյճանցիներն Ու Հայերը

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պատմած է Հայաստանի իր այցելութեան մասին: Այս մասին հաղորդեց «Էրմենիհապեր»-ը: Փայլան նշած է, որ այցելութեան ընթացքին հանդէս եկած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին եւ Ազգային ժողովի նախագահին հետ: Նշելով, որ այցելութեան ընթացքին քննարկուած են հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը եւ «մնայուն խաղաղութիւն»...

«ՕԹԱՆ-ը Կ՛աջակցի Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման  Եւ Կ՛ողջունէ Այդ Ուղղութեամբ  Եւրոպական Միութեան Ջանքերը»  Կ՛ըսէ Քոլոմինա

«ՕԹԱՆ-ը Կ՛աջակցի Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Եւ Կ՛ողջունէ Այդ Ուղղութեամբ Եւրոպական Միութեան Ջանքերը» Կ՛ըսէ Քոլոմինա

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիեր Քոլոմինա յայտարարեց, որ ՕԹԱՆ-ը կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման` ողջունելով այդ ուղղութեամբ Եւրոպական Միութեան ջանքերը: Քոլոմինա այս մասին գրեց «Թուիթըր»-ի վրայ` անդրադառնալով հինգշաբթի օր Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի երրորդ նիստին: «Լաւ նորութիւն է տեսնելը, որ...

Page 270 of 796 1 … 269 270 271 … 796

Արխիւներ