Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ.  Սփիւռքի Գործօնը` Անգարայի  Նախնական Թիրախ

Ակնարկ. Սփիւռքի Գործօնը` Անգարայի Նախնական Թիրախ

Թուրքիոյ նախագահին կատարած վերջին յայտարարութիւնը` ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքին, քանի մը դիտարժան ուղերձներ կը բովանդակէ: Նախ մէջբերենք յայտարարութիւնը` «Թուրքիան Հայաստանէն կ՛ակնկալէ տարածաշրջանին մէջ դրական քայլեր: Ներկայ պահուն մենք բաւարար քայլեր չենք տեսներ Երեւանի կողմէ Անգարայի եւ Պաքուի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ: Չեմ կրնար ըսել, որ այս փուլը արդէն անցած է: Սփիւռքի մէջ կ՛աշխատին անոնց դէմ, ինչ որ բացասաբար կ՛անդրադառնայ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

14 նոյեմբեր 2022-ին Պէյրութի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ ուղեկից  միութիւններու խորհրդաժողովը: Խորհրդաժողովը հրաւիրող ՀՅԴ բարձրագոյն մարմինէն բացի, ժողովին կը մասնակցէին` Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, Հայ օգնութեան միութեան, Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութիւնները, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի ներկայացուցիչը: Օրակարգային հարցերու քննարկումէն առաջ ուղեկից միութիւններուն կողմէ ներկայացուեցան ընդհանուր զեկոյցներ` կատարուած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայի գործունէութեան վերաբերեալ: Խորհրդաժողովի քննարկումներուն առանցքային...

Միրզոյեան Ընդունած Է  Մինսքի Խմբակի Ռուս Համանախագահը

Միրզոյեան Ընդունած Է Մինսքի Խմբակի Ռուս Համանախագահը

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 14 նոյեմբերին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման աջակցելու հարցերով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովայեւը: Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն, հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի հանգուցալուծման առնչուող վերջին զարգացումները: «Զրուցակիցները անդրադարձած...

ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի Գործունէութեան Եւ Ապագայ Ծրագիրներու Ներկայացում

Երկուշաբթի, 14 նոյեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջմիութենական հաւաք, որուն ընթացքին ՀՅԴ-ի ուղեկից միութիւնները` ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի ներկայացուցիչները անջատաբար ծանօթացուցին իւրաքանչիւր միութեան գործունէութիւնն ու ապագայ ծրագիրները: Հաւաքին ներկայ էին միութենականներ եւ համակիրներ: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Օրուան հանդիսավար Արմէն Ապտալեան բացումը կատարեց հաւաքին, ապա հրաւիրեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ...

ՀՅԴ-ի Ուղեկից Միութիւններու  Խորհրդաժողով

ՀՅԴ-ի Ուղեկից Միութիւններու Խորհրդաժողով

Երէկ` երկուշաբթի, 14 նոյեմբեր 2022-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի ուղեկից միութիւններու` ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի, ինչպէս նաեւ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի խորհրդաժողով, որուն մասնակցեցան միութիւններու Կեդրոնական վարչութիւնները: ՀՅԴ Բիւրոյի կազմակերպութեամբ հրաւիրուած խորհրդաժողովին բացումը կատարուեցաւ առաւօտեան ժամը 9:00-ին` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի կողմէ, որ ողջունեց ներկաները, անդրադարձաւ նման խորհրդաժողովի կայացման նպատակներուն ու առաջադրանքներուն: Խորհրդաժողովին նպատակն է սփիւռքի,...

Ազրպէյճանական Համայնքը Ֆրանսայի  Ծերակոյտին Մէջ «Հակաազրպէյճանական Բանաձեւ»-ի  Քննարկման Օրը Ցոյցի Կը Պատրաստուի

Ազրպէյճանական Համայնքը Ֆրանսայի Ծերակոյտին Մէջ «Հակաազրպէյճանական Բանաձեւ»-ի Քննարկման Օրը Ցոյցի Կը Պատրաստուի

Ֆրանսայի ազրպէյճանական համայնքը մտադիր է Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ «հակաազրպէյճանական բանաձեւ»-ի քննարկման օրը բողոքի ցոյց կատարելու: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան: Բանաձեւը, որ քննարկման պիտի դրուի 15 նոյեմբերին, կը դատապարտէ Հայաստանի դէմ Պաքուի զինուորական յարձակումը եւ երկրի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ պատժամիջոցներ հաստատելու Ալիեւի վարչակազմի դէմ:

Հոգեհանգստեան Պաշտօն` ՀՅԴ-ի Նահատակուած  Եւ Մահացած Ընկերներու Յիշատակին

Հոգեհանգստեան Պաշտօն` ՀՅԴ-ի Նահատակուած Եւ Մահացած Ընկերներու Յիշատակին

ՀՅ Դաշնակցութեան նահատակուած եւ մահացած ընկերներու յիշատակին եւ ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 132-ամեակին առիթով երէկ` կիրակի, 13 նոյեմբեր 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ Պանթէոնին դիմաց տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, ՀՅԴ-ի Լիբանանի կառոյցի կոմիտէներ եւ շարքայիններ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական...

Անթիլիասի Մայրավանք Եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք Այցելութեամբ`  ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 10-րդ Խորհրդաժողովը Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

Անթիլիասի Մայրավանք Եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք Այցելութեամբ` ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 10-րդ Խորհրդաժողովը Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

Երկօրեայ աշխատանքային նիստերէ ետք, ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 10-րդ խորհրդաժողովը աշխատանքները աւարտեց շաբաթ, 12 նոյեմբերի երեկոյեան: Ժողովը ութ նիստերով քննեց միութեան անցնող երեք տարիներու գործունէութեան զանազան բնագաւառները եւ հունաւորեց մինչեւ Պատգամաւորական յաջորդ Ընդհանուր ժողով (հոկտեմբեր 2023) նախատեսուած ծրագիրները. երիտասարդական համագումար, սկաուտական «Արարատեան» կարգի դասընթացքի ամբողջացում, Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի շրջաններու համար «Վկայեալ» կարգի սեմինար-բանակումներ, առցանց մարզախաղեր, համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակում եւ այլն: Երէկ,...

ՀՅԴ «Թեհլիրեան» Ակումբի Վերանորոգուած Սրահի Բացում

ՀՅԴ «Թեհլիրեան» Ակումբի Վերանորոգուած Սրահի Բացում

ՀՅԴ «Թեհլիրեան» ակումբի վերանորոգ սրահի բացումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 12 նոյեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին` ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ընկերներուն, Պուրճ Համուտի, Ժտէյտէի եւ Հատասի քաղաքապետներուն, նախկին եւ ներկայ երեսփոխաններու եւ նախարարներու, ՀՅԴ Լիբանանի կոմիտէներու ներկայացուցիչներու եւ ուղեկից միութիւններու եւ շրջանի ժողովուրդին: «Թեհլիրեան» կոմիտէին անունով խօսք առաւ Քրիսթին Սրապոնեան, որ յայտնեց, թէ հաւաքուած ենք «Սողոմոն Թեհլիրեան»-ի վերանորոգուած...

Ընթրիք-Հանդիպում` Համազգայինի Լիբանանի Կառոյցի

Ընթրիք-Հանդիպում` Համազգայինի Լիբանանի Կառոյցի

Ուրբաթ, 11 նոյեմբեր 2022-ին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան լիագումար ժողովին առիթով, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք-հանդիպում` հրաւէրով Կեդրոնական վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան: Ներկայ էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, Լիբանանի շրջանային եւ մասնագիտացած մասնաճիւղերու վարչական կազմեր, շրջաններու մասնաճիւղերու ատենապետներ, կառոյցներու տնօրէններ եւ գեղարուեստական պատասխանատուներ: Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Նանօր Գօչունեան-Թաշճեան:Ան ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ...

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկեր Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Եւրոպայի աշխատանքային այցելութիւններու երկիրներու շարքին էր նաեւ Նիդերլանդները։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկեր Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Եւրոպայի աշխատանքային այցելութիւններու երկիրներու շարքին էր նաեւ Նիդերլանդները։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկեր Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Եւրոպայի աշխատանքային այցելութիւններու երկիրներու շարքին էր նաեւ Նիդերլանդները։ Առաջին ժողովրդային հանդիպումը հայաշատ քաղաքի՝ Ալմելոյի հայրենակիցներուն հետ էր։ Հանդիպման ընթացքին հայրենակիցներուն ներկայացուեցաւ Հայաստանի եւ Հայութեան այսօրուան իրավիճակը եւ հիմնական խնդիրները, ինչպէս նաեւ՝ Դաշնակցութեան առաջադրանքներն ու ծրագիրները: Ներկաները նաեւ հարցումներ ուղեցին օրուան բանախօսին եւ ստացան սպառիչ բացատրութիւններ: Բիւրոյի ներկայացուցիչի երկրորդ հանդիպումը Նիդերլանդներու ՀՅԴ...

Պրիւքսելի Մէջ Հանդիսաւոր Ընդունելութեամբ  Նշուած Է ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի  Գրասենեակի Հիմնադրութեան 20-Ամեակը

Պրիւքսելի Մէջ Հանդիսաւոր Ընդունելութեամբ Նշուած Է ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակի Հիմնադրութեան 20-Ամեակը

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի հիմնադրութեան 20-ամեակին առիթով 9 նոյեմբեր 2022-ին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած է հանդիսաւոր ընդունելութիւն: Այս նախաձեռնութեան ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Պելճիքայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան ղեկավար Աննա...

Հանդիպում Նախարար Մաուլաուիի Հետ. Բողոք` Ներքին Գործոց Նախարարին. Բագրատունի. «Կը Յարգենք Բոլորը, Սակայն Չենք Հանդուրժեր Վարկաբեկում Եւ Նենգափոխում»

Հանդիպում Նախարար Մաուլաուիի Հետ. Բողոք` Ներքին Գործոց Նախարարին. Բագրատունի. «Կը Յարգենք Բոլորը, Սակայն Չենք Հանդուրժեր Վարկաբեկում Եւ Նենգափոխում»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուիի: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան: Բագրատունի նախարար Մաուլաուիին փոխանցեց Լիբանանի հայութեան խոր ընդվզումը Աքքարի Քաուաշրա գիւղին մէջ «Ազրպէյճանի նահատակներու» ոգեկոչումը ներկայացնող յուշակոթողի մը բարձրացումին առնչութեամբ` դիտել տալով, որ նման բան անընդունելի է լիբանանցի քաղաքացիներու համար եւ կը հակասէ Լիբանանի պետութեան պաշտօնական դիրքորոշումին` ազրպէյճանական յարձակումին...

Յակոբ Բագրատունի. «Կ՛ողջունենք Քուէյթի  Եւ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպաններուն  Լիբանան Վերադարձը»

Երեսփոխան Բագրատունի. «Կարելի Չէ Լուռ Անցնիլ Այս Դէպքին Վրայէն, Որ Միաժամանակ Կը Խոցէ Հայութիւնն Ու Միջլիբանանեան Համակեցութիւնը»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ դարձեալ դատապարտեց «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նահատակներու» յիշատակին Աքքարի Քաուաշրա աւանին մէջ կանգնեցուած յուշակոթողի արարքը: «Վանայ ձայն»-ի արաբերէն բաժինի հաղորդավար Հալա Հատտատի հարցումներուն պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի անարգական որակեց նշեալ յուշակոթողին կանգնեցումը Քաուաշրայի մէջ: Ան յայտնեց, թէ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիին այցելած է այս գծով, եւ վերջինս խոստացած...

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւնները  Կը Դատապարտեն Ազրպէյճանի Զինուորական  Ոճրագործներու Ոգեկոչումը Լիբանանի Մէջ

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւնները Կը Դատապարտեն Ազրպէյճանի Զինուորական Ոճրագործներու Ոգեկոչումը Լիբանանի Մէջ

Ուրբաթ, 11 նոյեմբեր 2022-ին, Նոր Հաճնոյ Հնչակեան կուսակցութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու արտակարգ ժողովը: Ժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ մամլոյ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները խստիւ կը դատապարտեն Աքքարի Քաուաշրա գիւղին մէջ այսպէս կոչուած «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նահատակներու» յիշատակին յուշարձանի մը բացման դէպքը, այլ խօսքով` ազրպէյճանական բանակի «զոհեր»-ուն յիշատակին կանգնեցուած յուշակոթողի երեւոյթը: Ժողովականները զարմանք եւ վրդովմունք յայտնեցին այս յուշարձանի...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Բուռն Կերպով Դատապարտեց Քուաշրա Գիւղին Մէջ «Ազրպէյճանի Նահատակներու» Յիշատակին Յուշարձանի Կանգնեցումը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հաղորդագրութիւն մը` բուռն կերպով դատապարտելով Աքքարի Քուաշրա գիւղին մէջ «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նահատակներու» յիշատակին նուիրուած յուշարձանի կանգնեցումը` նշելով, որ այդ քայլը կ՛անտեսէ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն մասնաւորաբար Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանական տարածքին վրայ վերջին յարձակումները դատապարտող Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը: Մարմինը յիշեցուց, որ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններէն պահանջած էր ազատ արձակել բոլոր հայ...

Ակնարկ.  Ի՞նչ Հաղորդեց Ուաշինկթընը

Ակնարկ. Ի՞նչ Հաղորդեց Ուաշինկթընը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Նետ Փրայս տասը օր առաջ մեկնաբանելով Սոչիի եռակողմ հանդիպումը կը վերաշեշտէր, թէ իր պետութիւնը պիտի շարունակէ ներգրաւուիլ յաջորդ ամիսներուն` դիւրացնելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկկողմանի հոլովոյթներու հետ, ինչպէս նաեւ բազմակողմանի կազմակերպութիւններու միջոցով քննարկումները: Այստեղ որեւէ սլաք չկայ ռուսական միջնորդութեան. կայ սակայն յստակ փոխանցում, որ Ուաշինկթընը պիտի շարունակէ աշխուժօրէն ներգրաւուած մնալ այս գործընթացին: «Յաջորդող...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Պրիւքսելի Մէջ  Հանդիպած Է Եւրոպայի Ընկերվարական  Կուսակցութեան Ղեկավարութեան Հետ

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Պրիւքսելի Մէջ Հանդիպած Է Եւրոպայի Ընկերվարական Կուսակցութեան Ղեկավարութեան Հետ

Աշխատանքային այցելութեամբ եւրոպական երկիրներու մէջ գտնուող ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ՀՅԴ Միջազգային կապերու Եւրոպայի գրասենեակի պատասխանատու Գասպար Կարապետեանի եւ նոյն գրասենեակի աշխատակից Սարինէ Աբրահամեանի ուղեկցութեամբ, 8 նոյեմբերին հանդիպած է Եւրոպայի Ընկերվարական կուսակցութեան ղեկավարութեան` կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղարի տեղակալներ Եոնեք Փոլենի, Սաար Վան Պիւրենի եւ Գործադիր վարչութեան անդամ Քարոլին Ճենեզի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած...

Յակոբ Բագրատունի. «Կ՛ողջունենք Քուէյթի  Եւ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպաններուն  Լիբանան Վերադարձը»

Երեսփոխան Բագրատունի Կը Դատապարտէ Աքքարի Քաուաշրա Գիւղին Մէջ «Ազրպէյճանի Նահատակներու» Յիշատակին Յուշարձանի Կանգնեցումը. «Ինչպէ՞ս Ոմանք Կ՛անտեսեն Լիբանանի Պաշտօնական Կեցուածքը»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ընկերային ցանցերու վրայ կատարած գրառումով դատապարտեց Աքքարի Քաուաշրա գիւղին մէջ «Ազրպէյճանի նահատակներու» յիշատակին յուշարձանի կանգնեցումը` նշելով. «Անակնկալի եկանք այսօր իմանալով «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նահատակներու» յիշատակին յուշարձանին կանգնեցումը` Աքքարի Քաուաշրա աւանին մէջ, ներկայութեամբ երեսփոխաններ Մոհամետ Սլեյմանի եւ Ճիմի Ժապպուրի»: «Յարգելով հանդերձ աւանին բնակիչները` անարգանք է լիբանանեան աւանի մը մէջ մարդկութեան հանդէպ ոճրագործներու «յիշատակին» ...

Page 269 of 796 1 … 268 269 270 … 796

Արխիւներ