Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Կազմակերպութեամբ` Ս. Ծննդեան Համերգ` Համազգայինի «Գուսան»-ի Եւ «Բարսեղ Կանաչեան»-ի Կատարողութեամբ

January 6, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Ազգային Ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, չորեքշաբթի, 4 յունուար 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան համերգ` կատարողութեամբ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին եւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի արուեստագէտներուն:

Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին լեցուցած հայ եւ արաբ հոծ բազմութիւնը հմայուեցաւ «Գուսան» երգչախումբի եւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի արուեստագէտներուն գեղարուեստական բարձրորակ կատարումներով:

Համերգին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ հայր Խաչիկ Գույումճեան, Հայ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ Աւետարանական սիւնհոդոսի նախագահ վեր. Ժորժ Մըրատ, Ազգային Ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, նախարարներ, երեսփոխաններ, քաղաքապետներ եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, նաեւ` գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Համերգին բացման խօսքը արաբերէնով արտասանեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան: Ան դիտել տուաւ, որ այս օրերուն աշխարհը կը փնտռէ յոյս եւ խաղաղութիւն, որովհետեւ յոյսի չգոյութեան եւ անյայտ ապագայի զգացումը իշխած են մարդկութեան վրայ, աւելցնելով, որ խաղաղութիւնը միայն պատերազմի աւարտը չէ, ո՛չ ալ ունեցուածքի վերադարձն է, այլեւ` անիկա իրական խոր աստուածային արարք է մարդու մէջ Աստուծոյ ուժի ներկայութեամբ: «Այս կէտէն մեկնած` մենք կը հաւատանք, որ Ս. Ծննդեան տօնը միշտ իրեն հետ կը բերէ յոյս, խաղաղութիւն, ջերմութիւն, սէր եւ լոյս», ըսաւ Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան եւ գոհունակութիւն յայտնեց կազմակերպուած համերգին համար` հաստատելով, որ երաժշտութիւնը մարդը կը մղէ երկխօսութեան եւ կը դիւրացնէ բարեկամութիւնը:

Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Համազգայինի, «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի եւ «Գուսան» երգչախումբի հիմնադրութիւնն ու գործունէութիւնը եւ եզրափակելով իր խօսքը շնորհաւորեց բոլորին Ս. Ծննդեան տօնը` մաղթելով, որ Փրկիչին Ծննդեան տօնով վերջ գտնեն Լիբանանի մէջ տիրող բոլոր տագնապները:

Այնուհետեւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Գրիգոր Ալոզեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի եւ Ալեքսանտր Սուսանիի, ներկայացուց Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած հայերէն, անգլերէն, արաբերէն եւ ասորերէն երգերու փունջ մը, իսկ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի արուեստագէտները ներկայացուցին եղանակներու շարք մը:

«Գուսան» երգչախումբը մեկնաբանեց Մովսէս Խորենացիի «Խորհուրդ մեծ»-ը, Մակար Եկմալեանի «Սուրբ սուրբ»-ը, Կոմիտասի գործերէն «Այ սիրուն կաքաւ» եւ «Ոհ ինչ քաղցր բան», «Աաթինա ռապպի»` սոլօ Ֆատի Պաշխընժի, ասորական «Շոպհօ», «Պիտայաա զղիրի», «Օ հոլի նայթ»` սոլօ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան, «Սայլընթ նայթ», «Զնգուն զանգեր», «Կաղանդ պապան եկեր է», «Կօ թել իթ ան տը մաունթընզ» երգերը, նաեւ «Ճօյ թու տը ուըրլտ» երգը, որուն շեփորով միացան Քարէն Աւագեան եւ Սարգիս Հալաճեան: Նուագով Մարիա Եագուպեան (քանոն) եւ Գէորգ Քէշիշեան (տուտուկ) մեկնաբանեցին «Մեծացուսցէ» եւ «Տաւիղ» երգերը, իսկ Արմէն Ճէնտէրէճեան (ջութակ), Գէորգ Քէշիշեան (սրինգ), Վերոնա Ռուսիալեան (դաշնակ) եռեակը մեկնաբանեց «Քարոլ աֆ տը պէլզ» եւ «Թիքօ-թիքօ» երաժշտական կտորները:

Ս. Ծննդեան ոգիով համակուած ներկաները մեծ գոհունակութեամբ ու ցնծութեամբ հետեւեցան համերգին եւ Նոր տարուան բարեմաղթութիւններ կատարելով ուրախութեամբ մեկնեցան եկեղեցիէն:

Նախորդը

Հակառակ Տագնապներուն` «Ազդակ» Անխափան Հրատարակութեամբ Թեւակոխեց Իր 95-Ամեակը

Յաջորդը

Քալըն. «Իրանի Հայանպաստ Յայտարարութիւնները Կը Մտահոգեն Անգարան Եւ Պաքուն»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.