Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւան Պիտի Շարունակէ Քայլերու Ձեռնարկել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Եւ Միջազգային Կառոյցներու Վճռական Գործողութիւններ Ապահովելու Ուղղութեամբ

January 5, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայաստան պիտի շարունակէ նպատակամղուած քայլերու ձեռնարկել բոլոր կարելի ձեւաչափերուն մէջ, ներառեալ` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի եւ միջազգային ու շրջանային կառոյցներու շրջանակներուն մէջ` այդ կառոյցներու լիազօրութենէն եւ գործառոյթներէն բխող վճռական արձագանգ եւ գործողութիւններ ապահովելու ուղղութեամբ` Լաչինի միջանցքի շրջափակումն ու ատոր պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի 120 հազար բնակչութեան առջեւ ծառացած մարդասիրական ճգնաժամը վերացնելու նպատակով», կը յայտարարէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Պաշտօնական Երեւանը նաեւ անհրաժեշտ կը նկատէ Լեռնային Ղարաբաղ եւ Լաչինի միջանցք միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան գործուղումը` տեղւոյն վրայ մարդասիրական իրավիճակը գնահատելու համար, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի մարմիններուն համար Լեռնային Ղարաբաղ անարգել մարդասիրական հասանելիութեան ապահովումը:

Ազրպէյճանական կողմի պնդումները, թէ Լաչինի միջանցքը իրականութեան մէջ բաց է, Երեւանը միանգամայն անհիմն կ՛որակէ, ինչի ապացոյցը կը նկատէ առնուազն այն, որ միայն Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի մեքենաներով  կը թոյլատրուի կեանքի վտանգի յառաջացման պարագային սահմանափակ թիւով հիւանդներու տեղափոխումը Հայաստան:

«Ազրպէյճանը պարտաւոր է անյապաղ վերաբանալ Լաչինի միջանցքը` 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտով ամրագրուած սկզբունքներով, համաձայն որոնց` Ազրպէյճան կ՛երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրական միջոցներու եւ բեռներու երթեւեկութեան անվտանգութիւնը, եւ Լաչինի միջանցքը կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբի վերահսկողութեան ներքեւ: Քանի որ Ազրպէյճանի ապօրինի գործողութիւններուն հետեւանքով եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները խախտուած են, կ՛ակնկալենք նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան կողմէ յստակ ջանքերու իրականացում` ուղղուած այս կոպտագոյն խախտումը առանց որեւէ նախապայմանի վերացնելուն», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Արդէն 23-րդ օրն է, որ Ազրպէյճանը ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ բռնի տեղահանութեան կը դրդէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը` շարունակելով ցեղային զտումներու իր քաղաքականութիւնը, իսկ մարդասիրական ճգնաժամը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ օրըստօրէ կ՛ահագնանայ, կ՛աւելցնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Պաշտօնական Երեւանը միջազգային գործընկերներու եւ ամբողջ յառաջադէմ մարդկութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ այդ փաստին վրայ:

«Աւելի ու աւելի զգալի կը դառնայ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու, սնունդի ու դեղորայքի պակասը: Շօշափելի կը դառնայ թերսնումի վտանգը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

 

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն Համագործակցիլ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Հետ` Վերջնական Լուծման Հասնելու Համար» Կ՛ըսէ Փրայս

Յաջորդը

Այս Կռիւն Ալ Կը Յաղթենք

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.