Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն Համագործակցիլ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Հետ` Վերջնական Լուծման Հասնելու Համար» Կ՛ըսէ Փրայս

January 5, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգները իրենց գործընկերներուն հետ կը շարունակեն ներգրաւուած մնալ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչուող խնդիրներու լուծման ուղղուած ջանքերուն մէջ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս:

«Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն յանձնառու մնալ Հարաւային Կովկասի շրջանի անվտանգ, կայուն, ժողովրդավարական, բարգաւաճ եւ խաղաղ ապագայի խթանման: Մենք կը շարունակենք ներգրաւուած մնալ երկկողմանիօրէն, համախոհ գործընկերներու հետ, ինչպիսին է Եւրոպական Միութիւնը, նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու միջոցով, ինչպիսին է ԵԱՀԿ-ը` նպաստելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչուող կամ ատկէ բխող բոլոր գոյութիւն ունեցող հիմնախնդիրներուն լուծումներ գտնելու համար», ըսած է Փրայս:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յիշեցուցած է արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի կողմէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իր գործընկերներուն միջեւ Ուաշինկթընի եւ Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպուած հանդիպումներուն մասին:

«Մենք պիտի շարունակենք ընել այն, ինչ որ, մեր գնահատումով, լաւագոյն հեռանկարները ունի` յառաջ տանելու անվտանգ, կայուն, ժողովրդավարական, բարգաւաճ եւ խաղաղ Հարաւային Կովկասի շրջանի տեսլականը: Մենք, ի հարկէ, կ՛ուզենք տեսնել, որ կողմերը իրենք յառաջընթաց կ՛արձանագրեն: Թէ այս տագնապի համապարփակ լուծումը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ, մեր որոշելու հարցը չէ: Ատիկա ծանր աշխատանք է, որ կողմերը իրենք պէտք է ընեն», ըսած է արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Նետ Փրայս դարձեալ շեշտած է, որ պիտի շարունակէ համագործակցիլ կողմերուն հետ վերջնական լուծման հասնելու համար:

«Մենք ամէնօրեայ դրութեամբ ներգրաւուած ենք եւ պիտի շարունակենք սերտօրէն համագործակցիլ կողմերուն հետ` երկկողմ, եռակողմ, ԵԱՀԿ-ի միջոցով, ինչպէս նաեւ այլ գործընկերներու միջոցով, որպէսզի օգնենք հասնիլ այդ վերջնական վիճակին», նշած է Փրայս:

Նախորդը

Լոս Անճելըսի Քաղաքապետը Եւ Քաղաքային Խորհուրդի Նախագահը Բերձորի Միջանցքի Հարցով Դիմած Են Պայտընին

Յաջորդը

Երեւան Պիտի Շարունակէ Քայլերու Ձեռնարկել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Եւ Միջազգային Կառոյցներու Վճռական Գործողութիւններ Ապահովելու Ուղղութեամբ

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.