Գլխաւոր լուրեր

Նախաձեռնութեամբ  Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանատան.  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Պալատին Մէջ Նշուեցաւ  Թաէֆի Համաձայնագիրին 33-Ամեակը

Նախաձեռնութեամբ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանատան. ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Պալատին Մէջ Նշուեցաւ Թաէֆի Համաձայնագիրին 33-Ամեակը

Շաբաթ, 5 նոյեմբերին, «Թաէֆի համաձայնագիր»-ը դարձաւ 33 տարեկան: Յիշեցնենք, որ Լիբանանի երկարամեայ պատերազմի աւարտին (1975-1989), լիբանանեան տարբեր կողմերու ներկայացուցիչներ սեպտեմբեր 1989-ին հրաւիրուեցան Սէուտական Արաբիոյ Թաէֆ քաղաքը, ուր երկար խորհրդակցութիւններէ ետք, 22 հոկտեմբեր 1989-ին անոնք որոշեցին վերջ տալ բախումներուն եւ կնքեցին խաղաղութեան համաձայնագիր մը, որ պաշտօնապէս ծանօթ է իբրեւ «Ազգային համաձայնութեան փաստաթուղթ»: 5 նոյեմբեր 1989-ն Լիբանանի խորհրդարանը վաւերացուց փաստաթուղթը, որ այնուհետեւ...

Խմբագրական.  Հանրահաւաքի Զանգուածայնացման  Անհրաժեշտութիւնը

Խմբագրական. Հանրահաւաքի Զանգուածայնացման Անհրաժեշտութիւնը

Ազգային գաղափարախօսական պատճառներուն առընթեր կան քաղաքական հրատապ շարժառիթներ այսօր զանգուածային ներկայութիւն ապահովելու միասնութեան հանրահաւաքին: Արցախի հայութիւնը, Սոչիի եռակողմ հանդիպումի նախօրէին, աշխարհը համոզեց, որ վճռական տրամադրուած է Ազրպէյճանի կազմին չմիանալու իր սկզբունքը իրագործելու պայքարին մէջ: Այստեղ կար կարեւոր զուգահեռ. Ազգային ժողով -հասարակութիւն զուգընթաց եւ փոխլրացնող կշռոյթներով կ՛ընթանային այդ վճռականութեան դրսեւորումներու գործողութիւնները. կամ` ինքնորոշման իրաւունքի կիրարկելիութեան անշեղ վարքագիծի հանդէպ անտեղիտալիութիւնը: Պատահական չէր...

Ռուբէն Վարդանեան Նշանակուած Է  Արցախի Պետական Նախարար

Ռուբէն Վարդանեան Նշանակուած Է Արցախի Պետական Նախարար

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրամանագիրով Ռուբէն Վարդանեան նշանակուած է Արցախի պետական նախարար: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, Արցախի նախագահի մէկ այլ հրամանագիրով Արտակ Բեգլարեան ազատ կացուցուած է Արցախի պետական նախարարի պաշտօնէն: Յարութիւնեանի մէկ այլ հրամանագիրով` փոփոխութիւն կատարուած է «Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի կողմէ նախարարներու գործունէութեան համակարգման մասին» Արցախի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրին մէջ: Ըստ նոր հրամանագիրին, պետական նախարարը պիտի համակարգէ հետեւեալ նախարարներու գործունէութիւնը` 1)...

Քասթալտօ. «Այս Առաքելութիւնը  Պէտք Է Ըլլայ Ոչ Թէ Ժամանակաւոր, Այլ Մշտական»

Քասթալտօ. «Այս Առաքելութիւնը Պէտք Է Ըլլայ Ոչ Թէ Ժամանակաւոր, Այլ Մշտական»

Փաստահաւաք առաքելութեամբ Հայաստան հասած Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները դիտորդական առաքելութեան ժամկէտը երկարացնելու եւ դիտորդներու թիւը մեծցնելու անհրաժեշտութիւն կը տեսնեն: Այս առաջարկը կը խոստանան ներկայացնել Եւրոպական խորհրդարանին մէջ: Մտադիր են բարձրացնել նաեւ Ազրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրարկելու հարցը: Ճիշդ է, Եւրոպան նախաճգնաժամային իրավիճակի մէջ է, սակայն պէտք չէ թոյլ տալ, որ ուժանիւթի հարցերը առաւել կարեւոր նկատուին. 3 նոյեմբերին Երեւանի մէջ հրաւիրուած մամուլի ասուլիսի...

Զօր. Աուն. «Ապահովական Կայունութիւնը  Ամրապնդուած Է, Եւ Լիբանանի Պաշտպանութիւնը  Մեր Պատասխանատուութիւնն Է»

Զօր. Աուն. «Ապահովական Կայունութիւնը Ամրապնդուած Է, Եւ Լիբանանի Պաշտպանութիւնը Մեր Պատասխանատուութիւնն Է»

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ նախագահեց լիբանանեան բանակի սպայակոյտի հանդիպումին` ներկայութեամբ Զինուորական խորհուրդի անդամներուն: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած զինուորական մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարելու ցուցմունքները: Զօր. Աուն նկատել տուաւ, որ հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը Լիբանանի վրայ իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ` տնտեսական եւ ապահովական իմաստներով, ինչպէս նաեւ առիթ պիտի տայ իր...

Ակնարկ.  1+2 Ձեւաչափի Ուրուագծումը`  Փոխան 3+3-ի

Ակնարկ. 1+2 Ձեւաչափի Ուրուագծումը` Փոխան 3+3-ի

Պաշտօնական Թեհրանէն հնչած յայտարարութիւններուն ամէնէն ուշագրաւ բաժինը այն էր, որ իրանական ընկերութիւնները պատրաստ են զարգացնել Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ փոխադրումները եւ նոր տարանցիկ անցք ստեղծել Հայաստանի եւ Պարսից ծոցի միջեւ` Արեւելեան Ազրպէյճանի Նորտուզ գիւղով: Խօսքը ըստ էութեան Պարսից ծոց-Սեւ ծով ուղղութեան մասին է: Անշուշտ նոր չէ Հայաստանի տարանցիկ կարգավիճակի այս կարեւոր եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ծրագիրը: Խնդիրը այն է, որ...

Հաղորդագրութիւն

Յայտարարութիւն. «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամ Օժանդակութիւն Լիբանանի Հայկական Վարժարաններուն

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը շարունակէ իր օժանդակութիւնը Լիբանանի հայկական վարժարաններուն` փորձելով թեթեւցնել անոնց բեռը Լիբանանի տնտեսական, քաղաքական թէ առողջապահական այս սուր տագնապներու օրերուն: Այսպէս, դեկտեմբեր 2019-ին, յուլիս եւ օգոստոս 2020-ին եւ ապրիլ 2021-ին Լիբանանի հայկական վարժարաններուն կատարուած յատկացումներէն ետք, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մարմինը (Fonds Armenien de France) անգամ մը եւս հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակին ճամբով կը հասնի լիբանանահայ վարժարաններու օգնութեան`...

Միրզոյեան. «Հայ-Թրքական Կարգաւորման  Գործընթացին Մէջ Յառաջընթաց Կայ»

Միրզոյեան. «Հայ-Թրքական Կարգաւորման Գործընթացին Մէջ Յառաջընթաց Կայ»

«Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջընթաց կայ, խօսակցութիւնը կը շարունակուի»,  «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ազգային ժողովի մնայուն յանձնախումբերու միացեալ նիստին` 2023 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկումին` անդրադառնալով պատգամաւորներու հարցումներուն: «Հանրայայտ է, որ գործընթացը առանց նախապայմաններու է եւ, միեւնոյն ժամանակ, թրքական կողմը անընդհատ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հետ է կը կապէ,...

Նախագահական Ընտրութեան Խորհրդարանի  Յաջորդ Նիստը` 10 Նոյեմբերին

Նախագահական Ընտրութեան Խորհրդարանի Յաջորդ Նիստը` 10 Նոյեմբերին

Խորհրդարանը Յանձնարարեց Ընթացիկ Հարցերու Կառավարութեան Իր Պարտականութիւնները Շարունակել` Ըստ Սահմանադրութեան Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախագահութեամբ երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գումարուեցաւ լիագումար նիստ մը, որուն ընթացքին կարդացուեցաւ կառավարութեան հրաժարականը ընդունելու մասին հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունի նամակը: Անդրադառնալով կարգ մը երեսփոխաններու կատարած յայտարարութիւններուն` Պըրրի յայտնեց, որ խորհրդարանը նախապէս գումարած է լիագումար մը, որուն ընթացքին կարդացած է հանրապետութեան նախագահին յղած...

Խօսելով «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Մասին` «Մենք Կ՛օգտագործենք «Երթուղի» Եզրը» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին պատասխանած է «Զանգեզուրի միջանցք»-ի կազմակերպման ուղղուած ջանքերուն մասին հարցումին: Անոր համաձայն, Մոսկուան կ՛օգտագործէ «երթուղի» եզրը: Այս մասին հաղորդեց ռուսական «Նիուզ» կայքը: Ան յիշեցուցած է նաեւ Սոչիի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ վեհաժողովը: Զախարովա ըսած է, որ ղեկավարները քննարկած են...

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Ընեն Այն,  Ինչ Որ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Կայուն  Խաղաղութեան Հաստատման Համար  Ամէնէն Օգտակարը Կը Նկատեն»  Կ՛ըսէ Փրայս

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Ընեն Այն, Ինչ Որ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Կայուն Խաղաղութեան Հաստատման Համար Ամէնէն Օգտակարը Կը Նկատեն» Կ՛ըսէ Փրայս

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Նետ Փրայս մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է 31 հոկտեմբերին Սոչիի մէջ Ռուսիոյ, Հայսաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումի արդիւնքներուն: Լրագրողը հետաքրքրուած է, թէ արդեօք Սոչիի մէջ հանդիպումէն ետք Միացեալ Նահանգներու մօտ տպաւորութիւն կա՞յ, որ երկու կողմերն ալ տակաւին շահագրգռուած են մինչեւ տարեվերջ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու հարցին մէջ: «Մենք հաւատարիմ ենք հայ-ազրպէյճանական...

Իրան Պատրաստ Է Հայաստանի Եւ Արաբական  Ծոցի Միջեւ Տարանցիկ Միջանցք Ստեղծելու

Իրան Պատրաստ Է Հայաստանի Եւ Արաբական Ծոցի Միջեւ Տարանցիկ Միջանցք Ստեղծելու

Իրանի ինքնաշարժային ճամբաներու նախարար Ռոսթամ Քասեմի յայտարարած է, որ իրանեան ընկերութիւնները պատրաստ են զարգացնելու Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ փոխադրումները եւ նոր տարանցիկ միջանցք ստեղծելու Հայաստանի եւ Արաբական ծոցի միջեւ` Արեւելեան Ազրպէյճանի Նորտուզ գիւղին ճամբով: «Արմէնփրես», յղում կատարելով իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Ռոսթամ Քասեմի այս մասին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման ենթակառոյցներու նախարար Գնել Սանոսեանի հետ հանդիպումի...

Արաբական Լիկան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Լիբանանին` Պահպանելու Իր Կայունութիւնը

Արաբական Լիկան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանին` Պահպանելու Իր Կայունութիւնը

Վարչապետ Միքաթի. «Լիբանան Կը Վստահի Իր Արաբ Եղբայրներուն Օժանդակութեան»   Լիբանանի դիմագրաւած սահմանադրական դատարկութեան շրջագիծին մէջ, երբ երկխօսութեան կամ խորհրդակցութիւններու միակ յոյսը խորհրդարանի նախագահին հրաւէրն էր, տակաւին երկրին քաղաքական երկփեղկումը կասեցնելու եւ համախմբելու առիթ կը թուէր ըլլալ: Սակայն երէկ կէսօրին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ. «Հանրապետութեան համախոհական նախագահ մը ընտրելու նպատակով առաջարկուած երկխօսութեան հրաւէրին...

Պաքուն Կը Յայտարարէ Իրանի  Վերահսկողութեան  Տակ Գործող Զինեալ Խմբաւորման  Բացայայտման Մասին

Պաքուն Կը Յայտարարէ Իրանի Վերահսկողութեան Տակ Գործող Զինեալ Խմբաւորման Բացայայտման Մասին

Ազրպէյճանի անվտանգութեան պետական ծառայութիւնը յայտարարած է երկրին մէջ Իրանի գաղտնի սպասարկութեան վերահսկողութեան տակ գործող զինեալ խմբաւորումի բացայայտման մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով գերատեսչութեան պաշտօնական հաղորդագրութիւնը: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ խմբաւորումի պարագլուխները, որոնք հետախուզութեան կ՛ենթարկուին Ազրպէյճանի իրաւապահներու կողմէ, գործած են կրօնական գաղափարախօսութեան քարոզչութեան քողի տակ եւ այժմ թաքնուած են Իրանի մէջ: «Գերատեսչութիւնը բազմակողմանի քննութիւն կը կատարէ`...

Ակնարկ.   Փրակա-Սոչի. Միջնորդական Մրցապայքար

Ակնարկ. Փրակա-Սոչի. Միջնորդական Մրցապայքար

Սոչիի եռակողմ յայտարարութեան մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան ուղղակիօրէն վերաբերող բաժինները պէտք է լուսարձակի տակ առնել` արժեւորելու համար նախասոչի կատարուած յայտարարութիւնները Ռուսիոյ նախագահին կողմէ եւ անոնց կիրարկելիութեան հաւանականութիւնը: Առաջին. «Նշելով ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի առանցքային ներդրումը իր տեղակայման գօտիի անվտանգութեան ապահովման առումով` ընդգծեցինք տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման ուղղութեամբ Ռուսիոյ ջանքերու արդիականութիւնը»: Երկրորդ. «Ընդգծեցինք Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման աշխուժ...

Փութին Համեմատած Է Սոչիի Եւ Փրակայի  Եռակողմ Հանդիպումներուն Արդիւնքները

Փութին Համեմատած Է Սոչիի Եւ Փրակայի Եռակողմ Հանդիպումներուն Արդիւնքները

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի երկուշաբթի օր Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումին աւարտին որդեգրուեցաւ միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անոնք ընդգծեցին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման աշխուժ նախապատրաստուելու կարեւորութիւնը: «Մենք` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Ն. Վ. Փաշինեան, Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Ի. Հ. Ալիեւ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վ. Վ. Փութին 2022...

«Հարաւային Կովկասի Մէջ Օտարներու Կողմէ  Որեւէ Միջամտութիւն Խնդիրի Լուծման  Փոխարէն Խնդիրներ Պիտի Ստեղծէ» Կ՛ըսէ Ռայիսի

«Հարաւային Կովկասի Մէջ Օտարներու Կողմէ Որեւէ Միջամտութիւն Խնդիրի Լուծման Փոխարէն Խնդիրներ Պիտի Ստեղծէ» Կ՛ըսէ Ռայիսի

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Թեհրանի «Սատապատ» համալիրի մէջ մասնակցած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին: Այս մասին հաղորդեց իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը: Իրանի նախագահը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի վարչապետի Իրանի իսլամական հանրապետութիւն այցելութիւնը, անկասկած, բեկումնային պիտի ըլլայ երկու երկիրներու զարգացման գործին մէջ: Նշելով, որ բարի դրացիական քաղաքականութիւնը Իրանի կառավարութեան ընդգծուած քաղաքականութիւններէն մէկն...

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Ընդդիմադիր  Խմբակցութիւններու Ներկայացուցիչները  Հանդիպած Են Եւրոպական  Խորհրդարանի Երեսփոխաններուն

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Ընդդիմադիր Խմբակցութիւններու Ներկայացուցիչները Հանդիպած Են Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխաններուն

«Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ձգելը յղի է ցեղային զտումներով», նշած են Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները` Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ Փիթըր վան Տալենի, Ֆապիօ Մասիմօ Քասթալտոյի եւ Լարս Փաթրիք Պերկի հետ կայացած հանդիպման ժամանակ: Հիւրերը Հայաստանի մէջ են` ծանօթանալու այն իրականութեան, որուն կ՛առերեսուի երկիրը, ինչպէս նաեւ` այս դժուարին ժամանակներուն մէջ իրենց համերաշխութիւնը յայտնելու հայ ժողովուրդին: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է...

Նախագահական Պալատին Մէջ Լիբանանեան  Դրօշը Վար Առնուեցաւ, Իսկ Դահլիճները  Փակուեցան. Նախագահական  Ընտրութեան Նախանշան Անգամ Չկայ

Նախագահական Պալատին Մէջ Լիբանանեան Դրօշը Վար Առնուեցաւ, Իսկ Դահլիճները Փակուեցան. Նախագահական Ընտրութեան Նախանշան Անգամ Չկայ

Երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ վար առնուեցաւ երկրին դրօշը, ինչպէս նաեւ փակուեցան հանրապետութեան նախագահին գրասենեակը եւ բոլոր դահլիճներն ու սրահները` նկատի ունենալով նախագահական դատարկութեան փուլը, որուն մէջ մուտք գործած է Լիբանանը պաշտօնապէս: Նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, որ հսկեց նախագահական պալատը փակելու այս արարողակարգին, յայտնեց, որ տխուր է այս օրը` յոյս յայտնելով, որ այս պատկերը դարձեալ չկրկնուի: Ան շեշտեց,...

Խմբագրական.  Արցախը Հերթական Անգամ Ճշդեց  Նշաձողի Աստիճանաչափը

Խմբագրական. Արցախը Հերթական Անգամ Ճշդեց Նշաձողի Աստիճանաչափը

Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանին յայտարարութիւնն ու Ստեփանակերտի համաժողովրդային հանրահաւաքը համընթաց քայլեր են, որոնք թէ՛ ներազգային եւ թէ՛ արտաքին ուղերձներ կը պարփակեն: Պէտք է արձանագրել, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք տարբեր առիթներով Արցախի ժողովուրդը հանրահաւաքի դիմած էր` իր ձայնը լսելի դարձնելու համար: Այս մէկը մարդաշատութեամբ եզակի է եւ իր տարողութեամբ` հատու պատգամներ փոխանցող: Յայտարարութեան եւ հանրահաւաքին ընդառաջման տարողութեամբ եւ հնչած տեսակէտներու համադրումը կատարելով...

Page 271 of 796 1 … 270 271 272 … 796

Արխիւներ