Երկուշաբթի, 2 յունուար 2023-ին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տէրը կաթողիկոսանիստ մայրավանք այցելելով` հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ, ներկայութեամբ Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, Կոմիտաս արք. Օհանեանի եւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ Նոր տարուան ու Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով բարեմաղթութիւններ փոխանակելու, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարելու Արցախի պարզած ներկայ տագնապալից կացութեան, Լիբանանի դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններուն եւ ընդհանրապէս Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները յուզող խնդիրներուն:
Երկու հոգեւոր պետերը շեշտեցին մեր ժողովուրդի դիմագրաւած ներկայ տագնապալից ժամանակներուն ազգային համախմբումի հրամայականը:


