Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը
Հանդիսաւորապէս Նշուեցաւ Հայրապետանիստ Վանքին Մէջ
Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ կաթողիկոսանիստ վանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ` ուրբաթ, 6 յունուար 2023-ին: Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, զանգերու ղօղանջներուն ներքեւ հայրապետական թափօրը վեհարանէն ուղղուեցաւ դէպի մայր տաճար, ուր վեհափառ հայրապետը մատուցեց Ս. եւ անմահ պատարագը, կատարեց մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւնը եւ հաւատացեալներուն յղեց իր հայրապետական պատգամը:
Ս. Խորանին վրայ, վեհափառ հայրապետին կողքին, առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Կոմիտաս արք. Օհանեան ու Շահան արք. Սարգիսեան, իսկ պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը:
Ստուար թիւով հաւատացեալ ժողովուրդի շարքին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան կազմը` գլխաւորութեամբ դեսպանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան համաատենապետները եւ անդամները, պետական եւ ազգային երեսփոխաններ, կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու վերին մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, Աստուածայայտնութեան տօնին կը նշենք նաեւ Քրիստոսի Ս. Մկրտութիւնը: Առ այդ, Կոմիտաս սրբազանը միւռոնաթափ աղաւնին Ս. Երրորդութեան խորանէն «Լոյս ի լուսոյ» հոգեթով շարականին երգեցողութեամբ բերաւ Ս. խորան, եւ ձեռամբ վեհափառ հայրապետին կատարուեցաւ Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւնը: Ապա, վեհափառ հայրապետը, ներկայ թէ առցանց Ս. պատարագին մասնակցող մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուղղեց Ս. Ծննդեան հայրապետական պատգամը:
Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին սկսաւ հաստատելով, որ «Բեթղեհէմը դարձաւ յոյսի աղբիւր, որովհետեւ Բեթղեհէմի մէջ ծնաւ տառապանքով լեցուն համայն մարդկութեան երկնային յոյսը: Արդարեւ, մարդը հեռացած էր Աստուծմէ: Տագնապներով լեցուն էր մարդկութիւնը եւ կը սպասէր երկնային յոյսի գալստեան: Բեթղեհէմի ճամբով Աստուած կու գար մարդկութեան յոյս ներշնչելու. Բեթղեհէմի ճամբով Աստուած կու գար ըսելու, թէ ինք է ճշմարիտ ու յաւիտենական յոյսը աշխարհին. եւ ով որ մօտենայ այս յոյսին ու հաւատայ անոր, պիտի վերականգնի ու փրկուի: Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին Քրիստոս յաճախ անդրադարձաւ յոյսին. այն յոյսին, որ հաւատքով կռանուած է, սիրով լեցուած ու Քրիստոսի փրկարար երկրորդ գալուստի տեսլականով մղուած: Նոյն մօտեցումով առաքեալներ յիշեցուցին Քրիստոսի հետեւորդներուն, որ կեանքի տագնապները պէտք է յաղթահարել Քրիստոսի ճամբով աշխարհին յայտնուած երկնային յոյսով: Եկեղեցին, իր կարգին, պատմութեան տագնապներուն դիմաց դարձաւ յոյսի վկան ու պատգամաբերը»:
Շարունակելով իր պատգամը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Բեթղեհէմը ո՛չ միայն դարձաւ երկնային յոյսի ծնունդ տուող վայրը, այլ նաեւ` երկնային յոյսի հրաւէրը, եկեղեցւոյ ճամբով` ուղղուած աշխարհին: Արդարեւ, յոյսը ո՛չ միայն քրիստոնէական բարոյական արժէքներու համակարգին մաս կազմող արժէք է, այլ նաեւ քրիստոնէական կեանքին որակ ու կոչում, ինքնութիւն ու նպատակ տուող աստուածային պարգեւ է: Մկրտութեան ժամանակ երեխան քրիստոնեայ կը դառնայ լեցուելով հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ երկնային շնորհներով: Արդ, յուսահատութիւնը տեղ պէտք չէ ունենայ քրիստոնեայի կեանքին մէջ: Յոյսը պէտք է դառնայ իր կեանքը իմաստաւորող, հզօրացնող ու առաջնորդող ուղեցոյցը»: Անդրադառնալով ներկայ ժամանակներուն` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Այսօր կը նշենք երկնային յոյսին էջքը Բեթղեհէմ, անոր մարդեղացումն ու գալուստը աշխարհ: Այսօր Բեթղեհէմի յոյսը կը հրաւիրէ մեզ երկրի վրայ մեզ շրջապատող բոլոր տեսակի կեղծ, ժամանակաւոր, ապականիչ ու խաբուսիկ յոյսերը մերժելու եւ դառնալու աշխարհի ճշմարիտ յոյսին: Բեթղեհէմի յոյսով լեցուած մարդը պէտք չէ ընկճուի յուսահատութեան մղող երկրաւոր կեանքի տագնապներէն, այլ` հաւատքով փարի յոյս կենարար ուժին»:
Ապա վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Այսօր յուսահատութիւնը շրջապատած է մեր ազգին կեանքը: Սակայն, հաւատքով հզօրացած, մենք կը մերժենք մեզ յուսահատութեան առաջնորդող որեւէ երեւոյթ ու կացութիւն: Այսօր, անմարդկային միջոցներով շրջապատումի ենթարկուած Արցախի ժողովուրդը յոյսով հզօրացած` կը մերժէ տեղի տալ որեւէ պարտադրանքի, որ հարցականի տակ կ՛առնէ իր ինքնորոշման իրաւունքը: Այսօր, ներքին բեւեռացումներով լեցուն հայրենի ժողովուրդը կը մերժէ, պէ՛տք է մերժէ, բոլոր տեսակի պարտադրանքները` դիւանագիտութեան խաբուսիկ քողով զարդարուած, որոնք կրնան վտանգել Հայաստանի ամբողջականութիւնը ու անկախութիւնը: Սփիւռքի տարբեր պայմաններուն մէջ ապրող մեր գաղութները պէտք է մերժեն որեւէ մէկ մտածելակերպ, կենցաղակերպ կամ գործելակերպ, որ կրնայ վտանգել քրիստոնէական ու ազգային արժէքներով շաղախուած մեր հայու ինքնութիւնը: Ճշմարիտ յոյսը կրաւորական ու սպասողական հոգեվիճակ մը չէ: Ճշմարիտ յոյսը Սուրբ Հոգւոյ ներգործութեամբ հզօրացած ու հաւատքով թրծուած քաջարի կեցուածք է, գործօն մասնակցութիւն է, տոկուն վճռականութիւն է կեանքի բոլոր տեսակ տագնապներուն նկատմամբ»:
Եզրակացնելով իր հայրապետական պատգամը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Յոյսի պատգամը մեզի կու գայ յոյսի աղբիւրէն` Բեթղեհէմէն, ուր Աստուած մեզի հետ եղաւ` իբրեւ յոյսը աշխարհին. եւ այսօր ու միշտ Աստուած Բեթղեհէմի ճամբով միշտ մեզի հետ է: Դառնանք յոյսի աղբիւրին եւ մեր կեանքը լեցնենք այդ աղբիւրէն առատօրէն հոսող յոյսով, որպէսզի կարենանք կեանքին պարտադրած բոլոր տեսակի տագնապներն ու չարիքները յաղթահարել»:
Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին սկիզբը եղբայրական սիրով ողջունեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը` մաղթելով քաջառողջութիւն եւ աստուածահաճոյ ծառայութիւններով լեցուն երկար գահակալութիւն: Քրիստոնէական սիրով ողջունեց Երուսաղէմի պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանը եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեանը` մաղթելով արդիւնաշատ ծառայութիւն մեր սուրբ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին: Վեհափառ հայրապետը նաեւ իր հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցեց թեմակալ առաջնորդներուն, Ազգային իշխանութեանց, հոգեւորական դասուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին` աղօթելով, որ մնան միշտ Քրիստոսի ճամբուն հաւատարիմ ուղեւորները:
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, վեհափառ հայրապետը վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց քաղաքական եւ պետական անձնաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ ներկայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները:





