Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած

Յունուար 6, 2023
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմի

«Հոն մանուկ մը պիտի գտնէք` խանձարուրով
փաթթուած եւ մսուրի մէջ դրուած»:

Ղուկաս 2.12

Աստուծոյ եւ մարդուն հանդիպման պահն է դարձեալ: Այս առիթով, նախ փառք կու տանք Ամենակալին, որ առիթ կ՛ընծայէ մեզի, Ս. Ծննդեան աւետիսը փոխանցելու լիբանանահայ հաւատացեալ մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

Այսօր, կեանքի մեծ խորհուրդին վարագոյրը կը բացուի մեր դիմաց եւ Աստուծոյ փառքը կը ճառագայթէ երկրի վրայ: Այս առիթով, վերապրելու համար կեանքի ամէնէն լուսաւոր դէպքին յիշատակը, աշխարհն ալ կը ձգտի զարդարուիլ արուեստական լոյսերով ու գեղեցկութիւններով: Եւ մինչ  մարդիկ կը փորձեն արուեստական միջոցներով երանութեան հանդէսի վերածել իրենց շրջապատը, մեր Տէրն ու Փրկիչը կը շարունակէ աշխարհին ներկայանալ Բեթղեհէմի մսուրին համեստ տեսարանով ու անօգնական մանուկի մը օրինակով:

Կրնա՞նք  զինք ընդունիլ իբրեւ մեր Տէրն ու Աստուածը եւ մեր հոգիներուն մէջ աճեցնել իբրեւ լոյս ու ճշմարտութիւն:

Յիսուսի ծնունդը, մանուկի մը կերպարանքով, աշխարհի մէջ Աստուծոյ յայտնութեան յիշատակն է: Այսօր, Աստուծոյ փառքը աշխարհի մէջ կը ճառագայթէ, որպէսզի նոր լոյսով պայծառացնէ մեր գիտակցութիւնն ու նոր առաքինութիւններու ուղղէ մեր կեանքը: Աստուծոյ զօրութիւնը աշխարհ կու գայ, որպէսզի նորոգուինք նկարագիրով, վարքով եւ կենցաղով ու դառնանք Աստուծոյ գործակից:

Անկասկած, տօնական պայմաններու մէջ, բոլորս ալ կ՛ուզենք սովորականէն տարբեր` աւելի քաղցր, աւելի լուսաւոր ու յուսալից տեսիլքներու հասնիլ եւ ճշմարիտ ու տեւող բերկրանք հաստատել մեր կեանքին մէջ: Այդ իսկ պատճառով, հրեշտակը, որ անցեալին հովիւները առաջնորդեց դէպի Բեթղեհէմ, որպէսզի այնտեղ` մսուրին մէջ տեսնեն խանձարուրով փաթթուած մանուկ Յիսուսը, այսօր մեզ ալ կը հրաւիրէ  երթալու դէպի մեր ընկերութեան մէջ աննկատ մնացող անօգնականներն ու անկարները, որպէսզի անոնց մէջ նշմարենք Աստուծոյ ճառագայթող պատկերը եւ այդպիսով նաեւ ըմբռնենք մեր գոյութեան իմաստն ու ճանչնանք կեանքին ու մեր նմաններուն նկատմամբ մեր ունեցած պարտականութիւնները:

Յիսուսի ծնունդով Աստուած մարդկային կերպարանք ստացաւ, որպէսզի դարձեալ մեզի մօտենայ, մեզի հետ քալէ ու մեր կեանքին ընթացքը ուղղելով, մեր մէջ վերստին դրոշմէ Աստուծոյ անեղծ պատկերը:  Ուստի, անհունէն դէպի երկիր հոսող սրբութեան ու ճշմարտութեան ճառագայթը, այսօր պէտք է տեւող հոգեւոր ուրախութեան տեսարան պարզէ մեր մէջ,  դարձեալ ոգեւորէ մեզ ու պայծառակերպէ մեր գիտակցութիւնը, որպէսզի նոր նուիրումով նայինք մեր շրջապատին եւ զայն ողողենք քրիստոնէական սիրով ու նուիրումով:

Ս. Ծնունդը մեր հոգիին մէջ պէտք է հետք ձգէ, մեր մէջ նոր լոյս հաստատէ, ու մեզ պայծառատես դարձնելով, առաջնորդէ առաքինութիւններու, որպէսզի  այդպիսով տեւող ուրախութիւն հաստատէ մեր մէջ: Հետեւաբար, ով որ կ՛ուզէ տեսնել կենդանի Աստուածը, պէտք է զայն նախ փնտռէ իրական կեանքի վիճակներուն մէջ` յատկապէս վշտաբեկներուն, խեղճերուն եւ անտէր ու անօգնական եղողներուն մէջ, որպէսզի մեր մասնակցութեամբ կեանքի դառնութիւնները կերպարանափոխուին քաղցրութեան, եւ սիրոյ արարքներով նաեւ աշխարհի մէջ իրագործուի մարդկային մեր կոչումը:

Ուստի, տօնական պայմաններու մէջ, երբ մեր հոգեկան ձգտումները աւելի կը գեղեցկանան ու մտածումները կը քաղցրանան, փորձենք ազնուութեան հոգիով դիտել մեր շրջապատին վիճակը եւ մեր սեփական ուրախութենէն, հանգիստէն ու ապահովութենէն անդին, նաեւ նշմարենք մեր կողքին գտնուող կարօտեալն ու անկարը եւ զանոնք պաշտպանելու ու վեր բարձրացնելու ճիգ կատարենք եւ այդպիսով ճշմարիտ տօնական բերկրանք բերենք մեր կեանքին:

Ուրախութիւնը իրական եւ տեւող կրնայ ըլլալ միայն այն ժամանակ, երբ սիրտն ու հոգին են անոր աղբիւրը: Առանց սիրոյ զգացումին կարելի չէ ճանչնալ զԱստուած:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Մինչ մենք Ս. Ծնունդը կը դիմաւորենք, օրըստօրէ աւելի մթագնող լիբանանեան մեր կեանքի պայմաններուն մէջ ու նոր փլուզումներու ենթակայ արցախեան ու հայաստանեան կասկածելի անցուդարձերու մտահոգութիւններով, այսօր, Աստուած իր յաւերժութենէն բաժին կը բերէ մեզի: Վստահաբար, այսօր կարիքը ունինք երկնային օժանդակութեան, կարիքը ունինք աստուածային զօրութեան ու սրբութեան եւ կարիքը ունինք նոր քաջութեան: Պէտք է նոր լոյս մը ճառագայթէ մեր կեանքի մէջ ու նոր հոգի մը խրախուսէ մեզ, որպէսզի կարենանք երկնային օժանդակութեամբ, մեր եկեղեցական ու համայնական կեանքը ամրացնել ու հայրենանուէր արարքներով, նաեւ նոր խրախոյս հաստատել մեր ազգային ձգտումներուն մէջ:

Թող աստուածային սէրը պաշտպանէ Լիբանանն ու մեր կեանքին մէջ բանայ աւելի պայծառ եւ յուսալից ուղիներ, խաղաղութեան մէջ պահէ Արցախն ու Հայաստանը, աննկուն դարձնէ հայոց բանակը եւ մեր ազգային նպատակներու հետապնդման ճիգերուն մէջ միշտ աջակից մնայ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

Շնորհաւոր Նոր տարի: Թող 2023 թուականը նոր լոյս կեդրոնացնէ մեր հոգիներուն խորքը եւ նոր եռանդ բերէ մեր կեանքին:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ: Ձեզի եւ մեզի մեծ աւետիս:

Մնամ սիրոյ ողջունիւ աղօթարար`
ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմի

 

Նախորդը

Մեղքերու Խոստովանութեան Հրամայականը

Յաջորդը

Դառնանք` Մահէն Դէպի Կեանք Առաջնորդող Քրիստոսին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին  Կանգնած Իրականութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին Կանգնած Իրականութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի  Հայ Գերիներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Աւարտած Է Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Եւ Միւս Գերիներու Դատավարութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?