 Արդէն թեւակոխեցինք 2023 նոր տարին` մեր հոգիներուն ու միտքերուն մէջ ունենալով նոր սկիզբի, նոր երազներու, նոր նուաճումներու ու նոր յանձնառութիւններու վառ յոյսը եւ մեր ետին թողեցինք մեր անձնական, ընտանեկան թէ հաւաքական հինը եւ  յուսախաբութեան ոգին: Այս սպասումներով ու հաւատքով 1 յունուար 2023-ի առաւօտուն հաւատացեալներ ուղղուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճար, ուր, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, մատուցուեցաւ Նոր տարուան անդրանիկ սուրբ պատարագը:
Արդէն թեւակոխեցինք 2023 նոր տարին` մեր հոգիներուն ու միտքերուն մէջ ունենալով նոր սկիզբի, նոր երազներու, նոր նուաճումներու ու նոր յանձնառութիւններու վառ յոյսը եւ մեր ետին թողեցինք մեր անձնական, ընտանեկան թէ հաւաքական հինը եւ  յուսախաբութեան ոգին: Այս սպասումներով ու հաւատքով 1 յունուար 2023-ի առաւօտուն հաւատացեալներ ուղղուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճար, ուր, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, մատուցուեցաւ Նոր տարուան անդրանիկ սուրբ պատարագը:
Ս. պատարագի աւարտին միաբան հայրեր, դպրեվանեցիներ եւ հաւատացեալներ թափօրով ուղղուեցան վեհարանի դահլիճ: Առաքել աբղ. Գատէհճեան, յանուն միաբանութեան, ուղերձ կարդաց: Առաջին հերթին հայր սուրբը փառք ու գոհութիւն յայտնեց առ Աստուած, որ 2022 տարուան ընթացքին Իր հովանին ու օրհնութիւնը մեզմէ անպակաս ըրաւ: Այսօր, Ան մեզի կը պարգեւէ նոր տարի մը` դարձեալ առիթ ընծայելով, որ մեր կեանքի ծառը տարիով մը աճի` Իր մեծ ողորմութեամբ եւ մարդասիրութեամբ: Ապա ան անդրադարձաւ մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան հրաշափառ տօնին եւ մաղթեց, որ խաղաղութեան Իշխանին ծնունդով խաղաղութիւն ծնի համայն աշխարհին, մեր հայրենիքին, Արցախին եւ սփիւռքին, ինչպէս նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրին տուներէն ներս եւ սրտերուն մէջ:
«… Նեղութիւնները մեզի համբերութիւն կու տան, համբերութիւնը` տոկունութիւն, տոկունութիւնը` յոյս, իսկ յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը տեղ գտած է մեր սիրտերուն մէջ` մեզի տրուած Սուրբ Հոգիին միջոցաւ» (Հռ 5.3-5): Պօղոս առաքեալի` հռոմայեցիներուն ուղղած նամակէն քաղուած այս բառերը Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամին առանցքը դարձուց: Ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց առաքեալին տառապալից ու հալածանքներով լեցուն, սակայն միեւնոյն ժամանակ աստուածային ներկայութեամբ, հաւատքով ու յոյսով ապրած կեանքը: Հայրապետը թելադրեց, որ լսենք առաքեալին վերոյիշեալ վկայութիւնը, այս օրերուն մասնաւանդ, երբ մեր կեանքը լեցուն է բազմազան դժուարութիւններով` Հայաստանի, Արցախի, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ բոլոր գաղութներուն մէջ: Կաթողիկոսը յորդորեց, որ այս նեղութիւններով հանդերձ, կառչինք յոյսին, մեր հաւատքով շաղախուած յոյսին, որովհետեւ «յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր»:
Այլ մէջբերումով մը վեհափառ հայրապետը հաւատացեալներուն ուշադրութեան յանձնեց դարձեալ Պօղոս առաքեալի` հռոմայեցիներուն ուղղած նամակէն հատուած մը` ընդգծելով սակայն, որ Աստուածաշունչէն եկող բոլոր յիշեցումներն ու պատգամները միշտ այժմէական են ու յաւերժական. անոնք միայն Աստուածաշունչին կամ որոշ շրջապատի ու ազգերու չեն պատկանիր. անոնք յաւիտենական են ու անժամանակական, ընդգծեց հայրապետը` ընթերցելով առաքեալին խօսքերը. «… նորոգուած միտքերով նոր մարդ եղէք, որպէսզի ձեր փորձառութեամբ ընտրէք լաւը, գիտնալով Աստուծոյ կամքը, այսինքն` ինչ որ բարի է, ընդունելի է Իրեն եւ կատարեալ: … Ձեր սէրը թող անկեղծ ըլլայ: Ատեցէ՛ք` ինչ որ չար է, եւ բարիին կառչած մնացէք: Եղբօր պէս իրար սիրեցէք գորովանքով: Յարգելու մէջ իրար գերազանցեցէք: Եռանդագին աշխատեցէք առանց ծուլանալու: Ջերմեռանդ հոգիով Տիրոջ ծառայեցէք: Յոյսով ուրախացէք, նեղութեանց մէջ համբերող եղէք, յարատեւ աղօթեցէ՛ք: Կարիքի մէջ եղող եղբայրներուն օգնեցէք եւ միշտ հիւրասէր եղէք: Օրհնեցէ՛ք ձեզ հալածողները. մի՛ անծէք, այլ օրհնեցէք: Ուրախացողներուն հետ ուրախացէք եւ լացողներուն հետ լացէք: Բոլորին հանդէպ նոյն վերաբերումը ունեցէք. մեծամիտ մի՛ ըլլաք, խոնարհ մարդոց ալ ընկերութիւն ընելու զիջեցէք, եւ դուք ձեզ իմաստուն մի՛ համարէք: … Մի՛ պարտուիր չարէն, այլ բարիով յաղթէ չարին» (Հռ 12.2, 9-16, 21):
Եզրակացնելով իր խօսքը` Արամ Ա. կաթողիկոս հարց տուաւ, թէ այսօր արդեօք կա՞յ աւելի սրբազան, հզօր ու այժմէական պատգամ, քան` Պօղոս առաքեալի յիշեալ պատգամը: Հետեւաբար լսենք անոր պատգամը, եւ երբ մեր տուները երթանք, բանա՛նք Աստուածաշունչը եւ կարդանք զայն ու անոր պատգամը մեր կեանքին մէջ ապրեցնենք: Աւարտին ան աղօթք վերառաքեց առ Աստուած, որպէսզի բացուող նոր տարին մեր ժողովուրդին կեանքը լեցնէ երկնային շնորհներով ու պարգեւներով, որպէսզի մեր ազգին կեանքը ըլլայ աստուծահաճոյ, մեր գործունէութիւնն ու ծառայութիւնը դառնան իրապէ՛ս Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ կենսաւորող ներկայութիւն: «Թող Աստուած պահէ մեր ազգի զաւակները, որպէսզի անոնք հեռու մնան ամէն տեսակ երեւելի եւ աներեւոյթ չարերէն ու մեղքերէն: Շնորհաւոր Նոր տարի», աւարտեց իր խօսքը Արամ Ա.:
 Աւարտին բոլոր ներկաները միաբերան երգեցին «Կիլիկիա» եւ հայրապետական մաղթերգները եւ շնորհաւորելով հայրապետը` ստացան անոր հայրապետական ու հայրական օրհնութիւնը:
Աւարտին բոլոր ներկաները միաբերան երգեցին «Կիլիկիա» եւ հայրապետական մաղթերգները եւ շնորհաւորելով հայրապետը` ստացան անոր հայրապետական ու հայրական օրհնութիւնը:
Յայտնենք, որ 2022 տարուան աւարտին եւ 2023 նոր տարուան սեմին, նախագահութեամբ վեհափառ կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, մայրավանքի մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ գոհաբանական աղօթք, որպէսզի բացուող նոր տարին մեր ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցիին համար ըլլայ օրհնաբեր եւ խաղաղաբեր տարի մը:
 
			

