Գլխաւոր լուրեր

Հայկական Կողմը Ազրպէյճանին Յանձնած Է  Արցախեան Ա. Պատերազմին  Սպաննուածներու 10 Դիակ Եւ 2 Քարտէս

Հայկական Կողմը Ազրպէյճանին Յանձնած Է Արցախեան Ա. Պատերազմին Սպաննուածներու 10 Դիակ Եւ 2 Քարտէս

1 դեկտեմբերին հայկական կողմը ազրպէյճանական կողմին յանձնած է ենթադրաբար ղարաբաղեան Ա. պատերազմի ընթացքին 10 սպաննուածներու ոսկորներ եւ 2 քարտէս, ուր նշուած են 4 դիակներու գտնուելու հաւանական վայրեր: Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն կը յայտնեն, որ այսպիսով, 9 նոյեմբեր 2020-էն մինչեւ այսօր հայկական կողմը ազրպէյճանական կողմին յանձնած է ղարաբաղեան Ա. պատերազմի 140 սպաննուածներու ոսկորներ եւ 5 քարտէսներ:

Պայրամովի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին  «Մոսկուան Կ՛ուզէ Ամէն Կերպ Աջակցիլ  Խաղաղութեան Պայմանագիրի Ստորագրման»  Կ՛ըսէ Լաւրով

Պայրամովի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին «Մոսկուան Կ՛ուզէ Ամէն Կերպ Աջակցիլ Խաղաղութեան Պայմանագիրի Ստորագրման» Կ՛ըսէ Լաւրով

Երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը: Հանդիպումին ընթացքին Լաւրով ըսաւ, որ Ռուսիան կ՛ուզէ, որ ամէն կերպ աջակցի շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման, սահմանազատման, խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման եւ ընդհանուր առմամբ վստահութեան ամրապնդման, ներառեալ պետական կառոյցներու, քաղաքագէտներու եւ օրէնսդիրներու գծով: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Կարեւոր նիւթ է Ազրպէյճանի, Հայաստանի...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Ուղղեց` Վճռական Հակազդեցութիւն Ցուցաբերելով Արգելակելու Պաքուի Ցեղասպանական Ծրագիրը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց. «3 դեկտեմբերին քաղաքային հագուստներով խումբ մը ազրպէյճանցիներ բնապահպանական պատճառաբանութեամբ Շուշի-Քարինտակ  խաչմերուկի կէտին վրայ փակեցին Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղին: Հայաստանը եւ Արցախը իրարու կապող միակ ցամաքային ճամբու փակումը ազրպէյճանական չհրահրուած յարձակումին վերջ տուած 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան բացայայտ խախտում մըն է: «Մինչ 3 ժամ տեւողութեամբ բանակցութիւններէ ետք ճամբան...

Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբի Ս. Ծննդեան Համերգ

Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբի Ս. Ծննդեան Համերգ

Հովանաւորութեամբ եւ օժանդակութեամբ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կիրակի, 4 դեկտեմբեր 2022-ին երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ժմմէյզէի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը` Ս. Ծննդեան «Weihnachtsfarben - Ծննդեան գոյներ» խորագիրը կրող համերգով, խմբավարութեամբ մայեսթրօ Գրիգոր Ալոզեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի եւ Ալեքս Սուսանիի: Մեծաթիւ երաժշտասէր բազմութեան կողքին, ձեռնարկին ներկայ էին` երեք յարանուանութեան ներկայացուցիչները, պետական...

Ստեփանակերտ-Գորիս Մայրուղիին Վրայ  Ազրպէյճանական Սադրանք

Ստեփանակերտ-Գորիս Մայրուղիին Վրայ Ազրպէյճանական Սադրանք

3 դեկտեմբերին Շուշի-Քարինտակ խաչմերուկի հատուածին մէջ քաղաքային հագուստներով խումբ մը ազրպէյճանցիներ բնապահպանական պատճառաբանութեամբ փակեցին Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղին: Արցախի տեղեկատուական շտապէն յայտնեցին, որ ակնյայտ է, թէ Ազրպէյճան այս քայլով կը դիմէ սադրանքի` Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ցամաքային կապի ընդհատման եւ խաղաղ բնակչութիւնը հոգեբանական ահաբեկչութեան ենթարկելու համար: Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուներու` ազրպէյճանական կողմին հետ աւելի քան երեք ժամ տեւած բանակցութիւններէն...

Փրայս. «Յառաջիկային Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ  Հանդիպում Կը Նախատեսուի»

Փրայս. «Յառաջիկային Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ Հանդիպում Կը Նախատեսուի»

Մենք երկու եռակողմ հանդիպում կատարած ենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Արտաքին գործոց նախարար Պլինքընը նաեւ հեռաձայնային կապի մէջ է կողմերուն հետ: Վերջին հանդիպումի ժամանակ արտաքին գործոց նախարարները համաձայնած են արագացնելու բանակցութիւնները` յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին կազմակերպելու յաւելեալ հանդիպում մը: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս: «Մենք, անշուշտ, յոյսով ենք, որ երկու երկիրներուն...

Պրիւքսելի Մէջ Իր Աշխատանքներուն  Սկսաւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Խորհրդաժողովը

Պրիւքսելի Մէջ Իր Աշխատանքներուն Սկսաւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբերու Խորհրդաժողովը

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի կազմակերպութեամբ` 3 դեկտեմբերի 2022-ին Պրիւքսելի մէջ իր աշխատանքներուն սկսած է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը, որուն կը մասնակցին Եւրոպական Միութեան շուրջ տասը երկիրներու եւ Բրիտանիոյ մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերու եւ Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակի ներկայացուցիչները: Խորհրդաժողովի ընթացքին քննարկման առարկայ պիտի դառնայ Եւրոպայի Հայ դատի...

«Հայաստան» Դաշինքի Պատգամաւորները  Այցելեցին Գեղարքունիքի Մարզ

«Հայաստան» Դաշինքի Պատգամաւորները Այցելեցին Գեղարքունիքի Մարզ

3 դեկտեմբերին «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորներ Իշխան Սաղաթէլեանը, Սէյրան Օհանեանը, Աղուան Վարդանեանը, Գառնիկ Դանիէլեանը, Քրիստինէ Վարդանեանը եւ Արգիշտի Գէորգեանը այցելած են Գեղարքունիքի մարզ: Անոնք եղած են 13 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի նախայարձակումին պատճառով սահմանամերձ դարձած գիւղերուն մէջ, այցելած ռազմական գործողութիւններուն պատճառով զոհուած եւ անհետ կորսուած նկատուող մեր հայրենակիցներու ընտանիքներուն: Պատգամաւորները նաեւ ժողովրդային հանդիպումներ եւ իրավիճակի մասին քննարկումներ ունեցած են Արեգունի, Սոթք, Փոքր Մասրիկ,...

Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին.  «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին. «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, ուրբաթ, 2 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքին մրցանակաբաշխութիւնը, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Ուսումնական խորհուրդի անդամներու, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ մրցանակակիր աշակերտներու եւ անոնց ծնողներու: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան...

«Նոյեմբեր 9-ի Յայտարարութեամբ Ոչ Թէ Ամէն Ինչ Աւարտեցաւ, Այլ Նոր Սկսաւ` Նոր Վտանգաւոր Կացութիւններու Դէմ Յանդիման Դնելով Հայաստանն Ու Արցախը». Դոկտ. Արմէն Մարուքեան

«Նոյեմբեր 9-ի Յայտարարութեամբ Ոչ Թէ Ամէն Ինչ Աւարտեցաւ, Այլ Նոր Սկսաւ` Նոր Վտանգաւոր Կացութիւններու Դէմ Յանդիման Դնելով Հայաստանն Ու Արցախը». Դոկտ. Արմէն Մարուքեան

«Ազդակ»-ի 54-րդ առցանց  լսարանը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 2 դեկտեմբեր 2022-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Դասախօսեց Հայաստանի ազգային գիտութիւններու ակադեմիայի պատմութեան բաժնի հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան բաժնի վարիչ դոկտ. Արմէն Մարուքեան` նիւթ ունենալով եռակողմ յայտարարութեան իրաւաքաղաքական գնահատականը եւ հետեւանքները: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դոկտ. Մարուքեան միջազգային օրէնքի եւ օրինաչափութիւններու պարունակին մէջ ներկայացուց նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան...

«Յանուն Հայրենիքին Ու Հայ Դատին». Ի Նպաստ Հայ Դատին Թորոնթոյի Մէջ Հանգանակուեցաւ 132,687 Հազար Տոլար

«Յանուն Հայրենիքին Ու Հայ Դատին». Ի Նպաստ Հայ Դատին Թորոնթոյի Մէջ Հանգանակուեցաւ 132,687 Հազար Տոլար

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպած «Յանուն հայրենիքին եւ Հայ դատին» խորագիրը կրող հանգանակային ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 1 դեկտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին,  Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ: Օրուան հանդիսավար՝ Խաժակ Գուլաճեանը, բարի գալուստ մաղթեց եւ իր խօսքին մէջ նշեց Հայ դատի գրասենեակներու կատարած կարեւոր դերակատարութիւնը հայ ազգի քաղաքական իրաւունքներուն տէր կանգնելու, ապա հաստատեց, որ ձեռնարկը կը նպատակադրէ օժանդակել Հայ...

Խմբագրական.   Օրէնսդիր-Գործադիրի Նոյնացումն ու Պետական Մտածողութեան Բացակայութիւնը

Խմբագրական. Օրէնսդիր-Գործադիրի Նոյնացումն ու Պետական Մտածողութեան Բացակայութիւնը

Արցախի հարցին էութիւնը նենգափոխող Ազրպէյճանի խորհրդարանի որդեգրած յայտարարութեան դիմաց անպայման ակնկալելի էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանը հրապարակէր պատասխան յայտարարութիւն, ուր  վերաամրագրուէին Արցախի Հանրապետութեան փաստը եւ  միջազգային իրաւաչափութեան հիման վրայ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը: Այդպէս չեղաւ սակայն: Պարզ դարձաւ, որ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը համաձայն չէ եղած «Արցախի Հանրապետութիւն» եւ «ինքնորոշման իրաւունք» սկզբունքի բառակապակցութիւնները ներառելուն: Սեպտեմբերեան պատերազմական գործողութիւններու եւ անոր իբրեւ հետեւանք ազրպէյճանական զօրքերու...

Արցախի Անվտանգութեան Մասին Նախագիծը Չընդունուեցաւ. Իշխող Ուժը Չմասնակցեցաւ Քուէարկութեան

Արցախի Անվտանգութեան Մասին Նախագիծը Չընդունուեցաւ. Իշխող Ուժը Չմասնակցեցաւ Քուէարկութեան

Երէկ Արցախի ու Հայաստանի անվտանգութեան մասին ընդդիմութեան նախագիծը տապալեցաւ: Իշխող ուժը չմասնակցեցաւ քուէարկութեան, միայն ընդդիմադիրները կողմ քուէարկեցին: Իշխող խմբակցութիւնը թէեւ համաձայնեցաւ արտահերթ նիստին ընդդիմութեան յայտարարութիւնը քննարկել, բայց դէմ էր, որ անիկա ընդունուի: Ընդդիմադիր խմբակցութիւնները` «Հայաստան»-ը եւ «Պատիւ ունեմ»-ը կ՛առաջարկէին, որ Հայաստանի խորհրդարանը յայտարարութիւն ընդունի, որ Արցախը չի կրնար ըլլալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Արցախի հարցը պէտք է լուծուի ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Այս Իշխանութեան Հետ Ճամբայ Չկայ Երթալիք. Պիտի Ունենանք Նոր Պատերազմ Եւ Նոր Յանձնում»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Այս Իշխանութեան Հետ Ճամբայ Չկայ Երթալիք. Պիտի Ունենանք Նոր Պատերազմ Եւ Նոր Յանձնում»

Օրեր առաջ Ազրպէյճանի խորհրդարանը ընդունած է  յայտարարութիւն մը, որով աղաւաղել է ղարաբաղեան տագնապի ամբողջ էութիւնն ու բովանդակութիւնը եւ հակահայ բազմաթիւ ձեւակերպումներով հանդէս եկած է. Հիմա ընդդիմութիւնը նախաձեռնած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հանդէս գայ յայտարարութեամբ` դատապարտելով Ազրպէյճանի խորհրդարանի յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ շարք մը հարցերով տայ հիմնական գնահատականներ: Այս մասին երէկ` 2 դեկտեմբերին, Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց ՀՅԴ...

Գերաշնորհ Տ․ Մակար Եպս․ Աշգարեան Ընտրուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ

Գերաշնորհ Տ․ Մակար Եպս․ Աշգարեան Ընտրուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովի 172-րդ նիստը գումարուեցաւ Ուրբաթ, 2 Դեկտեմբեր 2022-ի յետմիջօրէին, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս, թեմի երեսփոխաններու, Ազգ. Կրօնական ժողովի, Ազգ. Վարչութեան եւ հիւրաբար ազգ․ մարմիններու ատենապետներու ներկայութեան` Բերիոյ Թեմի նոր առաջնորդի ընտրութեան օրակարգով։ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը ընդառաջելով Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդական ընտրութեան առնչուող թեմի խնդրանքին, պաշտօնագիրով ուղարկեց առաջնորդական ընտրելիներու եռանուն ցանկ մը։ Ժողովը այնուհետեւ...

Ակնարկ.  Պաքուն Ինչո՞ւ Կը Կրակէ

Ակնարկ. Պաքուն Ինչո՞ւ Կը Կրակէ

Պարզ էր, որ Ֆրանսայի Ազգային ժողովը Ծերակոյտի հետեւողութեամբ պիտի յանգէր նման բանաձեւի: Երեւոյթը շատ նման է 44-օրեայ պատերազմին Ֆրանսայի երկպալատ բանաձեւերուն` որոնք կոչ կ՛ուղղէին Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու: Նման բանաձեւեր խաղաթուղթ են գործադիրին համար: Օգտագործելի Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու ընթացքին: Այստեղ արդէն կը խօսուի ազրպէյճանցիներու դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու մասին, եթէ շարունակուի ներխուժումը հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներ: Քաղաքական առումով կայ անշուշտ Հարաւային Կովկասի մէջ...

Դաւիթ Իշխանեան Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամներու Հետ Քննարկած Է Արցախի Մէջ Բնիկ Հայ Ժողովուրդի Հիմնարար Իրաւունքների Ոտնահարման Հարցը

Դաւիթ Իշխանեան Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամներու Հետ Քննարկած Է Արցախի Մէջ Բնիկ Հայ Ժողովուրդի Հիմնարար Իրաւունքների Ոտնահարման Հարցը

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան եւրոպական երկիրներ աշխատանքային այցելութեան շրջանակներուն մէջ 28-30 նոյեմբերին Պրիւքսելի մէջ հանդիպումներ ունեցած է Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ, խորհրդարանին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբերի անդամներ Ֆրանսուա Ալֆոնսիի, Քոսթաս Մաւրիտեսի, Քլարա Փոնսաթիի եւ Եուոզաս Օլեքասի հետ: Հանդիպումներ տեղի ունեցած են նաեւ Պելճիքայի Ծերակոյտին մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի անդամներ Մարք Տեմեսմայքերի...

Լաւրով. «Ֆրանսան Ու Միացեալ Նահանգները Թաղած Են Մինսքի Խմբակը, Իսկ Հիմա Կը Փորձեն Միջամտել Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Ռուսիոյ Միջնորդական Ջանքերուն»

Լաւրով. «Ֆրանսան Ու Միացեալ Նահանգները Թաղած Են Մինսքի Խմբակը, Իսկ Հիմա Կը Փորձեն Միջամտել Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Ռուսիոյ Միջնորդական Ջանքերուն»

Պաքուն պատրաստ է Ղարաբաղի հայերուն տրամադրելու այն իրաւունքները, որոնք ունին Ազրպէյճանի միւս քաղաքացիները: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Ան ընդգծած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները վերջերս «աւելի շատ կը խօսին Ղարաբաղի մէջ հայերու իրաւունքներուն, քան կարգավիճակին մասին»: «Ազրպէյճան պատրաստ է Ղարաբաղի հայերուն տալու իրաւունքներու այն երաշխիքները, որոնք ունին Ազրպէյճանի միւս քաղաքացիները», ըսած է ան: Ռուսիոյ դիւանագիտութեան...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ֆրանսայի Կառավարութեան Կոչ Ուղղեց` Օրէնսդիր Մարմինի Առաջարկներուն Համահունչ Քաղաքականութիւն Կիրարկելու

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներու յղեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ներկայացուց Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ միաձայնութեամբ որդեգրուած Հայաստանին աջակցող եւ Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ առաջարկող բանաձեւի կէտերը` յիշեցնելով, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի վերին պալատը` Ծերակոյտը իր կարգին 295 թեր քուէներով նոյնանման բանաձեւ մը որդեգրած էր: Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ողջունեց Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ բանաձեւի միաձայնութեամբ որդեգրումը եւ ֆրանսական...

Page 265 of 796 1 … 264 265 266 … 796

Արխիւներ