Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մշակոյթի Նախարարութեան Եւ Համազգայինի Միջեւ Համագործակցութեան Եւ Փոխըմբռնման Յուշագիրով. Մշակոյթի Նախարարութիւնը Կը Ճանչնայ Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցները

Յունուար 27, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 27 յունուարի 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը, Շրջանային վարչութեան եւ Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան դիւանները, Շրջանային վարչութեան մօտ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը, Գեղարուեստի դպրոցներուն մօտ խնամակալութեան ներկայացուցիչը, կրթական եւ վարչական տնօրէնները, այցելեց Լիբանանի մշակոյթի նախարարութիւն, ուր տեղի ունեցաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու եւ նախարարութեան միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրի (MOU) ստորագրութիւն: Այս համաձայնագիրով Համազգայինի եւ մշակոյթի նախարարութեան միջեւ արուեստի ու մշակոյթի տարբեր բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան նոր առիթներ պիտի ստեղծուին, նաեւ` այս յուշագիրին հիմամբ, այսուհետեւ գեղարուեստի դպրոցները («Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճ, «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի եւ կարպետի դպրոցներ, «Գայեանէ» պարարուեստի եւ պալէի դպրոցներ, «Կարկաչ» երգչախումբ, «Արեգ» թատերական դպրոց) կը ճանչցուին մշակոյթի նախարարութեան կողմէ:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ շատ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Համազգայինի գործունէութիւնը, թէ հիմնադրուած է 95 տարիներ առաջ եւ տարածուած է 19 երկիրներու մէջ, ուր կը գործեն երգչախումբեր, թատերախումբեր, պարախումբեր եւ մշակոյթի այլ խմբաւորումներ: Զ. Քէշիշեան դիտել տուաւ, որ սոյն ստորագրութիւնը նոր գործակցութեան մը սկզբնաւորութիւնն է մշակոյթի նախարարութեան ու Համազգայինին միջեւ: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին` այս դժուար օրերուն Լիբանանի մշակութային կեանքին մէջ ներդրած ջանքերուն համար:

Մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մուրթատա ողջունեց հիւրերը, իր ուրախութիւնը եւ գոհունակութիւնը յայտնեց սոյն նախաձեռնութեան համար, որովհետեւ, անոր խօսքով, «Լիբանանի մէջ տիրող դժուարին կացութեան մէջ, իբրեւ մշակոյթի նախարարութիւն գեղեցիկ բան մը կ՛իրականացնենք»: Նախարարը շեշտեց, որ այս նախաձեռնութիւնը առիթ է յիշեցնելու բոլոր լիբանանցիներուն, թէ այսպիսի պայմաններու մէջ ի՛նչ պէտք է ընենք: «Ես հայ չեմ, սակայն շատ կապուած եմ հայերուն: Եթէ լիբանանցիները որոշեն  բարելաւել իրենց ընթացքը, պէտք է նային հայերուն, թէ ի՛նչ ըրին Լիբանանի մէջ հաստատուելնէն ի վեր, օրինակ առնեն անոնցմէ եւ նոյնը ընեն: Հայերը շատ վատ պայմաններու մէջ հասան Լիբանան, սակայն բնաւ չյուսահատեցան եւ որոշեցին ապրիլ եւ ապրիլ կանոնաւոր կերպով, միասնական, գործակցաբար լիբանանցիներու հետ, միշտ պահպանելով իրենց մշակոյթը», շեշտեց մշակոյթի նախարարը` աւելցնելով, թէ լիբանանցիներու հարցը այն է, որ յուսահատած են, գիտակից չեն, որ ունին այս երկիրը, որ շնորհ մըն է իրենց համար եւ որոշած են իրարու հետ չապրիլ, կորսնցնել իրենց մշակութային ինքնութիւնը եւ աւելի կապուածութիւն ունենալ դուրսի երկիրներուն հետ, քան` Լիբանանի:

«Մշակոյթի նախարարութեան հիմնական աշխատանքը պէտք է ըլլայ արթնցնել ժողովուրդը: Լիբանանցիները արթուն չեն գիտակցելու, որ ունին արժէքաւոր երկիր մը, նաեւ` թէ ի՛նչ պէտք է ընեն, որպէսզի կարենան յարատեւել, մինչ երբ դուք հասաք Լիբանան եւ յատկապէս Այնճար, որ թիթեղաշէն էր, զայն ծաղկեցուցիք եւ վերածեցիք կանոնաւոր եւ կոկիկ վայրի մը, ուր մարդիկ մաքուր կը պահեն միջավայրը, կը պահպանեն իրենց լեզուն եւ բարբառը», հաստատեց Մուրթատա` աւելցնելով, թէ այս տեսակ մարդիկ արժանի են, որ Աստուած իրենց կողքին ըլլայ եւ իրենց օգնէ:

Եզրափակելով իր խօսքը` նախարար Մոհամետ Մուրթատա ըսաւ. «Մշակոյթի նախարարութեան համար առանձնաշնորհում է գործակցիլ ձեզի հետ: Ես մեծապէս կը յարգեմ ու կը գնահատեմ ձեզ եւ կ՛ուզեմ միշտ յիշէք, որ ձեզմէ կը պահանջուի շատ բան տալ լիբանանցի ժողովուրդին, որպէսզի վերջինս դասեր քաղէ ձեզմէ, թէ ինչպէ՛ս ան որ կը տանջուի` չի յանձնուիր եւ իր ձեռքերով կը կերտէ իր ճակատագիրը»:

Աւարտին տեղի ունեցաւ համագործակցութեան եւ փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրութիւն:

 

Նախորդը

Ամերիկացի Քոնկրեսականները Բանաձեւով Կոչ Կ՛ուղղեն Պայտընին Դադրեցնելու Ռազմական Աջակցութիւնը Ազրպէյճանին

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

RelatedPosts

Շուշի Շրջանի 4 Գիւղեր Կտրուած Են  Արցախի Միւս Բնակավայրերէն
Գլխաւոր լուրեր

Շուշի Շրջանի 4 Գիւղեր Կտրուած Են Արցախի Միւս Բնակավայրերէն

Մարտ 30, 2023
Քալիֆորնիոյ Համագումարի Դատական Յանձնախումբը Ընդունած Է Արցախի Շրջափակումը  Դատապարտող Հայ Դատի Յանձնախումբի  Պաշտպանած Բանաձեւը
Գլխաւոր լուրեր

Քալիֆորնիոյ Համագումարի Դատական Յանձնախումբը Ընդունած Է Արցախի Շրջափակումը Դատապարտող Հայ Դատի Յանձնախումբի Պաշտպանած Բանաձեւը

Մարտ 30, 2023
Կալուզին Կը Հաստատէ Հայ-Ազրպէյճանական  Սահմանին Վրայ ՀԱՊԿ-ի Առաքելութեան  Տեղակայման Պատրաստակամութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին Կը Հաստատէ Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ ՀԱՊԿ-ի Առաքելութեան Տեղակայման Պատրաստակամութիւնը

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In