Երուսաղէմի մէջ փորձած են բարձրանալ Հայոց պատրիարքարանի տանիք եւ հանել խաչակիր ու Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշները, ինչպէս նաեւ երկու յարձակում կատարած հայերու վրայ: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին ճամբով հաղորդած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ հայր Աղան Գոգչեան:
Ան յայտնած է, որ 28 յունուարի ուշ երեկոյեան երկու հրեայ ծայրայեղական Հայոց պատրիարքարանի փողոցէն «Լացի պատ» երթալու ընթացքին փորձած են նախ խոչընդոտել երթեւեկը, ապա դուրս եկած են փողոց եւ հարուածներ հասցուցած աշխատանքէն տուն վերադարձող հայ երիտասարդներու ինքնաշարժին:
Երիտասարդները դուրս եկած են մեքենայէն եւ քաղաքակիրթ հարցուցած, թէ ինչո՞ւ կը հարուածեն ինքնաշարժին, եւ նաեւ նշած, որ իրենք կը յարգեն հրեաները, սակայն ատոր ի պատասխան հրեաներէն մէկը յայտնած է. «Դուք այստեղ թաղամաս չունիք: Ասիկա մեր երկիրն է, գացէ՛ք մեր երկրէն»:
Դիւանապետը գրած է. «Եւ երբ հայ երիտասարդները ըսած են. «Ասիկա նաեւ մե՛ր երկիրն է, մեր տունը այստե՛ղ է, մենք այստե՛ղ ծնած ենք, ուրիշ տեղ չունինք երթալիք», միւս ծայրայեղականը արցունքաբեր կազ փչած է հայ երիտասարդի աչքերուն, եւ երկուքով փախուստի դիմած են: Հայ երիտասարդները փորձած են հետապնդել վերջիններս, որպէսզի ոստիկաններուն յանձնեն, սակայն արցունքաբեր կազի ազդեցութիւնը չէ արտօնած, եւ հայ երիտասարդին ընկերը զայն տեղափոխած է հիւանդանոց:
Հիւանդանոցէն վերադառնալէ ետք, հայ երիտասարդները բողոք ներկայացուցած են ոստիկանութիւն: Ոստիկանները յայտնաբերած են երկու հրեայ ծայրայեղականները եւ զանոնք ձերբակալած: Անոնցմէ մէկը լուսաբացին ազատ արձակած են, իսկ արցունքաբեր կազ օգտագործածը ձերբակալուած մնացած է:
Այս դէպքէն մէկ ժամ ետք, հրեայ ծայրայեղականներու ուրիշ խումբ մը «Լացի պատ» երթալու ընթացքին, անցնելով պատրիարքարանի փողոցէն, փորձած է մագլցելով բարձրանալ Հայոց պատրիարքարանի տանիք եւ հանել պատրիարքարանի խաչակիր ու Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշները: Այդ պահուն վանքին դիմաց կանգնած հայ երիտասարդները նկատելով այդ` մօտեցած եւ արգիլած են հրեայ ծայրայեղականներու գործողութիւնները, վերջիններս փախած են եւ շուտով վերադարձած աւելի փոքր խումբով, այս անգամ` դիմակաւորուած:
Դիմակաւոր ծայրայեղականները դարձեալ փորձած են կռիւ հրահրել, հայ երիտասարդներու ուղղութեամբ օդը արցունքաբեր կազ արձակած են, հայհոյած հայերուն եւ փախած ոստիկանութեան ուղղութեամբ: Հայ երիտասարդները հետապնդած են զանոնք, եւ երբ վերջիններս տեսած են, որ հայերը զիրենք կը հետապնդեն` բղաւած են. «Ահաբեկչական յարձակո՜ւմ, ահաբեկչական յարձակո՜ւմ»:
Ոստիկանները կարծելով, որ հրեայ ծայրայեղականներու բղաւոցները ճիշդ են` փակած են հայ երիտասարդներու ճամբան, զէնքերը պահելով անոնց վրայ` ծեծի ենթարկած մէկ քանին, եւ անոնցմէ Գէորգ Քահքեճեանը ձերբակալելով` տարած ոստիկանատուն, այն մեղադրանքով, թէ վերջինս յարձակած է ոստիկանի վրայ, որ իրականութեան հետ աղերս չունի:
Գէորգ Քահքեճեանը մէկ գիշեր պահած են ոստիկանատան մէջ, յաջորդ օրը` 29 յունուարի յետմիջօրէին, Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի անմիջական միջամտութեամբ եւ դատարանի որոշումով ան ազատ արձակուած է եւ անոր տրուած է 20-օրեայ տնային կալանք: Եւ քանի որ Գէորգ Քահքեճեանը մարմնական վնասուածքներ ունի, վանքի փաստաբանին միջնորդութեամբ ոստիկանութիւնը արտօնած է, որ վերջինս բժշկական քննութեան ենթարկուի: