Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ա՛յլ Պարզաբանումներու Պահանջներ

Յունուար 30, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնները Իրանի մէջ ազրպէյճանական դեսպանատան դէմ իրականացուած յարձակումին առիթով լուսարձակներ կը բանան որոշ դիտարկումներու վրայ:

Անգարան  կը ստանձնէ Պաքուի դերը` Իրանէն պարզաբանումներ պահանջելու: Երբ ներքին կարգով չէ այդ պահանջը, այլ հրապարակային, կ՛ենթադրէ ուրեմն, որ Թեհրանին ուղղելով հարցումները, Անգարան նաեւ կ՛ուզէ բացայայտել առնուազն դէպի լարուածութիւն գացող յարաբերութիւններու այսօրուան պատկերը: Պաշտօնական Թեհրանին բացատրութիւնները, թէ միջադէպը կենցաղային հիմքի վրայ արձանագրուած է, յայտնաբար չէ գոհացուցած Անգարան:

Սուր կերպով քաղաքականացնելով խնդիրը` Անգարայի ներկայացուցիչը բաւական հեռուները գացած է աշխարհագրութիւնը ընդլայնելով: Թուրք բարձրագոյն դիւանագէտը առիթը լիարժէք օգտագործած է ներկայացնելու Ազրպէյճանի դէմ իրականացուած գործողութիւններու մինչայժմեան հանրագումարը: Յիշած է Փարիզի մէջ արձանագրուած երկու միջադէպ, Լիբանանի մէջ հայ համայնքի կազմակերպած ցոյցը` զայն որակելով «անօրինական գործողութիւն»  եւ Լոնտոնի մէջ «արմատականներ»-ու հերթական խումբի մուտքը ազրպէյճանական տարածք (իմա՛ դեսպանութիւն):

Չաւուշօղլուն առանց սպասելու ուրեմն տուած է գնահատական` Իրանի պատահարին: Երբ ազրպէյճանական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու դէմ կատարուած բողոքի գործողութիւններու շարքին դասած է Իրանի մէջ գործող ազրպէյճանական դեսպանատան վրայ իրականացուած յարձակումը` զայն  պարզապէս այդ շղթայի մէկ օղակը նկատելով:

Անգարան Թեհրանէն կ՛ակնկալէ բացայայտել դէպքը, տեղեկատուութիւն հաղորդել Ազրպէյճանին եւ պատժել պատասխանատուները:

Լրիւ Պաքուի դերով հանդէս եկող Անգարայի ուղերձը քանի մը առանցք ունի:

Իրանին եւ Իրանի ճամբով առնչուած պետութիւններուն պարզ կը դարձնէ, որ Պաքուի անունով խօսելու, Պաքուի իրաւունքները պաշտպանելու եւ Ազրպէյճանի դէմ ուղղուած գործողութիւնները ի՛րը սեպելու դիրքերէն է, որ կը խօսի Թուրքիան: Նոյնացում` թրքական եւ ազրպէյճանական պետութիւններու:

Իրանին պարզ կը դարձնէ, որ Ազրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւնները մշակելէ եւ համապատասխան գործողութիւններու դիմելէ առաջ, Թեհրանը պէտք է նկատի ունենայ, որ այդ բոլորը կ՛ընկալուին Թուրքիոյ ուղղուած:

Երբ Փարիզը, Անգլիան եւ Լիբանանը կը յիշուին իբրեւ թատերաբեմ հակաազրպէյճանական գործողութիւններու, պարզապէս անուղղակիօրէն ըսել կ՛ուզուի, որ Իրանի դէպքը եւս  մաս կը կազմէ այդ շղթային:

Այլ խօսքով, ըստ Անգարայի, տարբեր երկիրներու մէջ Ազրպէյճանի դէմ իրականացուած բողոքի ցոյցերը Իրանի մղումը ունին: Ասիկա ծանր մեղադրանք է ուղղուած Իրանին:

Իրանի մէջ գործող ազրպէյճանական դեսպանատան  պատահարին կը յաջորդէին Իսֆահանի մէջ իրանեան ռազմական գործարանի, այնուհետեւ Իրաքէն Սուրիա տեղափոխուող իրանեան շարասիւնի դէմ իրականացուած անօդաչու սարքերու յարձակումները:

Եւ եթէ այդքան նոյնացած են Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը, Թեհրանը այս բոլորին համար հաշիւ պէտք է պահանջէ Թուրքիայէն: Կը թուի արդէն, որ համատարած համոզում է, որ իսրայէլեան անօդաչուները ազրպէյճանական ռազմակայաններէ թռիչք առած են:

Յարաբերութիւններու եւ արդէն իսկ ծայր առած գործողութիւններու այս համապատկերին մէջ պէտք է քննարկել Բերձորի միջանցքի փակման երկարատեւութիւնը, «զանգեզուրեան» հոլովուող «միջանցք»-ի բացման յանկերգը, Իրանի դիրքորոշումներու վճռականութեան կամ Ծոց-Սեւ ծով ցամաքային նոր տարանցիկութեան գործարկման առարկայացման երեւոյթները:

«Ա.»

Նախորդը

Եգիպտոս Չէզոք Միջնորդութիւն Կ՛առաջարկէ Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապի Լուծման Համար

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 30 Յունուար 2023)

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?