«Մեր Ժողովուրդին Հաշուետուութիւն Կատարելու Յանձնառութիւնը Առանցքային Տեղ Կը Գրաւէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Առաքելութեան Մէջ» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Անցնող օրերուն Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ, կաթողիկոսանիստ մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ Ազգային ընդհանուր ժողովը, որ կաթողիկոսութեան բարձրագոյն ժողովն է եւ կը գումարուի չորս տարին անգամ մը: Յիշեալ ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դարաւոր ու պատմական Ս. աթոռին ենթակայ աշխարհատարած թեմերը` ներկայացնելով մեր համայնքներու ժողովուրդի զաւակները: Արդարեւ, Ազգային ընդհանուր ժողովի նիստերէն ետք, կիրակի, 11 դեկտեմբեր 2022-ին, մայրավանքի Ս....




















