Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եգիպտոս Չէզոք Միջնորդութիւն Կ՛առաջարկէ Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապի Լուծման Համար

January 30, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի եւ Եգիպտոսի նախագահները երէկ քննարկած են երկկողմանի օրակարգին, շրջանային եւ միջազգային իրավիճակին առնչուող հարցեր:

«Գաղտնիք չէ, որ Եգիպտոս իր շրջանին մէջ գերտէրութիւն է, եւ յայտնի է նաեւ, որ միջնորդական առաքելութեան մեծ փորձ ունի եւ, որ ամէնէն կարեւորն է` խաղաղութեան գաղափարախօսութեան իրականացնող, դրացիներու հետ խաղաղ ապրելու, խաղաղ գոյակցելու գաղափարախօս երկիր է: Այս առումով մենք շատ նման ենք իրար, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքականութիւնն է այդպիսին` հասնիլ շրջանին մէջ խաղաղութեան, դրացիներուն հետ ապրիլ խաղաղ, բարեկեցիկ կեանքով: Համոզուած եմ, որ մենք Եգիպտոսի փորձին կարիքը եւս ունինք», հանդիպման բաց բաժինին մէջ ըսաւ նախագահ Վահագն Խաչատուրեան:

Հանդիպումէն ետք նախագահները յայտարարութիւններով հանդէս եկան:

Վահագն Խաչատուրեան Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի այցելութիւնը պատմական որակեց, արդիւնաւէտ գնահատեց կայացած բանակցութիւնները եւ նշեց, որ իրենք խօսած են երկու երկիրներուն միջեւ այս տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած համագործակցութեան մասին քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ ոլորտներու մէջ: Ստորագրած են նաեւ շարք մը փաստաթուղթեր, որոնք, ըստ Խաչատուրեանի, սկիզբ պիտի դնեն նոր նախաձեռնութիւններու:

«Հանդիպումին անդրադարձած ենք նաեւ անվտանգային, քաղաքական եւ շրջանային նշանակութեան հարցերուն, շրջանին մէջ խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատելուն ուղղուած հայկական կողմի ջանքերուն», ըսաւ ան:

Եգիպտոսի նախագահը, իր հերթին, նշեց, որ իր երկիրը նոյնպէս առնչուած է շրջանային տագնապներու եւ իր հերթին պատրաստակամ է իր կարելի ջանքերը ներդնելու հայ-ազրպէյճանական տագնապի խաղաղ լուծման համար:

«Եգիպտոսը մինչեւ օրս կը շարունակէ տարբեր շրջանային խնդիրներու եւ տագնապներու ականատես ըլլալ, եւ պէտք է արձանագրել մէկ շատ կարեւոր հանգամանք, որ նախորդ դարու 70-ական թուականներէն սկսեալ Եգիպտոսը գնաց խաղաղութեան ճամբով եւ այդ ճամբուն վրայ բախեցաւ շարք մը խոչընդոտներու…

Ձեզի հետ ունեցած առանձնազրոյցի ընթացքին ես արձանագրեցի, որ մենք հայ-ազրպէյճանական տագնապի հարցին մէջ ունինք չէզոք դիրքորոշում եւ այս իմաստով, եթէ դուք կ՛ընդունիք մեր միջնորդութիւնը եւ կը փափաքիք, որ մենք միջնորդենք կամ նման դեր ստանձնենք, ապա մենք պատրաստ ենք», շեշտեց ան:

Պաշտօնական այցելութեան շրջանակին մէջ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին հանդիպում ունեցաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:

Եգիպտոսի նախագահը երկօրեայ այցելութեամբ կը գտնուի Հայաստան, ուր հասաւ նախանցեալ օր` Ազրպէյճանէն:

Նախորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը Վերանորոգեց Բերձորի Միջանցքի Մասին Իր Կոչը` Արցախահայերուն Կացութիւնը Նկատելով Անմարդկային

Յաջորդը

Ակնարկ. Ա՛յլ Պարզաբանումներու Պահանջներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.