Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Ներկայացուցիչները Քանատայի Խորհրդարանին Մէջ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Յարձակումի Հետեւանքներուն Վերաբերեալ Փաստեր Ներկայացուցած Են

Յունուար 27, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի տեւական աշխատանքներուն շնորհիւ 25 յունուարին Քանատայի Համայնքներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու եւ միջազգային զարգացման մնայուն յանձնախումբը գումարած է երկու առանձին նիստեր:

Նիստերը գումարուած են` համաձայն յանձնախումբին կողմէ նախորդ շաբաթ միաձայնութեամբ որդեգրուած որոշումին, որուն նախագիծը ներկայացուած էր «Քեպեքի պլոք» խմբակցութեան անդամ Սթեֆան Պերկերոյի կողմէ, որ պահանջած էր նուազագոյնը երեք հանդիպումներ, որոնց ընթացքին յանձնախումբի անդամները կարելիութիւն կ՛ունենան լսելու Արցախի Հանրապետութիւնը ներկայացնող անձերու, ինչպէս նաեւ փորձագէտներու եւ քանատահայ համայնքի ներկայացուցիչներու:

Քանատական խորհրդարանին մէջ կայացած նիստերու բացառիկ բնոյթն ու պատմականութիւնը անոր մէջ է, որ առաջին անգամ ըլլալով Արցախի Հանրապետութեան պետական ներկայացուցիչները հանդէս եկան քանատական խորհրդարանին առջեւ եւ ներկայացուցին Արցախի բնակչութեան պայքարը յանուն արժանապատիւ կեանքի: Առաջին հանդիպումին մասնակցած են ՀՅԴ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի համանախագահ Շահեն Միրաքեան, դոկտ. Թալին Փափազեան, Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան եւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան: Երկրորդ հանդիպումին մասնակցած են «Միջազգային ճգնաժամային խումբ»-ի Հարաւային Կովկասի հարցերով աւագ վերլուծաբան Օլեսիա Վարդանեան եւ Ուինտսըրի համալսարանի իրաւունքի փրոֆեսէօր Քրիսթըֆըր Ուոթըրզ:

Հրաւիրեալները, իւրաքանչիւրը իր մասով հանգամանօրէն անդրադարձած են ստեղծուած կացութեան: Կարեւոր նկատուած է Քանատայի կողմէ Ազրպէյճանի վրայ միջազգային ճնշման իրականացումը, որպէսզի վերջինս վերջ տայ իր ցեղասպան քաղաքականութեան:

Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները յանձնախումբի անդամներուն ներկայացուցած են իրական փաստեր` առնչուած մարդասիրական ծանր հետեւանքներու եւ Ազրպէյճանի ցեղասպանական յարձակումի հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան առաջնահերթութիւնները եւ ազատ ու անկախ կեանքի տեսլականը:

ՀՅԴ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ խորհրդարանական յանձնախումբի անդամներուն այս կարեւոր հարցին մէջ օժանդակութեան համար եւ հաստատակամ է շարունակելու ջանքերը` Արցախի շրջափակման վերջ տալու եւ Արցախի ձայնը լսելի դարձնելու ուղղութեամբ:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

26 յունուար 2023

 

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Եւ Հայաստանի Դեսպանը Քննարկած Են Երեւանի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթը

Յաջորդը

Ամերիկացի Քոնկրեսականները Բանաձեւով Կոչ Կ՛ուղղեն Պայտընին Դադրեցնելու Ռազմական Աջակցութիւնը Ազրպէյճանին

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?