Գլխաւոր լուրեր

Արծուիկ Մինասեան. «Մեր Ռազմավարութիւնը Պէտք Է Ըլլայ Աշխատանքը Ժողովուրդի Եւ Ազգային Հաստատութիւններուն Հետ»

Արծուիկ Մինասեան. «Մեր Ռազմավարութիւնը Պէտք Է Ըլլայ Աշխատանքը Ժողովուրդի Եւ Ազգային Հաստատութիւններուն Հետ»

«Մեր ո՛չ քաղաքական նպատակադրումներուն մէջ փոփոխութիւն կատարուած է, ո՛չ ալ տրուած գնահատականներուն մէջ: Ո՛չ «Վերածնուող Հայաստան»-ը իր տուած գնահատականները փոխած է այս իշխանութիւններուն նկատմամբ, ո՛չ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, ո՛չ ալ առհասարակ «Հայաստան» խմբակցութիւնը»: Այս մասին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան: «Մարտավարական խնդիրը չի...

«Միացեալ Նահանգներու Իշխանութիւնները Մտադիր Չեն Ռուսիան Ներառել Ահաբեկչութիւնը Հովանաւորող Երկիրներու Ցուցակին Վրայ»  Կ՛ըսէ Քարփենթըր

Միացեալ Նահանգներ Կը Շարունակեն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Ղեկավարներու Հանդիպում Կազմակերպելու Ուղիներ Փնտռել

Միացեալ Նահանգներ խորապէս ներգրաւուած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ու շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման դիւանագիտական հոլովոյթին մէջ եւ կը շարունակեն ուղիներ փնտռել երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ու ղեկավարներու միջեւ նոր հանդիպում կազմակերպելու համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Մայքըլ Քարփենթըր` պատասխանելով թուրք լրագրողի հարցումին, թէ,...

Ֆրանսայի Ծերակոյտը Ընդունած Է Հայաստանին  Աջակցող Եւ Ազրպէյճանի Նկատմամբ  Պատժամիջոցներ Առաջարկող Բանաձեւը

Ֆրանսայի Խորհրդարանը Եւս Որդեգրեց Հայաստանին Աջակցող Եւ Ազրպէյճանի Դէմ Պատժամիջոցներ Առաջարկող Բանաձեւ

Ֆրանսայի խորհրդարանը 30 Նոյեմբերին միաձայնութեամբ ընդունեց Հայաստանին աջակցող եւ Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ առաջարկող բանաձեւ։ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան Դիմատետրի էջին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, ի շարս այլ դրոյթներու, Ֆրանսայի խորհրդարանի բանաձեւը. - Կոչ կ՛ուղղէ՝ բոլոր հայ ռազմագերիներու անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակման եւ հայրենիք վերադարձի. - Կ՛առաջարկէ կառավարութեան՝ դիտարկել անհատական պատժամիջոցներու կիրարկման կարելիութիւնը՝ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ...

Բագրատունի Այցելեց Նեպիհ Պըրրիի Եւ Զօր. Ապպաս Իպրահիմի

Բագրատունի Այցելեց Նեպիհ Պըրրիի Եւ Զօր. Ապպաս Իպրահիմի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան հանրապետութեան նախագահի արագ ընտրութեան եւ այս իմաստով խորհրդարանական նիստերու կայացման հարցին վրայ: Քննարկուեցաւ նաեւ ժողովուրդը յուզող հարցերու կապակցութեամբ օրէնսդրութեան կայացման խնդիրը եւ այս ուղղութեամբ խորհրդարանին մէջ համապատասխան օրինագիծերու վճռահատման անհրաժեշտութիւնը: Բագրատունի գնահատելով երկխօսութիւն կատարելու Պըրրիի նախաձեռնութիւնը, կարեւոր նկատեց այն, որ նախագահի ընտրութիւնը...

Հերթափոխը Աւարտած Հայկական Զօրախումբի Զինուորներուն Ի Պատիւ Ընդունելութիւն` Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութեան Մէջ

Հերթափոխը Աւարտած Հայկական Զօրախումբի Զինուորներուն Ի Պատիւ Ընդունելութիւն` Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութեան Մէջ

28 նոյեմբերին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ առաքելութեան կազմին մէջ հերթափոխը աւարտած հայկական զօրախումբի զինուորներուն համար կազմակերպած էր շրջապտոյտ Լիբանանի տեսարժան վայրեր: Շրջապտոյտը կարելիութիւն ընձեռեց ծանօթանալու Լիբանանի հայկական կրօնա-մշակութային հարուստ ժառանգութեան հետ: Այդ առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան մէջ կազմակերպուած էր ընդունելութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայկական համայնքի հոգեւոր, քաղաքական եւ բարեսիրական կառոյցներու առաջնորդներ:

Ազրպէյճան Կրակ Բացաւ Հայկական  Մարտական Դիրքերուն Ուղղութեամբ

Ազրպէյճանական Զինուած Ուժերու Ստորաբաժանումները Կրակած Են Հայկական Դիրքերուն Ուղղութեամբ

29 նոյեմբերին` ժամը 00:25-3:00, Ազրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած են հայ-ազրպէյճանական սահմանագօտիի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: «Արմէնփրես»-ին այս մասին յայտնեցին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն: Հայկական կողմը կորուստներ չունի: 29 նոյեմբերին` ժամը 8:30-ի դրութեամբ, իրադրութիւնը առաջնագիծին մէջ յարաբերականօրէն կայուն է: Միւս կողմէ, Արցախի առողջապահութեան նախարարի խորհրդական Մայա Ազատեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տեղեկացուց, որ...

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն

Հայաստան» Խմբակցութիւն. «Ունեցած Ենք Անկեղծ Քննարկում, Տեղեակ Եղած Ենք «Վերածնուող Հայաստան»-ի Որոշումէն»

Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, որուն մէջ անդրադարձած է խմբակցութեան կազմին մէջ ընդգրկուած «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան պատգամաւորներու` իրենց պաշտօնէն հրաժարելու որոշումին: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան մեր գործընկերներուն հետ ունեցած ենք անկեղծ քննարկում, տեղեակ եղած ենք որոշումէն: Արձանագրենք, որ մեր միացեալ քաղաքական նպատակադրումին, սկզբունքներուն մէջ ոչինչ փոխուած է: Յարգանքով կը վերաբերինք մեր գործընկերներու որոշումին:...

Յունաստանի Խորհրդարանի Պատուիրակութիւնը Այցելած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր

Յունաստանի Խորհրդարանի Պատուիրակութիւնը Այցելած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր

Աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան հասած Յունաստանի խորհրդարանի երեսփոխաններ Փերիքլիս Մանթասը, Անասթասիոս Պարծոքասը եւ Քոնսթանթինոս Զախարիատիսը 29 նոյեմբերին այցելած են Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր` Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի եւրոպական համարկման հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արման Եղոյեանի ուղեկցութեամբ: «Արմէնփրես»-ին այս մասին յայտնեցին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն: Հիւրերը դիմաւորած եւ յուշահամալիրի ստեղծման պատմութիւնը անոնց ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի թանգարանային աշխատանքներու գծով փոխտնօրէն Լուսինէ Աբրահամեան: Ան...

Արմէն Գրիգորեան. «Հայաստանը Պատրաստակամ Է Նպաստելու Շրջանին Մէջ Անվտանգային Միջավայրի Ապահովման»

Արմէն Գրիգորեան. «Հայաստանը Պատրաստակամ Է Նպաստելու Շրջանին Մէջ Անվտանգային Միջավայրի Ապահովման»

Հայաստանը պատրաստակամ է նպաստելու շրջանին մէջ անվտանգային միջավայրի ապահովման, նախանցեալ օր Ֆրանսայի մէջ ըսած է Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան: Գրիգորեան Փարիզ կը գտնուի աշխատանքային այցելութեամբ: Ան հանդիպած է Ֆրանսայի նախագահի` Մայրցամաքային Եւրոպայի եւ Թուրքիոյ հարցերով խորհրդական Իզապել Դիւմոնի, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Մայրցամաքային Եւրոպայի վարչութեան տնօրէն Ֆրետերիք Մոնտոլոնիի, Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութեան Միջազգային յարաբերութիւններու եւ ռազմավարական ծրագրաւորման վարչութեան պետի տեղակալ...

Շիա. «Նոր Կառավարութեան Կազմութիւնը Անհրաժեշտութիւն Է, Իսկ Այդ Կազմը Պէտք Է Երեսփոխանական Ընտրութիւններ Կազմակերպէ»

«Նախագահի Ընտրութեան Հարցին Մէջ Ժամանակի Ազդակին Վրայ Գրաւ Դնելը Ի Շահ Լիբանանի Չէ» Կ՛ըսէ Շիա

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա Մարոնիներու լիկայի կեդրոնատեղի իր այցելութեան ընթացքին շեշտեց. «Անհրաժեշտ է հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրել, եւ երկրին իշխանութեան Ա. դիրքի թափուր մնալը սահմանադրական կառոյցներու աշխատանքի կանոնաւորութեան համար լաւ չէ»: «Երկարաձգումն ու ժամանակի ազդակին վրայ գրաւ դնելը ի շահ Լիբանանին չէ», յայտարարեց Շիա: Ան Մարոնիներու լիկայի նախագահ Խալիլ Քարամի եւ գործադիր մարմինի անդամներուն հետ իր հանդիպումէն...

Ակնարկ.   Քաղաքական Գնահատականի Բացակայումը Եւ Պրիւքսելի Հանդիպման Չեղարկումը

Ակնարկ. Քաղաքական Գնահատականի Բացակայումը Եւ Պրիւքսելի Հանդիպման Չեղարկումը

ՀԱՊԿ-ի հռչակագիրի Երեւանի կողմէ չստորագրուիլը բնականաբար դուռ բացած է տարատեսակ մեկնաբանութիւններու` առանց վրիպելու միջազգային լրատուամիջոցներու եւ մեկնաբաններու ուշադրութենէն: ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը որոշ փակագիծեր կը բանար այս առումով, երբ կը յայտնէր, որ ՀԱՊԿ-ը Հայաստանին օգնելու համալիր միջոցառումներ առաջարկած է. առաջարկները կը ներառեն աջակցութեան տարբեր միջոցներ` քաղաքական-դիւանագիտական, ռազմական, որոնց կարգին` Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին առաքելութեան ուղարկում` իրատեսօրէն գնահատելու համար իրավիճակը: Այստեղ կ՛ընկալուի այնպէս, որ...

Ընկերվար Միջազգայնականի Համագումարը Ազրպէյճանը Դատապարտող Բանաձեւ Ընդունած Է

Ընկերվար Միջազգայնականի Համագումարը Ազրպէյճանը Դատապարտող Բանաձեւ Ընդունած Է

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, 25-27 նոյեմբերին Մատրիտի մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի նիստը եւ համագումարը, որուն կը մասնակցէին շուրջ 80 երկիրներէ մօտ 400 պատուիրակներ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը նախապէս ներկայացուցած էր ղարաբաղեան տագնապին վերաբերող եւ Հայաստանի նկատմամբ ազրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը դատապարտող բանաձեւ, որ համագումարին կողմէ ընդունուեցաւ 27 նոյեմբերին: «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ տագնապին վերաբերեալ» բանաձեւով Ընկերվար միջազգայնականը` հաշուի առնելով 2021...

Ազրպէյճանը Սեպտեմբերեան Մարտերուն Զոհուած 13 Հայ Զինուորի Աճիւն Փոխանցած Է

Ազրպէյճանը Սեպտեմբերեան Մարտերուն Զոհուած 13 Հայ Զինուորի Աճիւն Փոխանցած Է

Ազրպէյճանը երէկ հայկական կողմին փոխանցած է 13-14 սեպտեմբերին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի պաշտպանութեան ժամանակ զոհուած 13 հայ զինուորի մարմին, կը յայտնէ պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակը: Ազրպէյճանի ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուածներու հարցերով պետական յանձնախումբը աւելի ուշ յայտնած է, որ փոխանցումը կատարուած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ: Սեպտեմբերեան մարտերուն ընթացքին, պաշտօնական տուեալներով, հայկական կողմէն 211 մարդ զոհուած է, անոնցմէ առնուազն 11-ը սպաննուած...

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ծառայող Հայոց Բանակի Զինուորները Այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ծառայող Հայոց Բանակի Զինուորները Այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք

Երկուշաբթի, 28 նոյեմբեր 2022-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի առաջնորդութեամբ, հարաւային Լիբանանի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) խաղաղապահ ուժերու մէջ ծառայող հայկական բանակի շուրջ 40 զինուորներ, իրենց հրամանատարին գլխաւորութեամբ, այցելեցին Անթիլիասի մայրավանք: Անոնք հանդիպում ունեցան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ եւ ստացան անոր հայրական օրհնութիւնը: Նախ եւ առաջ խօսք առաւ Հայաստանի դեսպանը: Ան Արամ Ա. կաթողիկոսին ներկայացուց վեց ամիսէ...

ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերու Հայկական Զօրամասի Հերթափոխի Դրօշի Պաշտօնական Յանձնման Հանդիսաւոր Արարողութիւն

ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերու Հայկական Զօրամասի Հերթափոխի Դրօշի Պաշտօնական Յանձնման Հանդիսաւոր Արարողութիւն

25 նոյեմբերին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը` Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու Խաղաղապահ զօրամասի հրամանատար, գնդապետ Արսէն Մանգասարեանի, կեդրոնի պետ, գնդապետ Համլեթ Լեւոնեանի եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ռազմական կցորդ Ալեքսան Մուշեղեանի ուղեկցութեամբ, ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի սահմանին տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային ուժերու խաղաղապահ առաքելութեան կազմի հայկական զօրախումբի հերթափոխի դրօշի պաշտօնական յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան: Հայաստանի Հանրապետութեան զինուորական ծառայողներուն հետ...

Մատրիտի Մէջ.  ՀՅ Դաշնակցութեան Պատուիրակութիւնը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի 26-րդ Համագումարի Աշխատանքներուն

Մատրիտի Մէջ. ՀՅ Դաշնակցութեան Պատուիրակութիւնը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի 26-րդ Համագումարի Աշխատանքներուն

Մարիօ Նալպանտեան Վերընտրուեցաւ Կազմակերպութեան Փոխնախագահ ՀՅ Դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը 25-27 նոյեմբեր Մատրիտի մէջ մասնակցեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի եւ համագումարի աշխատանքներուն: Համագումարի եւ խորհուրդի նիստերը Ընկերվար միջազգայնականի գլխաւոր քաղաքական իրադարձութիւններն են, երբ կ՛ընտրուի կազմակերպութեան նոր ղեկավարութիւն, կը ճշդուին յառաջիկայ տարիներու գործունէութեան քաղաքական առաջնահերթութիւնները: Սոյն նստաշրջանին կը մասնակցէին շուրջ 80 երկիրներու մօտ 400 պատուիրակներ, ներառեալ Սպանիոյ, Մոնթենեկրոյի եւ Ալպանիոյ վարչապետները, Եւրոպական Միութեան արտաքին...

Ալիեւ Եւ Փութին Քննարկած Են Հայ-Ռուս-Ազրպէյճանական Համաձայնութիւններու Կատարման Առնչուող Հարցեր

Ալիեւ Եւ Փութին Քննարկած Են Հայ-Ռուս-Ազրպէյճանական Համաձայնութիւններու Կատարման Առնչուող Հարցեր

Շաբաթ օր տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւի եւ Վլատիմիր Փութինի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Ալիեւ եւ Փութին քննարկած են Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ համաձայնութիւններու իրականացման ուղղուած հետագայ քայլերը: Քննարկման ընթացքին զրուցակիցները կեդրոնացած են շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման հարցերուն վրայ: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները...

Փութին Ռուսիոյ  Անվտանգութեան Խորհուրդի Անդամներուն Հետ Քննարկած Է ՀԱՊԿ-ի Երեւանի Վեհաժողովն Ու Փաշինեանի Հետ Հանդիպումը

Փութին Ռուսիոյ Անվտանգութեան Խորհուրդի Անդամներուն Հետ Քննարկած Է ՀԱՊԿ-ի Երեւանի Վեհաժողովն Ու Փաշինեանի Հետ Հանդիպումը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն հետ երկրին համար կարեւորագոյն այլ հարցերու շարքին քննարկած է նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ)` 23 նոյեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովն ու Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ իր հանդիպումը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Խօսելու բան կայ: Գիտէք, որ ես բոլորովին վերջերս Հայաստան էի, ուր տեղի կ՛ունենար ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովը: Բազմակողմ...

Պայրամով Ընդգծած Է Շրջանին Մէջ Հաղորդակցութիւններու Ապաշրջափակման Կարեւորութիւնը

Պայրամով Ընդգծած Է Շրջանին Մէջ Հաղորդակցութիւններու Ապաշրջափակման Կարեւորութիւնը

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հանդիպում ունեցած է Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի հետ: Կողմերը անդրադարձած են Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ այդ հոլովոյթին ուղղուած հետագայ քայլերուն: Պայրամով եւ Քլաար քննարկած են նաեւ Ուաշինկթընի մէջ Պլինքըն-Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպումին արդիւնքները եւ խաղաղութեան հաւանական համաձայնագիրի առնչուած հարցեր: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, Պայրամով ընդգծած է շրջանին մէջ հաղորդակցութիւններու...

Քաղաքական Տարակարծութեան Մակընթացութեան Մթնոլորտին Մէջ.  Լիբանան Կը Թեւակոխէ Տօնական Ոչ Նախանձելի Արձակուրդի Շրջան

Քաղաքական Տարակարծութեան Մակընթացութեան Մթնոլորտին Մէջ. Լիբանան Կը Թեւակոխէ Տօնական Ոչ Նախանձելի Արձակուրդի Շրջան

Գրեթէ ամիս մը անցած է արդէն 31 հոկտեմբերին Լիբանանի նախագահի պաշտօնավարութեան աւարտէն, եւ տակաւին երկրի վարիչները բանավէճի մէջ են նոր նախագահի ընտրութեան գծով` անոր ինքնութենէն, աշխատանքի ծրագիրէն մինչեւ ընտրութեան ճշգրիտ թուական: Փաստօրէն, առնչակից կողմերէն ոմանք կոչ կ՛ուղղեն առաջնահերթութիւն տալ նախագահի ընտրութեան, ապա «սուզուիլ» անոր գործելաձեւի ծրագիրի մանրամասնութեանց քննարկման մէջ տրուած ըլլալով, որ երկրի հրատապ  ու տարրական հարցերու (ելեկտրականութիւն, վառելանիւթ եւ...

Page 266 of 796 1 … 265 266 267 … 796

Արխիւներ