Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «Ի Տարբերութիւն Օտարերկրեայ Խաղացողներու Մեծ Մասին, Որոնք Կը Սահմանափակուին Միայն Կոչերով, Մենք Իրական Լուծումներ Կը Փնտռենք»

January 28, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբուն` Բերձորի միջանցքի փակման` Պաքուին եւ Երեւանին կոչ ուղղելով քաղաքական կամք դրսեւորելու հարցը լուծելու համար:

Անոր համաձայն, Բերձորի միջանցքի շուրջ ստեղծուած կացութեան հարցով Ռուսիոյ պաշտպանութեան ու արտաքին գործոց նախարարութիւններն ու խաղաղապահ զօրակազմը մնայուն համագործակցութեան մէջ են շահագրգիռ կողմերուն հետ, կարելի ջանքեր կը գործադրեն կացութեան լուծման ուղղութեամբ:

«Ի տարբերութիւն օտարերկրեայ խաղացողներու մեծ մասին, որոնք կը սահմանափակուին լարուածութեան թուլացման կոչեր ուղղելով, Ռուսիա «գետնի վրայ» կը փնտռէ իրական լուծումներ եւ կը ցուցաբերէ մարդասիրական աջակցութիւն: Կոչ կ՛ուղղենք Լաչինի միջանցքի ամբողջական ապաշրջափակման` 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան կէտերուն համապատասխան: Կոչով կը դիմենք Պաքուին եւ Երեւանին` դրսեւորելու քաղաքական կամք եւ լուծելու կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները», ըսաւ Զախարովա:

Ան յայտնեց, որ ռուսական կողմը կը հաստատէ իր պատրաստակամութիւնը` Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հովանիին տակ բանակցութիւններ կազմակերպելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ:

«Այդ մասին տեղեկացուցած ենք թէ՛ Երեւանին, թէ՛ Պաքուին, հրապարակաւ խօսած ենք այդ մասին: Մենք կը նկատենք, որ տեղւոյն վրայ պարբերաբար յառաջացող բարդութիւնները պէտք չէ դառնան խոչընդոտ, պատրուակ` սառեցնելու բանակցային հոլովոյթը, եւ անհրաժեշտ է կարելի եղածին չափ շուտ վերսկսելու աշխատանքը հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման բոլոր ուղղութիւններով, ներառեալ` փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը, սահմանի սահմանազատումը, խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումը, ինչպէս նաեւ քաղաքային հասարակութեան միջեւ հաղորդակցութիւնները», ըսած է Զախարովա:

 

 

Նախորդը

Քոփիրքին. «Ռուսիան Տքնաջան Աշխատանք Կը Տանի Լաչինի Միջանցքը Ամբողջութեամբ Ապաշրջափակելու Համար»

Յաջորդը

Արցախը 47-րդ Օրն Ըլլալով Ամբողջական Շրջափակման Մէջ. Արցախէն Եւս Երեք Հիւանդ Տեղափոխուած Է Հայաստան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.