«Եթէ մենք կ՛ուզենք, որ Ազրպէյճանը Արցախը հայաթափելու իր ծրագիրներուն մէջ չյաջողի, մենք ունինք մէկ ճամբայ` սեղմել ատամներն ու առջեւ երթալ», նախանցեալ օր Ստեփանակերտի տարբեր թաղամասերուն մէջ բնակչութեան հետ հանդիպումներու ժամանակ ըսած է Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան` շեշտելով. «Այդ կրնանք ընել միայն համախմբուելու միջոցով»:
Ըստ Արցախի կառավարութեան, Վարդանեան խօսած է այն մարտահրաւէրներուն եւ խնդիրներուն մասին, որոնց պետութիւնն ու հասարակութիւնը կ՛առերեսուին ազրպէյճանական շրջափակման պատճառով, ներկայացուցած է Գործադիր շտապին կողմէ ճգնաժամային իրավիճակին մէջ հրատապ խնդիրներու լուծման, ապաշրջափակման ուղղութեամբ տարբեր ոլորտներու եւ ասպարէզներու մէջ կատարուող աշխատանքները:
Հանդիպումներուն մասնակիցները վստահեցուցած են, որ ոչ մէկ շրջափակում կրնայ կոտրել հայրենի հողին մէջ իրենց արժանապատիւ կեանքը շարունակելու հաստատակամութիւնը, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Վարդանեան անցեալ շաբաթ այցելած էր Ասկերանի շրջան, հանդիպած բնակիչներուն հետ, հաւաստիացուցած, որ բոլոր միջոցներով աշխատանք կը տարուի ապաշրջափակման ուղղութեամբ:
50-րդ օրն է ազրպէյճանցիները փակ կը պահեն Բերձորի միջանցքը` Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան: