2022 թուականի դեկտեմբերի սկիզբէն Եւրոպական Միութիւնը ուշադիր կը հետեւի Լաչինի միջանցքի երկայնքին եւ ատոր շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն ու անոնց մարդասիրական հետեւանքներուն: Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ճոզեփ Պորել մնայուն կապի մէջ է երկու կողմերու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Կողմերու հետ սերտ կապի մէջ է նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին նշուած է Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Ասսիթա Քանքոյի` Բերձորի միջանցքի փակման վերաբերեալ պաշտօնական հարցումին Ճոզեփ Պորելի պատասխանին մէջ:
«Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է իր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ քայլերու ձեռնարկելու` միջանցքով տեղաշարժելու ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովելու համար` համաձայն 9 նոյեմբերի 2020-ի եռակողմ յայտարարութիւններէն բխող իր պարտաւորութիւններուն», նշուած է փաստաթուղթին մէջ:
Պորել կը յիշեցնէ, որ Փրակայի մէջ 6 հոկտեմբեր 2022-ին ձեռք բերուած համաձայնագիրի ծիրին մէջ Հայաստանի մէջ երկու ամիսով տեղակայուած էր Եւրոպական Միութեան առաքելութիւն, որ իր գործունէութիւնը աւարտած էր 19 դեկտեմբեր 2022-ին:
Անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Եւրոպական Միութեան նոր դիտորդական առաքելութեան տեղակայման:
«Եւրոպական Միութիւնը սկսած է ներգրաւուածութեան նոր փուլ` որոշելով, ի պատասխան Հայաստանի դիմումին, Հայաստանի մէջ տեղակայել Եւրոպական Միութեան քաղաքային առաքելութիւն` Անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ընդհանուր քաղաքականութեան ծիրին մէջ: Առաքելութեան նպատակն է նպաստել Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կայունութեան, այդտեղ վստահութեան ամրապնդման եւ ապահովել պայմաններ, որոնք պիտի նպաստեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած ջանքերուն, որոնց կ՛աջակցի Եւրոպական Միութիւնը», նշուած է փաստաթուղթին մէջ:
Պորել նաեւ անդրադարձած է Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորի հարցումին մէջ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն նկատմամբ սահմանափակող քայլերու կիրարկման վերաբերեալ հարցումին:
«Պատժամիջոցները Եւրոպական Միութեան ընդամէնը մէկ գործիք են արտաքին եւ անվտանգութեան ընդհանուր քաղաքականութեան նպատակները յառաջ մղելու համար, եւ այս պարագային անոնք չեն սերտուիր: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ Եւրոպական Միութեան ջանքերը կեդրոնացած են երկխօսութեան միջոցով լուծումներու հասնելու վրայ, ինչին երկու երկիրներու ղեկավարներն ալ յայտնած են իրենց յանձնառութիւնը», եզրափակած է Ճոզեփ Պորել: