Գլխաւոր լուրեր

Կազմակերպութեամբ Հայ Քաղաքական  Երեք Կուսակցութիւններուն.  Արցախի Ժողովուրդի  Զօրակցութեան Բազմամարդ Հաւաք

Կազմակերպութեամբ Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններուն. Արցախի Ժողովուրդի Զօրակցութեան Բազմամարդ Հաւաք

Կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` ՍԴՀԿ-ին, ՀՅԴ-ին եւ ՌԱԿ-ին, երէկ` երկուշաբթի, 19 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք` Արցախի ժողովուրդին հետ: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց Կալի Աւագեան, որ նաեւ ներկայացուց յայտագիրը: Այնուհետեւ առցանց խօսք առին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան եւ Արցախի Հանրապետութեան պետական...

Խմբագրական.   Բնապահպանական Շրջափակումն ու Արցախի Հարցին Վերամիջազգայնացումը

Խմբագրական. Բնապահպանական Շրջափակումն ու Արցախի Հարցին Վերամիջազգայնացումը

Ազրպէյճանի բեմադրած «բնապահպանական» գործողութիւնը այս փուլին կը հասնի իր աւարտին: Յայտարարութիւնները նկատի առած, «բնապահպաններ»-ը կ՛առաջադրէին կենսոլորտային խնդիրներ լուծել, միաժամանակ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան յանձնել, որ «ազրպէյճանական տարածքներու» մէջ հայերը կը շահարկեն Ազրպէյճանի բնական հարստութիւնները: Ասիկա շղարշային բաժինն է: Բնապահպանական պատրուակներով մարդասիրական աղէտ ստեղծել, կենսաճանապարհ փակել եւ կազատար խողովակը խափանել` Արցախի բնակչութիւնը զրկելով ջեռուցման հնարաւորութենէն: Միջազգային  արձագանգները կարելի է դասակարգել` ՄԱԿ-ի ընդհանուր...

«Եւրոպական Միութեան Դիտորդական  Առաքելութիւնը Մուտք  Չէ Գործած Լաչինի Միջանցք»  Կ՛ըսէ Քլաար

«Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութիւնը Մուտք Չէ Գործած Լաչինի Միջանցք» Կ՛ըսէ Քլաար

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար կը յայտարարէ, որ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը մուտք չէ գործած Լաչինի միջանցք: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը այս մասին յայտարարած է «Թուիթըր»-ի վրայ իր կատարած գրառումին մէջ: «Կը շրջանառուի տեսանիւթ մը Եւրոպական Միութեան առաքելութեան պարեկի կողմէ Լաչինի միջանցք տանող...

Քոնկրեսը Մտադիր Է Ընդլայնել Սուրիական  Զինեալ Ընդդիմութեան Մարզումն Ու Զինումը

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսականները Պայտընին Կոչ Ուղղած Են Ազրպէյճանի Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատելու

Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի գլխաւորութեամբ շուրջ երեք տասնեակ քոնկրեսականներ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին յղած են նամակ մը` կոչ ուղղելով վճռական քայլերու ձեռնարկելու` ապահովելու համար Արցախի հայ բնակչութեան անվտանգութիւնը: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, նամակին մէջ կը նշուի, որ 12 դեկտեմբերէն Ազրպէյճանը փակ կը պահէ Արցախը Հայաստանին ու արտաքին աշխարհին կապող միակ ճամբան` Լաչինի միջանցքը` խաթարելով 120 հազար հայերու ազատ տեղաշարժը եւ...

Քոնկրեսական Քլարք Կը Դատապարտէ Արցախի Վրայ Ազրպէյճանի Յարձակումը

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան Փոխնախագահը Կոչ Կ՛ուղղէ Ազրպէյճանը Պատասխանատուութեան Ենթարկելու

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան փոխնախագահ, քոնկրեսական Քեթրին Քլարք անհրաժեշտ կը նկատէ պատասխանատուութեան ենթարկել Ազրպէյճանը, որ արդէն 7-րդ օրն ըլլալով փակած է Արցախը Հայաստանին եւ ամբողջ աշխարհին կապող միակ ճամբան: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, Քլարք այս մասին գրառում կատարած է «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ: Ներկայացուցիչներու տան փոխնախագահը իր թուիթըրեան գրառումին մէջ նշած է. «Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը մարդասիրական ճգնաժամ է: Հազարաւոր հայերու, մասնաւորաբար...

Ֆութպոլի Աշխարհի Ախոյեանութեան  Պատմական Աւարտ. Արժանթին Աշխարհի Ախոյեան

Ֆութպոլի Աշխարհի Ախոյեանութեան Պատմական Աւարտ. Արժանթին Աշխարհի Ախոյեան

Արժանթին Հանդիսացաւ Աշխարհի Ախոյեան, Փենալթիներով` 4-2 Արդիւնքով Յաղթելով Աշխարհի Գործող Ախոյեան Ֆրանսային Երէկ` կիրակի, 18 դեկտեմբերին, վարագոյրը իջաւ Քաթարի մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալին, երբ կատարուեցաւ աւարտական հանգրուանի մրցումը` աշխարհի գործող ախոյեան Ֆրանսայի եւ Արժանթինի հաւաքականներուն միջեւ: Երկու կազմերն ալ նախապէս աշխարհի ախոյեան հանդիսացած էին երկուքական անգամ, հետեւաբար անոնցմէ մէկը իր մարզաշապիկին վրայ պիտի աւելցնէր աստղ մը եւս: Այդ աստղը...

Արցախի Կազամատակարարումը  Վերականգնուած Է

Արցախի Կազամատակարարումը Վերականգնուած Է

Արցախի կազամատակարարումը վերականգնուած է: Այդ մասին երէկ Դիմատետրի ուղիղ եթերով յայտարարեց Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան: Վարդանեան ընդգծեց, որ «դրացի պետութիւնը» կազամատակարարումը վերականգնած է առանց «որեւէ նախապայմանի, առանց մեր կողմէ որեւէ զիջումի»: Պետական նախարարը ըսաւ նաեւ, որ հաւանական է, որ բացուի նաեւ Լաչինի միջանցքը. «Այդ իրենց որոշումն է, այդ իրենք որոշած են, որովհետեւ զգացած են, որ իրենք ի՛նչ սխալ գործած...

ԵԽԽՎ-ն Երեւանին Ու Պաքուին Կոչ Կ՛ուղղէ  Անյապաղ Սկսելու Պատերազմական  Գերիներու Փոխանակումին

ԵԽԽՎ-ի Դիտորդները Կոչ Կ՛ուղղեն Վերականգնելու Լաչինի Միջանցքով Ազատ Տեղաշարժը

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ)` (Ազրպէյճանի  եւ Հայաստանի դիտարկումի գծով) չորս համազեկուցողները միացեալ յայտարարութեամբ անդրադարձած են Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած վիճակին` արտայայտելով իրենց մտահոգութիւնը ազատ տեղաշարժի ընդհատման փաստին վերաբերեալ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին կ՛ըսուի չորս համազեկուցողներու համատեղ ստորագրած յայտարարութեան մէջ: «Միջանցքի երկայնքին պէտք է արագ վերականգնուի մարդոց եւ ապրանքներու տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը: Մենք կոչ կ՛ուղղենք 9 նոյեմբեր 2022 եռակողմ...

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Մերժեց Հրայր Թովմասեանի Եւ Սահմանադրական Դատարանի 3 Նախկին Դատաւորներու Դիմումը` Ընդդէմ Հայաստանին

ՄԻԵԴ-ը Ազրպէյճանին Մինչեւ Երկուշաբթի Ժամանակ Տուած Է Պատասխան Ուղարկելու Աչինի Միջանցքը Ապաշրջափակելու` Հայաստանի Պահանջին Վերաբերեալ

Եւրոպական դատարանը 15 դեկտեմբերին Հայաստանի` մէկ օր առաջ ներկայացուցած միջանկեալ քայլեր կիրարկելու պահանջին վերաբերեալ որոշում հրապարակած է: Դատարանը որոշած է Ազրպէյճանին ժամանակ տալ մինչեւ երկուշաբթի, 19 դեկտեմբերի Ֆրանսայի ժամանակացոյցով ժամը 16:00 Հայաստանի ներկայացուցած պահանջի վերաբերեալ պատասխան ուղարկելու, որմէ ետք դատարանը պիտի տայ իր վերջնական որոշումը: Յիշեցնենք, որ Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչի գրասենեակը 14 դեկտեմբերին դիմած է Մարդու իրաւունքներու...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Եւ Անոր Անդամներուն Կոչ Ուղղեց` Ազդու Կերպով Արգելակելու Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Ծրագիրը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը 16 դեկտեմբերին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու Լիբանանի մէջ դեսպաններուն յղեց նամակ մը, որուն մէջ նշեց, որ քաղաքային հագուստներով խումբ մը ազրպէյճանցիներ 3 դեկտեմբերին բնապահպանական պատրուակով փակեցին Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղին` նշելով, որ անոնց այդ քայլը հեգնական էր, որովհետեւ անոնք լուռ էին, երբ ազրպէյճանական բանակը 2020-ին Արցախի Հանրապետութեան դէմ իր չհրահրուած յարձակումին ընթացքին արցախեան խաղաղ բնակավայրերուն դէմ...

Հանդիպում` ՀՅԴ Հայ Դատի Համաշխարհային Ցանցի Եւ Արցախի Հանրապետութեան Ներկայացուցիչներուն Միջեւ

Հանդիպում` ՀՅԴ Հայ Դատի Համաշխարհային Ցանցի Եւ Արցախի Հանրապետութեան Ներկայացուցիչներուն Միջեւ

Դեկտեմբեր 15-էն 16-ի լուսցող գիշերը ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համաշխարհային ցանցի ներկայացուցիչները հեռավար աշխատանքային հանդիպում ունեցան Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Բաբայեանի, պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեանի եւ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանի հետ: Հանդիպման մասնակցեցան ՀՅԴ Հայ դատի համակարգի շուրջ 60 ներկայացուցիչներ` աւելի քան 25 երկիրներէ, որոնց կարգին` Հայ դատի Ամերիկայի, Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի,...

Չորրորդ Օրն Ըլլալով Ազրպէյճան  Փակ Կը Պահէ Լաչինի Միջանցքը

Չորրորդ Օրն Ըլլալով Ազրպէյճան Փակ Կը Պահէ Լաչինի Միջանցքը

Երէկ չորրորդ օրն ըլլալով Ազրպէյճան շարունակեց փակ պահել Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան, կը յայտնէ Արցախի Տեղեկատուական շտապը: Հաշուի առնելով, որ Հայաստանէն Արցախ կազի մատակարարումը Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող հատուածին մէջ նոյնպէս դադրեցուած է, եւ Արցախը զրկուած է կազէ, Տեղեկատուական շտապը Արցախի բնակիչներուն կոչ կ՛ուղղէ խնայողաբար օգտագործելու ելեկտրականութիւնը եւ վառելանիւթը:

Միրզոյեան Կութիերեսին Ներկայացուցած Է  Արցախի Շուրջ Վերջին Զարգացումները

Միրզոյեան Կութիերեսին Ներկայացուցած Է Արցախի Շուրջ Վերջին Զարգացումները

Շրջանային վերջին զարգացումները, մասնաւորապէս` Ազրպէյճանի կողմէ 12 դեկտեմբերին Լաչինի միջանցքի փակումը, Լեռնային Ղարաբաղի կազամատակարարման խափանումը եւ անոնց հետեւանքով ի յայտ եկած մարդասիրական լուրջ մարտահրաւէրները ներկայացուցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ հանդիպման ժամանակ: Ընդգծուած է ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ միջազգային հանրութեան հասցէական արձագանգի անհրաժեշտութիւնը, նշուած է արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուականի հաղորդագրութեան...

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Միջազգային Համայնքին Կոչ Կ՚ուղղէ Բոլոր Միջոցներով Միջամտելու Լաչինի Միջանցքը Վերաբանալու Հարցով

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Միջազգային Համայնքին Կոչ Կ՚ուղղէ Բոլոր Միջոցներով Միջամտելու Լաչինի Միջանցքը Վերաբանալու Հարցով

Այս առաւօտ՝ Հինգշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը միջազգային համայնքին կոչ ուղղեց կարելի բոլոր ազդու միջոցներով միջամտելու, որպէսզի Ազրպէյճանի կողմէ փակուած Արցախի ու Հայաստանի միջեւ կապը երաշխաւորող Լաչինի միջանցքը վերաբացուի։ Իր կոչին մէջ Նորին Ս. Օծութիւնը անդրադառնալով Արցախի մէջ ապրող հազարաւոր հայերու՝ ընդգծեց, որ անոնք շուտով ենթակայ կրնան ըլլալ հիւանդութեան ու սովի համաճարակի։ Փաստօրէն, Ազրպէյճանի կողմէ նման...

Հզօր Սփիւռքը Անհրաժեշտ Է Հայաստանի Համար ու Հզօր Հայաստանը Անհրաժեշտ Է Սփիւռքի Հզօրութեան

Հզօր Սփիւռքը Անհրաժեշտ Է Հայաստանի Համար ու Հզօր Հայաստանը Անհրաժեշտ Է Սփիւռքի Հզօրութեան

Լիբանանի Խորհրդարանի Անդամ, ՀՅԴ Լիբանանի ԿԿ-ի Ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի Խօսքը Արտասանուած՝ ՀՅԴ 132-Ամեակին Նուիրուած Հալէպի Հանդիսութեան Ողջո՜յն ձեզի Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքին անունով: Երկու հայահոծ գաղութներ, ճակատագրակից, հոգեհարազատ համայնքներ, նոյն թշնամիին` Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի ու անոնց հովանաւորած ահաբեկչութեան թիրախ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութիւն: Ողջոյն այս բեմէն Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին, որ աննկուն կամքով դիմադրեց Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած համաշխարհային պատերազմին: Նախագահ, որ...

«Ազդակ»-ի «Տոքթ. Վեհունի Մինասեան»  Խմբագրասենեակի Պաշտօնական Բացում

«Ազդակ»-ի «Տոքթ. Վեհունի Մինասեան» Խմբագրասենեակի Պաշտօնական Բացում

Չորեքշաբթի, 14 դեկտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ  իրաքահայ վաստակաւոր գործիչ, բեղուն գրիչի տէր, «Ազդակ»-ի երկար տարիներու հաւատարիմ յօդուածագիր տոքթ. Վեհունի Մինասեանի անունը կրող խմբագրասենեակի պաշտօնական բացումը: Բացման խօսքը արտասանեց Քրիստ Խրոյեան, որ դիտել տուաւ, թէ աւանդութիւն դարձած է «Ազդակ»-ի խմբագրասենեակները կոչել մեր մամուլի գործիչներուն եւ յատկապէս «Ազդակ»-ի խմբագիրի պաշտօն վարած կամ աշխատակցածներու անուններով: «Շուրջ հինգ...

Ակնարկ.  Ծովային Սահմանագծումին Եւ Նախագահի Ընտրութեան Միջեւ

Ակնարկ. Ծովային Սահմանագծումին Եւ Նախագահի Ընտրութեան Միջեւ

Այսօր Լիբանանի խորհրդարանը հերթական անգամ հրաւիրուած է նիստի` չընտրելու համար հանրապետութեան նախագահ: Հերթական այս արարը կը տարբերի նախորդներէն այն իմաստով, որ առանց ենթահող պատրաստելու երկխօսութեան հրաւէրի յղումը մերժուած է: Ուրեմն կա՛մ անհրաժեշտ քուէահաւաքի բացակայութեամբ, կա՛մ ալ օրինաթիւ չկազմելու պատճառով պարզ է ու յստակ կանխատեսումը: Զուգահեռ սակայն կ՛ընթանան վարչաքաղաքական աշխատանքներ: Վարչապետի պաշտօնակատարը կը մեկնի Ռիատ եւ հանդիպումներ կ՛ունենայ տարբեր երկիրներու ղեկավարներուն...

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Մերժեց Հրայր Թովմասեանի Եւ Սահմանադրական Դատարանի 3 Նախկին Դատաւորներու Դիմումը` Ընդդէմ Հայաստանին

Հայաստան Դիմած Է Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան` Լաչինի Միջանցքը Ապաշրջափակել Պարտաւորեցնելու Պահանջով

Հայաստան երէկ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կանոնակարգին համապատասխան նամակով տեղեկացուցած է վերջին երկու օրերուն Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման եւ ատոր հետեւանքով Արցախի բնակիչներու իրաւունքներու խախտման մասին: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին կը յայտնեն Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչի գրասենեակէն: «Միաժամանակ, Հայաստանը դիմած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան` պահանջելով կիրառել միջանկեալ միջոցներ Ազրպէյճանի նկատմամբ եւ պարտաւորեցնել վերջինիս ապաշրջափակել Լաչինի միջանցքը: Միջազգային...

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն

«Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովը մերժեց ընդունիլ Հայաստանի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան ներկայացուցած յայտարարութիւնը Լաչինի միջանցքի փակման մասին: Այս առիթով խմբակցութիւնը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Յարգելի՛ հայրենակիցներ Ինչպէս յայտնի է, Ազրպէյճանը, խախտելով իր իսկ ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի բոլոր կանոնները, դեկտեմբերի 12-ից փակել է Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը` ստեղծելով մարդասիրական ու անվտանգային ճգնաժամ: Դադարեցուել է նաեւ կազամատակարարումը: Սա թշնամի երկրի...

Page 262 of 796 1 … 261 262 263 … 796

Արխիւներ