Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանի Դիւանը Իր Քննարկումները Պիտի Շարունակէ Յառաջիկայ Երկուշաբթի

February 14, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին` ներկայութեամբ ընդհանուր քարտուղարներ Ալեն Աունի եւ Հատի Ապուլ Հասանի, ինչպէս նաեւ դիւանի անդամներ` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ երեսփոխաններ Ապտել Քերիմ Քապպարայի եւ Միշել Մուսայի:

Նիստէն ետք խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր յայտնեց, որ խորհրդարանի դիւանը իր քննարկումները պիտի շարունակէ երկուշաբթի, 20 փետրուար 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին:

Փարիզի Խորհրդաժողովին Իրենց Մասնակցութիւնը Բերած
Երկիրներու Դեսպանները Այցելեցին Պըրրիի Եւ Միքաթիի

Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Փարիզի խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերած հինգ երկիրներու Լիբանանի մէջ դեսպանները, որոնց շարքին` Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա, Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ, Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուի, Քաթարի դեսպան Իպրահիմ Ապտել Ազիզ Սհալաուի, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանի տեղակալ Ֆարես Ամուտի` նկատի ունենալով, որ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի ճամբորդած է:

Դեսպաններուն պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի:

Հանդիպումին ընթացքին դեսպանները շեշտեցին, որ խորհրդաժողովէն հաղորդագրութիւն մը չհրապարակուիլը կը նշանակէ, թէ ժողովները բաց պիտի մնան ու պիտի շարունակուին` զօրակցելու համար Լիբանանին եւ քաջալերելու հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը:

Անոնք հաստատեցին, որ Լիբանանի նկատմամբ իսկական օժանդակութիւնը կը սկսի հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութենէն ետք, եւ ապա պահանջուած բարեկարգումներուն գործադրութեամբ:

Դեսպանները ընդգծեցին, որ հանրապետութեան նոր նախագահ մը չընտրելու ճշմարտութիւնը պիտի մղէ երկիրները, որ Լիբանանի հետ իրենց յարաբերութիւնները վերատեսութեան ենթարկեն: «Եթէ լիբանանցի երեսփոխանները իրենց պարտականութիւնները չկատարեն, ապա արտաքին աշխարհը աւելի յանձնառու պիտի չըլլայ լիբանանցի պատասխանատուներուն նկատմամբ», յայտնեցին անոնք:

Նախորդը

Տեառնընդառաջի Նախատօնակը Մեծաշուք Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Քլաար. «Թուրքիոյ Մէջ Նման Մեծ Ողբերգութեան Պայմաններուն Մէջ Ոգեւորիչ Է Տեսնել Հայաստանի Ցուցաբերած Աջակցութիւնը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.