Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չաւուշօղլու Եւ Միրզոյեան Համաձայնած Են Արագացնելու Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթը

Փետրուար 16, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ իրենց հանդիպումէն ետք ունեցան մամլոյ ասուլիս մը:

«Արմէնփրես»-ի թղթակիցին հաղորդումով Չաւուշօղլու յայտնած է. «Հայաստանը այս դժուար օրերուն մեզի իր մարդասիրական ձեռքը երկարած է եւ ցոյց տուած համերաշխութիւն եւ համագործակցութիւն:

«Այսօր հանդիպած ենք Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ: Երկրաշարժէն ետք ան մեզի այցելած է` ի նշան Թուրքիոյ հետ համերաշխութեան:

«Երկրաշարժէն անմիջապէս ետք վարչապետ Փաշինեան ցաւակցական ուղերձ յղեց մեր նախագահին եւ յայտնեց, որ պատրաստ է աջակցութիւն տրամադրելու: Վարչապետ Փաշինեանը նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Ատկէ ետք Հայաստանը մեր երկիր ուղարկեց փրկարարական խումբ, որ 8 փետրուարէն մինչեւ օրս Ատըեամանի մէջ կ՛աշխատի մեզի հետ: Անոնք փոքր աղջիկ մը եւ երիտասարդ կին մը կրցան ողջ դուրս բերել փլատակներէն», նշեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը` շնորհակալութիւն յայտնելով հայկական կողմին այս դժուար օրերուն զիրենք առանձին չձգելուն համար:

Չաւուշօղլու մանրամասնած է, որ Հայաստան 100 թոն մարդասիրական աջակցութիւն ուղարկած է աղէտէն վնասուած Թուրքիա, եւ քանակ մըն ալ ճամբան է:

«Դժբախտաբար, Հայաստանը եւս կը գտնուի երկրաշարժային գօտիի մէջ: Բոլորիս յիշողութեան մէջ կը մնայ 1988 թուականին Սպիտակի աղէտալի երկրաշարժը, որուն ժամանակ Թուրքիան եւս օգնութիւն ուղարկած էր Հայաստանին: Հայաստանը 1999 թուականին մեր երկրին մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի ժամանակ եւս մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած էր: Այդ դժուար օրերուն եւս մեզի իր մարդասիրական ձեռքը երկարած է եւ համերաշխութիւն ու համագործակցութիւն ցոյց տուած», նկատած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Ան նաեւ անդրադարձած է Միրզոյեանի հետ երկկողմանի հանդիպումին` նշելով, որ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձած են նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ ընթացող աշխատանքներուն:

«Հարաւային Կովկասի մէջ կը շարունակուի յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթը: Համոզուած ենք, որ այս օրերուն տեղի ունեցած համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ այս հոլովոյթին: Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ բնականոնացման հոլովոյթները, կը կարծեմ, պիտի նպաստեն մեր շրջանին մէջ կայունութեան եւ բարօրութեան հաստատման:

«Մեր երեք երկիրները իրենց անկեղծ քայլերով կրնան յարատեւ կայունութիւն բերել կովկասեան շրջանին մէջ», եզրափակած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Չաւուշօղլու նաեւ «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ իրենք համաձայնած են արագացնելու երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը: Ան յոյս յայտնած է, որ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ յառաջընթաց պիտի ըլլայ, ինչ որ բարենպաստ կացութիւն պիտի ստեղծէ շրջանին մէջ:

Ան նաեւ ըսած է, որ Անգարա բարձր կը գնահատէ Հայաստանի օգնութիւնը երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման հարցին մէջ:

Միրզոյեան իր կարգին յայտնած է. «Մեր այսօրուան հանդիպումը պայմանաւորուած է բազմաթիւ կեանքեր խլած աղէտով, սակայն այս դժուար պահուն գտնուելով Թուրքիա, անգամ մը եւս կ՛ուզեմ վերահաստատել շրջանին մէջ խաղաղութիւն կառուցելու, եւ մասնաւորաբար Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման ու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանի ամբողջական բացման հարցին մէջ Հայաստանի պատրաստակամութիւնը եւ ձգտումը: Այսօր մենք քննարկած ենք այս հոլովոյթին վերաբերող որոշակի մանրամասնութիւններ, ունինք համաձայնութիւն միացեալ ջանքերով վերանորոգելու Անիի կամուրջը, ինչպէս նաեւ հոգ տանելու համապատասխան ենթակառոյցներու մասին` սահմանի ամբողջական բացման ընդառաջ»:

Քըլըչ. «Միրզոյեան Հայաստանի Ժողովուրդի Ցաւակցութիւնը
Յայտնելու Համար Եկաւ Անգարա, Կարեւոր Հոլովոյթներ Կ՛ապրինք»

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժէն ետք Հայաստանի տրամադրած աջակցութեան` նշելով, որ այս փուլին ատիկա կարեւոր զարգացում է:

«Մեր աշխարհագրութիւնը, տարածքը, ուր կը գտնուինք, մեր ճակատագիրը որոշ կարեւոր գործօններէն մէկն է: Երբեմն այդ ճակատագիրը, ցաւօք սրտի, նաեւ այսպիսի աղէտներով կը ձեւաւորուի: Ցաւը, վիշտը թեթեւցնելու համար կարեւոր գործօն է շրջանային երկիրներու զօրակցութիւնը: Ինչպէս շրջանի միւս երկիրները, Հայաստանի ժողովուրդը եւս այս ցաւալի պահուն Թուրքիոյ ժողովուրդի կողքին կանգնելու ջանք գործադրած է` փրկարարական ջոկատներ ուղարկած, նաեւ մարդասիրական օգնութիւն բեռնատարներով, որոնցմէ վերջին երկուքը` երէկ երեկոյեան: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարն ալ Հայաստանի ժողովուրդի ցաւակցութիւնը յայտնելու համար եկաւ Անգարա եւ հանդիպեցաւ մեր արտաքին գործոց նախարարին հետ: Ի հարկէ, ասոնք այս փուլին մէջ կարեւոր զարգացումներ են: Հայաստանի ցուցաբերած այս զօրակցութիւնը, ի հարկէ, պիտի չմոռնանք: Ասիկա շատ կարեւոր իրադարձութիւն է: Միեւնոյն ժամանակ, ցաւերը կրնան մօտեցնել մարդիկը: Կարեւոր հոլովոյթներ կ՛ապրինք», պատասխանելով «Արմէնփրես»-ի թղթակիցի հարցումին` ըսած է Քըլըչ:

Արարատ Միրզոյեան Այցելեց Ատըեաման

Թուրքիա գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այցելած է երկրաշարժէն տուժած Ատըեաման քաղաք, ուր հանդիպած է 8 փետրուարէն որոնողափրկարարական աշխատանքներ իրականացնող հայ փրկարարական խումբին:

Միրզոյեանին ներկայացուած է աղէտէն տուժած քաղաքին մէջ հայ փրկարարներու կողմէ կատարուած աշխատանքները, որոնցշնորհիւ կարելի եղած է փլատակներէն դուրս բերել երեք մարդու:

Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ ծանօթացած է Հայաստանի կողմէ  ուղարկուած մարդասիրական օգնութեան բաշխման գործընթացին:

Թուրքիոյ 6 փետրուարի աւերիչ երկրաշարժի զոհերու թիւը  արդէն իսկ անցած է 35 հազարը: Հայաստան մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է աղէտէն տուժած տարածքներ` 1993-էն փակուած Մարգարայի կամուրջով: Աւելի կանուխ ալ հայ փրկարարներու 27 հոգինոց խումբ մը մեկնած է Թուրքիա:

 

 

Նախորդը

Քլաար Միրզոյեանի Թուրքիա Այցելութիւնը Պատմական Կ՛որակէ

Յաջորդը

Խմբագրական. Վարդանանք-Վահանեանքը Յանգեցան Նուարսակի Արժանապատիւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?