Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխատաւորական Եւ Փոխադրութեան Համադաշնակցութիւններու Ճշդած Այսօրուան Ընդհանուր Գործադուլը Կ՛առկախուի

February 16, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի տագնապները հետզհետէ աւելի կը սրին, իսկ քաղաքական առումով ամէն բան կը մնայ տեղքայլի մէջ:

Սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքի սակը հասած է շուրջ 77.000 լ. ոսկիի` աղքատի սեղանէն խլելով նոյնիսկ բանջարեղէնով սնանելու կարելիութիւնը:

Ճիշդ է, որ երկրի վիճակին բարելաւման նկատմամբ իր յոյսը օրըստօրէ կորսնցնող լիբանանցին հակուած է աւելի քան երբեք որդեգրելու յուսահատութեան ուղին, սակայն կարգ մը շրջաններու, ինչպէս` Թրիփոլիի, Պէյրութի եւ Մեթնի մէջ երէկ գործադրուեցան բողոքի ցոյցեր` ընդդէմ տիրող տագնապալի կացութեան:

Այս շրջագիծին մէջ Դրամատուներու միութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ դրամատուները ցնոր տնօրինում պիտի շարունակեն իրենց յայտարարած բաց գործադուլը` աւելցնելով, որ միութիւնը իր կեցուածքները յստակ կերպով պիտի բացատրէ` հաղորդագրութիւններու ընդմէջէն:

Միւս կողմէ, Դրամատուներու միութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆատի Խալաֆ յայտնեց, որ դրամատուները Կեդրոնական դրամատան մօտ ունին 82 միլիառ տոլարի պահ գումար եւ բաժնետոմսեր, որոնք տեսանելի են Կեդրոնական դրամատան հաշուեկշիռին մէջ, «հետեւաբար լիբանանեան պետութիւնը եւ ապա Կեդրոնական դրամատունը պէտք է ընդունին այս իրականութիւնը», ըսաւ ան:

Խալաֆ յայտնեց, որ դրամատուներու փակման պարագային, անոնք դրամատան մէջ պահ դրուած գումարներուն 5 կամ 6 տոկոսը միայն կրնան ապահովել:

Միւս կողմէ, վառելանիւթ ներածող ընկերութիւններու համախմբումի նախագահ Մարուն Շամմաս յայտնեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը պէտք է հրապարակէ ելեկտրոնային հարթակ-յաւելուած մը, որ լիբանանեան դրամանիշով ճշդէ վառելանիւթին սակը, «եթէ անկարելի է վառելանիւթի սակը ամերիկեան տոլարով ճշդել», ըսաւ ան:

Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Շամմաս յայտնեց, որ հարցը այն է, թէ իրենք ամերիկեան տոլարով կը գնեն վառելանիւթը, իսկ տոլարի փոխարժէքը ամբողջ օրուան ընթացքին անկայուն վիճակի մը մէջ կը գտնուի:

Միւս կողմէ, Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս հանդիպում մը ունեցաւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի հետ:

Քննարկուեցան համադաշնակցութեան պահանջները:

Հանդիպումէն ետք Թլայս յայտնեց, որ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան հետ խորհրդակցելէ ետք, Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը որոշած է այսօրուան իր բաց գործադուլն ու նստացոյցերը առկախել:

Նախորդը

Պըրրի Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Վոլոտին. «Հայ-Ազրպէյճանական Կարգաւորումը Պէտք Է Հիմնուած Ըլլայ Եռակողմ Յայտարարութեան Վրայ»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.