Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Իր Թեմերով, Կառոյցներով, Մարմիններով, Իր Բոլոր Կարելիութիւններով Սուրիահայութեան Հետ Է»

Փետրուար 18, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հովուապետական
Զօրակցական Այցելութիւնը Սուրիահայութեան

Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժին լոյսին տակ, հինգշաբթի, 16 փետրուար 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ հովուապետական զօրակցական այցելութեամբ շքախումբով հասաւ Հալէպ` գօտեպնդելու սուրիահայութիւնը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան զօրակցութիւնը յայտնելու անոր:

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ղօղանջին ներքեւ, վեհափառ հայրապետը դիմաւորուեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանի, Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական-հիւպատոս Բաբգէն Պատալեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական առաքելութեան խումբի պատասխանատուին, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեանի, Ազգային երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան անդամներուն, հալէպահայ երեք կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, հալէպահայ մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններու` Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, ՍՕ Խաչի, ՀԲԸՄ-ի, ՀԵԸ-ի, Նոր սերունդ, Կրթասիրաց, Ազգային մշակութային, Գերմանիկ Վասպուրական մշակութային միութեանց, կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն, եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներուն, դպրաց դասերուն, ՍԵՄ-ի, Սուրիոյ պատանեկան միութեան անդամներուն, ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր սկաուտներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ:

Վեհափառ հայրապետի շքախումբին մաս կը կազմէին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան համաատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն եւ Բերիոյ հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, գաւազանակիր Սարգիս վրդ. Աբրահամեան, Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան եւ Զաւէն վրդ. Նաճարեան:

Եկեղեցւոյ մուտքին տեղի ունեցաւ աղ ու հացի աւանդական օրհնութիւն, Համազգայինի «Սարդարապատ» պարախումբի պարմանուհիներուն տարազաւոր ներկայութեամբ, ապա վեհափառ հայրապետը թափօրով եւ դպրաց դասի «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր հանդիսապետեց Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին նուիրուած սուրբ եւ անմահ պատարագին` հոծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեան: Պատարագը մատուցեց Զարեհ քհնյ. Շաքարեան:

Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան հոգեւորականաց դասուն, Ազգային իշխանութեան, միութիւններուն եւ հալէպահայութեան անունով ողջունեց վեհափառ հայրապետը եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ երկրաշարժէն փրկուած հալէպահայութիւնը արժանի դարձաւ վեհափառ հայրապետին զօրակցական այցելութեան:

Արամ Ա. կաթողիկոս ժողովուրդին ուղղեց իր հայրապետական պատգամը` ըսելով. «Եկած եմ Հալէպ ձեր ցաւը բաժնելու, ձեր մտահոգութիւնը իմանալու եւ երկրաշարժին յառաջացուցած վնասներուն աւելի մօտէն տեղեակ դառնալու»: Ապա վեհափառը ըսաւ. «Հրաշք է մեր գոյութիւնը այսօր, փոքր ազգ եղանք, սակայն Աստուծոյ դառնալով, Աստուծոյ ներկայութեամբ մեր կեանքը հզօրացնելով գոյատեւեցինք. այսօր մեր ժողովուրդը տագնապի մէջ է փաստօրէն ամէն տեղ, Հայաստանի մէջ, Ղարաբաղի մէջ, Լիբանանի մէջ, Սուրիոյ մէջ եւ ամէնուր: Տագնապին ձեւը, տարողութիւնը տարբեր է, սակայն ըստ էութեան մեր ազգը տագնապներով շրջապատուած է, տագնապներով լեցուն է մեր կեանքը: Այս պայմաններուն մէջ մենք պէտք չէ յուսահատինք, այլ մեր հաւատքով հզօրացած պէտք է դառնանք Աստուծոյ` միշտ ըսելով. «Դուն ես, Աստուած, մեր կեանքի հզօրութեան աղբիւրը»»:

Արամ Ա. կաթողիկոս հաստատեց. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր թեմերով, կառոյցներով, մարմիններով, իր բոլոր կարելիութիւններով ձեզի հետ է, սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց, Սուրիոյ տարածքին հաստատուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ: Կը ցաւիմ, որ մենք վնասներ, մահեր ունեցանք այստեղ, նաեւ նախկին Կիլիկեան աշխարհի մեր քաղաքներուն մէջ` Մալաթիա, Մարաշ, Իսկենտերուն… այս բոլորը կը յիշենք այսօր, որպէսզի Աստուած իր երկնքի թագաւորութեան մէջ ընդունի հոգիները զոհերուն, շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ բոլոր հիւանդներուն, վիրաւորներուն: Տակաւին վիրաւոր են մեր ժողովուրդի զաւակները, գիտեմ. յառաջիկայ ժամերուն աւելի մօտէն ամբողջական կերպով պիտի իմանամ, թէ ի՛նչ են կարիքները, մտահոգութիւնները մեր ժողովուրդի զաւակներուն, եւ մեր կարելին, գերագոյնը պիտի կատարենք, որպէսզի ձեր ցաւերը բուժուին, ձեր մտահոգութիւնները վերանան, որպէսզի կարենանք միասնաբար ծառայել մեր ժողովուրդի զաւակներուն»:

Վարդանանց տօնը յիշատակելով` վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը Ղեւոնդներ ու Վարդաններ տուաւ, որոնք վասն հաւատոյ ու վասն հայրենեաց գիտակցօրէն ու հաւատքով Աւարայր գացին եւ իրենց արիւնը թափեցին: Հետեւաբար, մեր կեանքի տագնապներուն ու չարիքներուն դիմաց պէտք չէ ընկճուինք:

Եզրափակելով` ան ըսաւ. «Այս պահուն, այս սրբազան խորանէն ես կոչ կ՛ուղղեմ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ամէն տեղ. մեզի համար սրբազան պարտաւորութիւն է օգնել Սուրիոյ հայերուն եւ մասնաւորաբար Հալէպի հայերուն, տանք ինչ որ կրնանք եւ մասնակից դառնանք Սուրիոյ հայութեան վերականգնումին»:

Պատարագէն ետք, վեհափառ հայրապետը լրատուամիջոցներուն դիմաց հետեւեալ կոչը ուղղեց միջազգային ընտանիքին` չեղեալ նկատելու Սուրիոյ վրայ սահմանուած պատժամիջոցները եւ փութալու աղէտահար ժողովուրդի օգնութեան:

Հանդիպում` Ժողովուրդին Հետ

Ս. պատարագի աւարտին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում եւ աջահամբոյր:

Արամ Ա. կաթողիկոս այս առիթով շնորհաւորեց Մակար եպս. Աշգարեանը` Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուելուն առիթով եւ գնահատեց ընտրութեան առաջին իսկ օրէն իր բերած ծառայութիւնը, յատկապէս աղէտալի երկրաշարժի օրերուն, երբ ժողովուրդի զաւակներուն կողքին կանգնելով գօտեպնդեց զանոնք: Վեհափառ հայրապետը գնահատանքով անդրադարձաւ նաեւ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն Բերիոյ հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի ծառայութեան: Ան գնահատեց Ազգային երեսփոխանական ժողովը, Ազգային վարչութիւնը, Կրօնական ժողովը եւ բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն ազգանուէր գործունէութիւնը` յայտնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան զօրակցութիւնը, եւ հրաւիրեց բոլորը յառաջիկայ օրերուն միասնաբար աշխատելու` հալէպահայութեան կեանքը վերականգնելու ի խնդիր:

Ժողովուրդի զաւակները միասնաբար երգեցին «Ի Վեհ Բարձանց»-ը, «Թէ հայրենեաց»-ը եւ «Կիլիկիա» մաղթերգը:

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Այցելութիւնները
Հալէպի Երկրաշարժէն Վնասուած Շրջաններ

Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժէն ետք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս Հալէպ կատարած իր հովուապետական զօրակցական այցելութեան շրջագիծին մէջ, հինգշաբթի, 16 փետրուար 2023-ի միջօրէին, իր շքախումբով այցելեց նախ երկրաշարժին պատճառով նիւթական վնասներ կրած Կիլիկեան Ճեմարան եւ մօտէն ծանօթացաւ անոր կրած վնասներուն:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ճիշդ է, որ այս ցաւալի, մտահոգիչ պայմաններուն մէջ կը հանդիպինք, սակայն կ՛ուզեմ հաստատել, որ հալէպահայութիւնը կանգուն է եւ վճռած է շարունակել վերականգնումի իր հաւաքական աշխատանքը: Անցնող տարիներուն դժուարութիւններ ունեցանք: Այսօր տագնապը տարբեր է, սակայն բոլոր տագնապներուն դիմաց պէտք է ունենանք հաւատք, յոյս եւ միասնական աշխատանք»:

Ան աւելցնելով ըսաւ. «Հայ դպրոցին մէջ հայ աշակերտը կը կազմաւորուի: Մարդակերտումը եւ հայակերտումը հայ դպրոցին դրօշը կը կազմեն: Այս դրօշին ներքեւ հսկայ աշխատանք կը կատարուի հայ դպրոցին մէջ: Վստահ եմ, որ նոյն նախանձախնդրութեամբ ու նոյն նուիրումով այս դպրոցին մէջ ալ նման աշխատանքը կը տարուի»:

Վեհափառ հայրապետը գնահատեց Կիլիկեան Ճեմարանի տեսչութիւնը, ուսուցչական կազմը, խնամակալութիւնը եւ բոլոր ծնողները` մաղթելով, որ հակառակ տիրող դժուարութիւններուն, միասնաբար շարունակեն կրթութեան եւ դաստիարակութեան նուիրեալ աշխատանքը:

Այնուհետեւ, վեհափառը այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան որոնողափրկարարական խումբին գործուղուած «Շաար» թաղամասը, ուր ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը սգերգ նուագեց: Վեհափառ հայրապետը ծանօթացաւ տարուած փրկարարական աշխատանքին, որմէ ետք ան այցելեց Ազիզիէ թաղամասին մէջ փուլ եկած շէնքը, ուր հայ ընտանիքը կը բնակէր: Վեհափառ հայրապետը հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեց երկրաշարժին պատճառով զոհուած հայ ընտանիքի երկու անդամներու հոգիներուն խաղաղութեան համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին սգերգով այցելութիւնները վերջ գտան:

Վեհափառ Հայրապետը Շքախումբով Ցաւակցական
Այցելութիւն Տուաւ Հալէպի Նահանգապետին Եւ Կուսակցապետին

Հինգշաբթի, 16 փետրուար 2023-ի յետմիջօրէին,  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հոգեւորականներէ եւ ազգայիններէ բաղկացած շքախումբով ցաւակցական այցելութիւն տուաւ Հալէպի Նահանգապետ Հիւսէյն Տիապին, նահանգապետարանի իր գրասենեակին մէջ:

Զօրակցելով Սուրիոյ ժողովուրդին` Արամ Ա. ցաւակցութիւն յայտնեց Հալէպի նահանգապետին` աղէտալի երկրաշարժին հետեւանքով զոհուած սուրիացիներուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց բոլոր վիրաւորներուն:

Նահանգապետը, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին` վշտակցութեան եւ ցաւակցական այս այցելութեան համար:

Աւելի ուշ վեհափառն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը ցաւակցական այցելութիւն տուին նաեւ Հալէպի կուսակցապետ Ահմետ Մանսուրին:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ցաւակցութիւն յայտնեց Հալէպի կուսակցապետին` աղէտալի երկրաշարժին հետեւանքով զոհուած սուրիացիներուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց բոլոր վիրաւորներուն:

Կուսակցապետը, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին` վշտակցութեան եւ ցաւակցական այս այցելութեան համար:

 

 

 

Նախորդը

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ. Մասնակիցները Ծանօթացման Հարցազրոյցի Պատրաստութեան Եւ Զայն Վարելու Հոլովոյթին

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Կը Ցաւակցի Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ասատին

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?