Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը, Գերագոյն Մարմինի Անդամներն ու «Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Սուրիոյ Դեսպանին Հետ

February 13, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

10 փետրուարին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ, ՀՅԴ Բիւրոյի, Հայաստանի Գերագոյն մարմինի եւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներու միացեալ պատուիրակութիւնը այցելած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան դեսպանատուն:

Դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեանին ՀՅ Դաշնակցութեան համահայկական ընտանիքին անունով Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յայտնած է Սուրիոյ ղեկավարութեան ու ժողովուրդին ուղղուած ցաւակցութիւններն ու զօրակցութիւնը: Ան յոյս յայտնած է, որ տասնամեայ ահաբեկչական պատերազմէն վէրքերը բուժող Սուրիան եւ անոր ժողովուրդը կը յաղթահարեն նաեւ այս աղէտը եւ կ՛ուղղեն իրենց մէջքը:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նշած է, որ աղէտէն քանի մը ժամ ետք զօրաշարժի ենթարկուած են ամբողջ աշխարհի դաշնակցական կառոյցներն ու ուղեկից միութիւնները` Սուրիոյ ժողովուրդին եւ Սուրիոյ մէջ բնակող մեր հայրենակիցներուն ըստ կարելւոյն լայն օժանդակութիւն ապահովելու համար:

Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՅԴ-ի լայն աջակցութեան եւ ցաւակցութիւններու համար: Ան իր երկրին անունով յատուկ գնահատած է անցնող տարիներուն Դաշնակցութեան կողմէ իրականացուած մարդասիրական օգնութիւնը եւ աջակցութիւնը: Դեսպանը կարեւոր նկատած է հայ փրկարարներու ներկայութիւնը աղէտի գօտիին մէջ` նշելով, որ միջազգային սահմանափակումներու պատճառով երկրին մէջ այդ հարցով կար բաւական մեծ բաց, որ կրնան  լրացնել նաեւ հայ փորձառու փրկարարները: Դեսպանը յատուկ յուզմունքով նշած է, որ աղէտի առաջին ժամերէն սկսեալ բազում երեւանցիներ շտապած են դեսպանատան մօտ, անգամ որեւէ կապ չունենալով Սուրիոյ հետ, իրենց վշտակցութիւնը արտայայտած են եւ ծաղիկներ դրած դեսպանատան դիմաց:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Դաշնակցութեան կառոյցները տարբեր երկիրներու մէջ ջանքեր կը գործադրեն Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նկատմամբ միջազգային շրջափակման վերացման եւ այդ երկիր մարդասիրական օգնութեան առաքման ուղղութեամբ:

Հանդիպման աւարտին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ՀՅԴ-ի անունով գրառում կատարած է սգոյ մատեանին մէջ: Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայաստան-Սուրիա պատգամաւորական բարեկամութեան խումբին անունով սգոյ մատեանին մէջ գրառում կատարած է նաեւ այդ խումբի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան:

 

 

Նախորդը

Փաթել. «Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Հաստատումը Կը Շարունակէ Մնալ Ուաշինկթընի Առաջնահերթութիւններու Շարքին»

Յաջորդը

Հայաստան Ցամաքային Սահմանով 100 Թոն Մարդասիրական Օգնութեամբ Բեռնաւորուած Բեռնատարներ Ուղարկած Է Թուրքիա

RelatedPosts

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

September 26, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի  Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար  Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»
Հայկական

Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.