Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իմ Ձայնս Միացնելով Սուրիոյ Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու Հաւաքական Ձայնին, Կոչ Կ’ուղղեմ Միջազգային Համայնքին Վերջ Տալու Սուրիոյ Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցներուն Եւ Կարելի Փութով Օժանդակելու Սուրիոյ Ժողովուրդի Անհրաժեշտ Կարիքներուն». ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Փետրուար 16, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Կոչը Միջազգային Ընտանիքին՝
Երկրաշարժէն Ետք
Սուրիահայութեան Հովուապետական Զօրակցական Այցելութեան Առիթով

«Ինծի համար միշտ յատուկ ուրախութիւն եղած է ըլլալ Սուրիոյ մէջ. այն երկրին, որ Ցեղասպանութենէն ետք ընդունեց ջարդէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի զաւակներն ու իր հայրենիքը եւ հացն ու ջուրը բաժնեց իրենց հետ: Աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդի զաւակները երբեք չեն մոռնար Սուրիոյ ժողովուրդին ցուցաբերած սէրը, վստահութիւնն ու զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին նկատմամբ:

«Այսօր սակայն վշտաբեկ սրտով ու ցաւով կ՛այցելեմ Սուրիա եւ ականջալուր ու ականատես կ՛ըլլամ երկրաշարժին յառաջացուցած ահաւոր քանդումներուն ու մարդկային զոհերուն, ինչպէս նաեւ հարազատներ կորսնցուցած անհատներու եւ անտուն մնացած բազմաթիւ ընտանիքներուն: Փաստօրէն, ահաւոր ողբերգութեան մը դիմաց կը գտնուի այսօր Սուրիան: Երկրաշարժին ծանր հետեւանքները կրնան աւելի ծաւալիլ, եթէ կարելի փութով ազդու միջոցներու չդիմուի:

«Հետեւաբար, միջազգային համայնքը չի կրնար անտարբեր մնալ մարդկային այս ահաւոր ողբերգութեան նկատմամբ: Նման կացութեան դիմաց անհրաժեշտ է մէկդի դնել քաղաքական մօտեցումներ ու դիրքորոշումներ եւ իբրեւ մարդկային նոյն ընտանիքին պատկանող անձեր ու ազգեր անհրաժեշտ է իրարու օգնել: Ինչպէս Աստուածաշունչը կ՛ըսէ, երբ մարմնին մէկ անդամը ցաւի, ամբողջ մարմինը կը ցաւի (Ա.Կր 12.26): Այսօր, միջազգային համայնքը եւ անոր պատկանող բոլոր ազգերն ու երկիրները կոչուած են օժանդակելու Սուրիոյ: Արդ, սա պահուն իմ ձայնս միացնելով Սուրիոյ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու հաւաքական ձայնին, կոչ կ՛ուղղեմ միջազգային համայնքին վերջ տալու Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն եւ կարելի փութով օժանդակելու Սուրիոյ ժողովուրդի անհրաժեշտ կարիքներուն, որպէսզի արդէն տնտեսական տագնապի մատնուած սուրիացի ժողովուրդը կարենայ դուրս գալ իր ներկայ ահաւոր տագնապէն»:

16 Փետրուար 2023
Հալէպ, Սուրիա
Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

RelatedPosts

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?