ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Ներկայացուցիչները Հանդիպած Են Արցախի Հանրապետութեան Կառավարութեան Ներկայացուցիչներուն
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Արցախի նկատմամբ ազրպէյճանական ցեղասպան քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումներուն պատճառով ստեղծուած իրավիճակը քննարկելու եւ Արցախի հանդէպ միջազգային զօրակցութիւն ապահովելու համար 13 դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Հայաստանի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան մէջ տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի ներկայացուցիչներու հանդիպումը: Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան ներկայացուցիչները ներկայացուցած են ստեղծուած իրավիճակը,...




















